Արխիւ
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր այս շաբաթավերջին կը գտնուի Պէյրութի մէջ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, Ազնաւուր երէկ ժամանեց Պէյրութ, ուր այսօր նախատեսուած է իր համերգը։
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Կը հաղորդուի, որ ազէրի նախարարը կը մասնակցի Ռուսաստանի մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպուած «Բանակային միջազգային խաղեր-2015»ի բացման արարողութեան, որ նախատեսուած է այսօր։
Սուրիահայոց հրատապ խնդիրները միշտ առարկայ անմիջական ուշադրութեան:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս տեղի ունեցան բազմակողմանի քննարկումներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեք օր տեւած լռութիւնէ մը ետք Աֆղանիստանի «Թալեպան շարժում»ը յայտարարեց, իր նոր առաջնորդին նշանակման մասին: Յայտարարութիւնը նաեւ կը յայտնէր, որ շարժումի նախկին ղեկավար Մոլլա Օմար մահացած է:
Վարչապետը բովանդակալից յօդուած մը գրի առաւ ամերիկեան «The Washington Pots» թերթին համար:
Ըստ Տավուտօղլուի, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը առաւել ազդու պիտի դառնայ դաշնակիցներու հետ գործակցութեամբ:
Անուանի երաժշտագէտ Աւետ Տէրտէրեանի յիշատակին Հայաստանի մէջ կազմակերպուած է փառատօն մը՝ «Տէրտէրեանի ժամանակը» անուան տակ։ Գեղարքունիքի մարզի Հայավանք գիւղին մէջ կը գտնուի անոր ստեղծագործական տունը, որ միշտ իր երաժշտութեան համակիրներուն եւ մասնագէտներուն տեսակէտէ ունեցած է առանձնայատուկ նշանակութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային յարաբերութիւններու մէջ անկեղծ մօտեցումը եւ սիրոյ յայտնութիւնը, լաւ յարաբերութիւններ մշակելու համար անհրաժեշտ պայմաններ են։ Արդարեւ առանց անկե՛ղծ սիրոյ՝ մարդկային ո՛չ մէկ յարաբերութիւն արժէք կը ներկայացնէ։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ծրագրաւորման նախարար Ալի Սինտին, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Ողջունելով հիւրը՝ Յովիկ Աբրահամեան արտայայտեց այն համոզումը, թէ իր այցելութիւնը նոր թափ մը պիտի տայ Հայաստանի եւ Իրաքի, մասնաւորապէս Իրաքեան Քիւրտիստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցները նախընթաց օր Երեւանի մէջ այցելեցին Հանրապետութեան նախագահի ապարանքը։ Այս առթիւ անոնք հիւրընկալուեցան Նախագահական աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Մերի Յարութիւնեանի կողմէ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան պէտք է խելքը գլուխը հաւաքէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փոխ-նախարարը կոչ ուղղեց, որպէսզի Պաքու չտարուի սպառազինութիւններու մրցավազքէն։
CCAF-ի համանախագահները շուտով հանդէս եկան նախաձեռնութիւնով մը:
Ֆապիուսի եւ Քազնէօվի շրջաբերականէն վերջ Արցախի պարագային նոր որոնումներ:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ Հալէպի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանին հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Տիգրան Գէորգեան Հրանոյշ Յակոբեանին ներկայացուց Հալէպի առկայ իրավիճակը, որ վերջին շրջաններուն սրուած է առաւել եւս։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հիւրընկալեց զուիցերահայ յայտնի գործարար ու բարերար, աշխարհահռչակ «Ֆրանք Միւլլէր» ընկերութեան նախագահ Վարդան Սրմաքէշը։ Ծանօթ է, որ այս վերջինը նախկին պոլսահայ մըն է ու միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի աւագ հիւպատոսը՝ Մարսէյլի մօտ։
Շըրնաքի եւ Փոզանթըի մէջ ահաբեկիչները երէկ դարձեալ անիծելի յարձակումներ գործեցին զինուորներու եւ ոստիկաններու վրայ:
Թուրքիա վճռակամութեամբ յառաջ կը տանի իշիպ-ի եւ փքք-ի դէմ պայքարը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կողմնակից է փոքրամասնական կառավարութիւնով մը փութով ձեռնարկել նոր ընտրութեան:
Անուշ Թրուանց մեզի կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
«Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրները» համաժողովը եզրափակուեցաւ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան. «Լեզուի հարցը մեր ազգի գերխնդիրն է այսօր, եթէ լեզուն տկար վիճակի մէջ է, ապա մենք ենք յանցաւորը, հայերէնը մեր լեզուն է ու մենք պէտք է ըլլանք անոր պահապանը»:
Տնտեսական աշխարհէ ներս մասնագիտական մակարդակի վրայ Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլուի աստղը փայլիլ կը շարունակէ։ Տնտեսութեան ոլորտէ ներս հրապարակած հետազօտութիւններով ծանօթ «RePec» հարթակը պատրաստեց ցուցակ մը, որ կ՚ընդգրկէ աշխարհի ամենակարեւոր տնտեսագէտները։
Համահայկական վեցերորդ խաղերուն մասնակցելիք Իսթանպուլի խումբը վաղը պիտի ուղեւորուի Երեւան։ Կարգադիր յանձնախումբին կողմէ հաղորդուեցաւ, թէ Իսթանպուլի պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ 140 հոգիէ։
Անուշ Թրուանց մեզի կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Մօտաւորապէս հարիւր տարիէ ի վեր քննարկումներու առարկայ են հայոց լեզուին ուղղագրութիւնը եւ երկու ճիւղերու խնդիրները:
«Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման հարցերը» խորագրեալ համաժողովին շրջագծով ծաւալուն աշխատանք Երեւանի մէջ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Թորոս Ալճան յատուկ յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Ոչ-իսլամ համայնքները համատեղ դիմում մը պիտի կատարեն պետական աւագանիին մօտ՝ առկախեալ ընտրութիւններու հարցին լուծման համար: Ատնան Էրթէմ արդէն պատրաստած է երեք նոր նախագիծ - Ընտրական կանոնադրութիւնը թէեւ պարզ փաստաթուղթ մըն է, սակայն կը ներկայացնէ կշիռ մը:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ Համայնքային վաքըֆներու հարթակը, մասնակցած է փոքրամասնական համայնքներու աշխարհական ղեկավարներու սոյն խորհրդակցութեան։


