Արխիւ
Ընթացիկ տարուան Յունուար-Յունիս ամիսներուն Լեռնային Ղարաբաղ այցելած է 5286 զբօսաշրջիկ, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 4353-ի փոխարէն:
Երեւանի ծննդատուներուն մէջ տարուան առաջին կիսամեակին արձանագրուած ծնունդներուն թիւը կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ցուցանիշը: «Արմէնփրէս» համաձայն, 2015-ի առաջին կիսամեակին մայրաքաղաքին մէջ ծնունդներուն թիւը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը գերազանցած է 180-ով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արեւմուտքի կատարած բոլոր սեղմումներուն դիմաց Ռուսաստան կը շարունակէ մնալ անդրդուելի: Անցեալ Դեկտեմբերին երկիրը հարուածած տնտեսական «շինծու» տագնապէն ետք Ռուսաստանի նախագահը՝ Վլատիմիր Փութին տնտեսական տարբեր ոլորտներու մէջ կարեւոր եւ երեւելի բարենորոգման ծրագրերու զարկ տալով կրցաւ «ներծծել» այդ տագնապի հետեւանքները:
Թուրքիոյ ներքին քաղաքական օրակարգը կեդրոնացած միջկուսակցական շփումներուն վրայ:
Ահմէտ Տավուտօղլու շարժման անցած համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծելու համար:
Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:
Աւանդական հանդիսութիւններուն ընթացքին արձակուեցան աղաւնիներ՝ ի նշան խաղաղութեան: Պատարագիչն էր Տ. Բարսեղ Քհնյ. Վանլեան:
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն մը:
Յուզումնախառն հանդիսութեան ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ցաւակցեցաւ հարազատներուն:
Տոց. Թորոս Ալճան տեսակցեցաւ փոքրամասնական հաստատութիւններու իրաւաբաններուն հետ:
Սելինա Տողանի մասնակցած քննարկումներուն ընթացքին շօշափուեցան ընտրական խնդիրները:
Գունեղ, համեղ, բազմաթիւ խոհանոցներու ազդեցութիւնը կրող, բայց իր ինքնատպութիւնը պահպանած հայկական խոհանոցը առաջարկելու շատ բան ունի նոյնիսկ ամենապահանջկոտ համադամասէրներուն համար։ Ահաւասիկ այդ խոհանոցի ամենաախորժալի եւ նրբաճաշակ ուտեստներու ցանկ մը, զոր պէտք է ճաշակէ Հայաստանի իսկական համը զգալ ուզող ամէն ոք։
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ սկսաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը, որ այս տարի կազմակերպուած է 12-րդ անգամ։ Ըստ ձեւաւորուած նախընթացներուն, օրուան առաջին կէսին կատարուեցաւ Ծիրանօրհնէքի արարողութիւն, ինչ որ բնորոշեց փառատօնին սկիզբը։
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան աւարտեց դէպի Անգլիա կատարած իր այցելութիւնը։ Անգլիահայ համայնքը ուղեւորութեան վերջին հանգրուանին իրեն ի պատիւ ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց Լոնտոնի «Կոլտշմիտ Հոլլ» դահլիճին մէջ։
«Հայաստան եւ հայերը Առաջին համաշխարհային պատերազմին»:
Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան երդիքին տակ մամլոյ ծանօթացման հաւաքոյթ:
Stratfor ամերիկեան վերլուծական կեդրոնը հրապարակեց հետաքրքրական ուսումասիրութիւն մը:
Հայաստանի ելեկտրական ուժանիւթի փոխարժէքը՝ քաղաքական վարկածներու լոյսին տակ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանեան բանակի նախկին հրամանատար (1984-1988) զօրավար Միշէլ Աուն (80 տարեկան) կը փորձէ քաղաքական նոր օրակարգ թելադրել: Աունի հիմնադրած «Ազգային ազատ հոսանք» շարժումին անդամները նախընթաց Չորեքշաբթի օրուընէ սկսեալ բողոքի հաւաքներ կը կատարեն Պէյրութի տարբեր շրջաններուն մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պայծառակերպութիւն կամ Այլակերպութիւն՝ «Վարդավառ»ը՝ հինգ Տաղաւարներու երրորդն է։ Քրիստոնէական հասկացողութեամբ Պայծառակերպութեան տօնը՝ Քրիստոսի աստուածութեան բացայայտման տօնախմբութիւնն է։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի հիմնադրութեան 35-ամեակին ձօնուած երէկուան երեկոյթը փայլուն անցաւ:
Լողաւազանի համալիրէն ներս սարքուած ընթրիքի սեղաններուն շուրջ համախմբուած համակիրները յարատեւութիւն մաղթեցին ապագայ գործունէութեան համար:
Երեւանի մէջ նախընթաց օր յատուկ երեկոյթ մը կազմակերպուեցաւ հայկական ժամանակակից գեղարուեստի մեծանուն վարպետներէն քանդակագործ ու նկարիչ Արթօ Չաքմաքճեանի ի պատիւ։
Թրքական համագործակցութեան եւ համակարգման գործակալութեան նախաձեռնութեամբ իֆթարի սեղան մը կազմակերպուեցաւ Պաքուի մէջ։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ-ի մշակութային համագործակցութեան խորհուրդին նիստը։ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի տանտիրութեամբ տեղի ունեցաւ այս ժողովը։
Հայաստանի Փոխադրութեան ու կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցութիւն բերաւ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած քաղաքական բարձրաստիճան ֆորումի նախարարական հանդիպման։
ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ
Ապրիլ.
Առանց աղմուկի - առանց հոգի - առանց վշտի