Արխիւ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

Yerevan Jazz Fest-ի այս տա­րուան փա­ռա­տօ­նը նուի­րուած է ա­նուա­նի ա­մե­րի­կա­հայ ե­րա­ժիշտ, «Կրեմ­մի» մրցա­նա­կի դափ­նե­կիր Ճորճ Ա­ւա­գեա­նին, որ կը հա­մա­րուի ա­մե­րի­կեան ճազ ար­հես­տի հիմ­նա­դի­րը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

Քուէյ­թա­հայ յայտ­նի ազ­գա­յին գոր­ծիչ ու բա­րե­րար Կի­րա­կոս Գու­յում­ճեան հար­ցազ­րոյց մը տուաւ «Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջին։ Ան սերտ կա­պեր մշա­կած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի հետ եւ այդ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ա­ռա­ւել յատ­կան­շա­կան կը դարձ­նէ իր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք ի­րեն հետ կա­տա­րուած հար­ցազ­րոյ­ցը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ վա­ղը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի տան­տի­րու­թեամբ պի­տի գու­մա­րուի ՀԱՊԿ-ի Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի նիս­տը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

Արտաքին գործոց նախարարը հանդէս եկաւ ԵԽԽՎ-ի լիագումար նիստին ընթացքին:
Չավուշօղլու անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին եւ Երեւանի հետ յարաբերութիւններուն:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը հետզ­հե­տէ կը խո­րա­նայ եւ դժբախ­տա­բար մարդ­կա­յին ող­բեր­գու­թեան զու­գա­հեռ տա­կաւ ի­րա­կա­նու­թիւն կը դառ­նան վատ­թա­րա­գոյն վար­կած­նե­րը։ Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, որ այս ճգնա­ժա­մը Սու­րիա­յով եւ ա­նոր հա­րե­ւան Ի­րա­քով չի սահ­մա­նա­փա­կուիր եւ մի­ջազ­գա­յին հար­թու­թեան վրայ լուրջ լա­րուա­ծու­թեան մը պատ­ճառ դար­ձած է։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ արհեստավարժներուն առաջին գագաթաժողովը՝ համաեւրոպական մակարդակով:
15 երկիրներէ շուրջ 50 մասնակիցներ կանգ առին նոր գաղափարներու մշակման եւ նոր նախաձեռնութիւններու վրայ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

Սուրիոյ դժոխքէն խոյս տալով Գալուստեաններու ընտանիքը երէկ հասաւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը՝ գերադասելով անվտանգութիւնը:
Գոհար Գալուստեան. «Պզտիկներս եւ ամուսինս հանեցին քարերու տակէն, վիրաւորուած էին, փառք Աստուծոյ՝ Տէրը բուժեց զանոնք»:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

ՅԱ­ԿՈԲ ՔՈՐ­Թ­­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Ո­րո­շած էի սու­րիա­հա­յու­թեան եւ ընդ­հա­րա­պէս Սու­րիոյ ներ­կայ պա­տե­րազ­մին մա­սին չգրել ու չար­տա­յայ­տուիլ, ո­րով­հե­տեւ վստահ եմ, որ ո՛չ գրե­լը եւ ոչ ալ ար­տա­յայ­տուիը բան կրնան փո­խել: Քա­րա­ցած միտ­քերն ու կարծ­րա­ցած սիր­տե­րը, ի զօ­րու չեն ո­չինչ փո­խե­լու, ընդ­հա­կա­ռա­կը այդ քա­րա­ցած միտ­քերն ու կարծ­րա­ցած սիր­տե­րը մի միայն ի­րենց «Ե­Ս­»ին մա­սին է, որ կը մտա­ծեն:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

Գո­հարն ու իր ըն­տա­նի­քը ե­րէկ Ե­րե­ւան հա­սան: Պա­տե­րազ­մի դաշ­տէն ա­զա­տած Գա­լուս­տեան­նե­րը նոր կեան­քի մը պի­տի սկսին Հա­յաս­տա­նի մէջ: Բա­ւա­կան եր­կար ճա­նա­պարհ մը կտրե­լէ ետք Գո­հար իր եր­կու փոք­րիկ­ներն ու ա­մու­սի­նը հիւ­րըն­կա­լուե­ցան ե­րե­ւան­ցի ըն­տա­նի­քի մը կող­մէ, ո­րուն ան­դամ­նե­րը նոյ­նիսկ չու­զե­ցին ե­րե­ւիլ տար­բեր կա­յան­նե­րու հե­ռուս­տախ­ցիկ­նե­րուն առ­ջեւ, ո­րոնք փու­թա­ցած էին հաս­նիլ ա­նոնց տու­նը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Կը թեր­թեմ հա­մա­ցան­ցը, կը հե­տե­ւիմ հե­ռա­տե­սի­լի հայ­կա­կան հա­ղոր­դում­նե­րուն, կը խօ­սիմ Հա­լէ­պի հա­րա­զատ­նե­րուս հետ, բո­լո­րը ցաւ կ՚ար­տա­յայ­տեն: Բո­լոր լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն մէջ ա­սուպ մըն է որ կը պտը­տի՝ գու­ժե­լով հա­լէ­պա­հայ նո­րօ­րեայ զո­հե­րուն մա­սին: Նոյն պատ­կեր­նե­րը կը յայտ­նուին տար­բեր է­ջե­րու վրայ, յետ­մա­հու հռչակ կը վա­յե­լեն ա­նոնք:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2016

Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան. ներդրումային համաժողով 2016» խորագրեալ հաւաքոյթ մը՝ հեռանկարային որոնումներով:
Սերժ Սարգսեան. «Մեր երկիրը պիտի դառնայ Պարսից ծոցի եւ Սեւ ծովու նաւահանգիստները կամրջող ամենակարճ տարանցիկ երթուղին»:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2016

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հիմնադրութեան 60-ամեակին ձօնուած ձեռնարկ մը՝ Երեւանի մէջ:
Ռազմիկ Փանոսեան յատկանշական կը համարէ մարդուժի պատրաստութիւնն ու նոր սերունդի կրթութիւնը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Հա­յաս­տա­նի նո­րան­շա­նակ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեա­նը։ Ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Տ. Վրթա­նէս Եպսկ. Աբ­րա­հա­մեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2016

Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, Կի­րա­կի, Հոկ­տեմ­բե­րի 9-ին, Ս. Թարգ­ման­չաց տօ­նի եւ Մշա­կոյ­թի շաբթուան բաց­ման առ­թիւ Ս. Պա­տա­րագ մա­տու­ցուե­ցաւ ձե­ռամբ՝ ե­կե­ղեց­ւոյ քա­րո­զիչ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեա­նի։ Ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­տե­նա­պետ Ար­ման Պիւ­քիւ­ճեա­նի։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Ս. Թա­գա­ւոր Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ Սե­ւան Շէն­ճա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Ար­տէն Գա­րի­պեա­նի։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան վեր­ջերս հիւ­րըն­կա­լեց Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը, ո­րոնց հետ էր նաեւ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Մի­նաս Քհնյ. Ճի­հան­կիւ­լեան։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քը կը պատ­րաս­տուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին ի նպաստ սար­քուե­լիք տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան սի­րոյ սե­ղա­նին՝ թա­ղա­կան­նե­րը Գում­գա­բու փու­թա­ցած էին խորհր­դակ­ցե­լու հա­մար Նո­րին Սրբազ­նու­թեան հետ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայ­րը՝ ըն­տա­նի­քին մէջ տար­րա­կան դեր մը ու­նի, ինչ որ ան­վի­ճե­լի է։ Մայ­րը որ­պէս «կին-մարդ» ըն­տա­նի­քը կազ­մող տարր մը, ան­դամ մըն է, իսկ որ­պէս «մայր» պա­տաս­խա­նա­տու՝ ըն­տա­նի­քին թէ՛ ներ­կա­յէն, թէ՛ ա­պա­գա­յէն, քա­նի որ ըն­տա­նի­քը տե­ւա­կա­նաց­նող ան­դամ­նե­րը՝ զա­ւակ­նե­րը ա՛ն է որ կը պատ­րաս­տէ, հո­գե­պէս կը կազ­մա­ւո­րէ, մա­նա­ւանդ ա­նոնց մտա­ւոր եւ մարմ­նա­ւոր զար­գաց­ման մէջ կա­րե­ւոր դեր մը կը կա­տա­րէ։ Այս ի­մաս­տով մայ­րը, ըն­տա­նի­քին՝ այս սրբա­զան ու նուի­րա­կան միու­թեան թէ՛ հիմն է՝ թէ՛ սիւ­նը, մէկ խօս­քով՝ ա­մէն ին­չը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2016

Թէեւ հայ­կա­կան ֆութ­պո­լը կ՚ապ­րի ծանր շրջան մը, սա­կայն նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հայ­կա­կան մար­զաշ­խար­հին տե­սա­կէ­տէ յատ­կան­շա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։ Այս­պէս, «Հրազ­դան» մար­զա­դաշ­տի մօ­տա­կայ­քին բա­ցուե­ցաւ «Ա­րա­րատ 73» ար­ձա­նա­խում­բը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2016

Սուրիահայոց խնդիրներուն շուրջ արտահերթ ժողով մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Սաֆրաստեան. «Հալէպի բախումները ա՛լ աւելի կրնան սաստկանալ մօտաւոր ապագային»:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2016

Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վը ե­րէկ հա­ւա­նու­թիւն տուաւ կա­ռա­վա­րու­թեան այն ո­րոշմ­նագ­րին, ո­րու հի­ման վրայ ար­տա­կարգ դրու­թեան գոր­ծադ­րու­թիւ­նը պի­տի եր­կա­րաձո­գւի Թուր­քիոյ մէջ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2016

Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Պե­քիր Պոզ­տաղ կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Ո­ւա­շինկ­թըն։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ ան Հոկ­տեմ­բե­րի 25-ին ու­ղե­ւո­րուի դէ­պի Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։

Էջեր