Արխիւ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քը նոր շունչ մը բե­րած է սփիւռ­քեան մեր ի­րա­կա­նու­թեան։ Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ փակման վտան­գի եզ­րին հա­սած այս բա­ժան­մուն­քը այ­սօր հան­դէս կու գայ ան­բաղ­դա­տե­լի ու նոյ­նիսկ դժուար հա­ւա­տա­լի կեն­սու­նա­կու­թեամբ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ա­մուս­նու­թիւն» եւ «ա­մուս­նա­լու­ծու­թիւն»՝ եր­կու կա­րե­ւոր մարդ­կա­յին պա­րա­գա­ներ կամ հար­ցեր, որ կը հե­տաքրք­րէ թէ՛ աշ­խար­հա­յին, թէ՛ հո­գե­ւոր կեան­քը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2015

ՀԱ­ՄՕ ՊԵՏ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

100 տա­րի ա­ռաջ, Ա. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին մօ­տա­ւո­րա­պէս 15 մի­լիոն զի­նուոր­ներ եւ քա­ղա­քա­յին­ներ զո­հուե­ցան, եւ աշ­խար­հի մարդ­կու­թեան հաս­ցու­ցած ա­նոր տա­ռա­պանք­նե­րը ու բա­ցած վէր­քե­րը չէին բու­ժուած դեռ բո­լո­րո­վին, հաշ­տու­թիւն կնքուած էր յաղ­թա­կան դաշ­նա­կից­նե­րու եւ պար­տուած կող­մե­րու մի­ջեւ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2015

​Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ վա­ղը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ջրօրհ­նէ­քի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Յա­ւարտ Միած­նաէջ Մայր Տա­ճա­րին մէջ մա­տու­ցուե­լիք Ս. Պա­տա­րա­գին, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին, նո­րօրհ­նեալ Յաղ­թու­թեան Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նով պի­տի կա­տա­րուի Ջրօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Սու­րիա­հա­յոց հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող միջ­գե­րա­տես­չա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին հեր­թա­կան նիս­տը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2015

Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մէջ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան կը կո­չուին նոր ու բարձ­րո­րակ պան­դոկ­ներ։ Այս շրջագ­ծով վեր­ջերս պաշ­տօ­նա­պէս բա­ցուե­ցաւ «Օ­փե­րա Սուիթ» պան­դո­կը, որ կը գտնուի Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի ան­մի­ջա­պէս մուտ­քին, Գրող­նե­րու միու­թեան հա­րե­ւա­նու­թեամբ ստեղ­ծուած «Լե­ւոն Ա­նա­նեան» պու­րա­կի յա­րած տա­րած­քին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2015

Ֆրան­սա­հայ յայտ­նի ֆութ­պո­լի աստղ Եու­րի Ճոր­քա­եւ այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։ Ե­րե­ւա­նի «Զուարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նին մէջ ան ջերմ մթնո­լոր­տով դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Մարմ­նա­մար­զի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Ռո­պէրթ Էմ­միեա­նի կող­մէ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2015

Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար կը պատ­րաս­տուի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տալ Ատր­պէյ­ճան։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Ատրպէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած են, թէ իր շփում­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան 5-7 Հոկ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան եր­կօ­րեայ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Պուք­րէշ։ Պուք­րէ­շի մէջ ան մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Ռու­մա­նիոյ հա­յոց միու­թեան վե­րա­բաց­ման 25-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին ձօ­նուած հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2015

Սփիւռ­քա­հայ յայտ­նի գոր­ծա­րար ու բա­րե­րար Վա­չէ Մա­նու­կեան վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Հա­յաս­տան։ Ան մաս­նակ­ցե­ցաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան եւ նոյն օ­րե­րու միւս ձեռ­նարկ­նե­րուն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2015

Սերժ Սարգսեան Ուաշինկթընի մէջ մասնակցեցաւ «Քարնեկի» հիմնարկին կազմակերպած հաւաքոյթին:
Նախագահը անդրադարձաւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական հարցերուն, ներառեալ Թուրքիոյ հետ կապերը:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2015

25-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովի երկրորդ օրէնսդրական շրջանին բացման արարողութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ խորհրդարանի երդիքին տակ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2015

Գիտաժողով՝ ի յիշատակ հանգուցեալ Վանկելիս Քեխրիոթիսի:
«Սապանճը» եւ Միչիկընի համալսարաններուն նախաձեռնութիւնը:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2015

Պոլսահայ հաւատացեալները ջերմ մասնակցութիւն բերին Ս. Միւռոնի վերաբերման:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեր համայնքին փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնները:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2015

Հայ մշա­կոյ­թի բա­րե­կամ­նե­րու հիմ­նար­կը (Friends of Armenian Culture Society), Պոս­թը­նի Ար­դի նուա­գախմ­բա­յին ծրագ­րին (Boston Modern Orchestra Project) պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նի «Ռե­քուիէմ»ը, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բեր 18-ին, կէ­սօ­րէն ետք ժա­մը 3-ին, Նիւ Ինկ­լըն­տի ե­րաժշ­տա­նո­ցի («New Enland Conservatory») հան­րա­ծա­նօթ «Ճոր­տըն Հոլ» սրա­հին մէջ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­դուս մարմ­նա­կան աչ­քը միա՛յն զգա­ցա­կան բա­ներ կը տես­նէ։ Մարդ­կա­յին հո­գիին ակ­նար­կը սահ­մա­նա­փակ է, եւ «մութ ամ­պե­րով պա­տուած»։ Այդ մթու­թեան մէ­ջէն լոյ­սը տես­նել հմտու­թիւն կը պա­հան­ջէ՝ ի­մաս­տու­թիւն եւ խոր ի­մա­ցա­կա­նու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րուն յա­տուկ ա­ռա­քի­նու­թի՛ւն մըն է։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2015

Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան յա­ջոր­դած ներ­կայ օ­րե­րուն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ կը շա­րու­նա­կուի ե­ռու­զե­ռը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցած քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու գա­հա­կալ­նե­րուն կամ ա­նոնց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պա­տուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2015

«Ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան դէմ պայ­քա­րի ազ­գա­յին օ­րը» ե­րէկ նշուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ե­րե­ւա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ այս առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ու­շագ­րաւ ցոյց մը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի հիմ­նադ­րու­թեան 25-ա­մեա­կը նա­խըն­թաց օր հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը նշուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Քա­նի մը հանգ­րուան­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ ծրա­գիր մը գոր­ծադ­րուե­ցաւ յո­բե­լեա­նին առ­թիւ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2015

ՍԱ­ԳՕ Ա­ՐԵԱՆ

Պատ­մա­կան օ­րեր են Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ: Ան­կախ Հա­յաս­տա­նի չոր­րորդ Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քը ար­դէն կա­տա­րուած է նոր էջ մը ա­ւելց­նե­լով բազ­մա­դա­րեան Սուրբ Ա­թո­ռի՝ Մայր Ա­թո­ռի տա­րեգ­րու­թեան մէջ: Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թեան հետ հա­մըն­թաց կ­՚ար­ձա­նագ­րուին «յոյժ կա­րե­ւո­ր» ե­ղե­լու­թիւն­ներ, ո­րոնց ա­մե­նէն ու­շագ­րա­ւը Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քին կա­տա­րուած ա­րա­րո­ղու­թեանց ներ­կա­յու­թիւնն ու մաս­նակ­ցու­թիւնն է:

Էջեր