Արխիւ
Թուրքիոյ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան վարչութեան ատենապետ Իհսան Էօզպէք ընկերակցութեամբ անդամներ՝ Պեհնան Քոնութքանի, Տանիէլ Կիւնայի, Ռեֆիք Թոփճուի եւ Ալի Քալքանտելէնի, այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի կողմէ։
Էնտոնեզիոյ Հանրապետութեան Տարածքաշրջանային ներկայացուցիչներու պալատի (ծերակոյտ) նախագահ Իրման Կուսմանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։
Ս․ Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի մանկական ու պատանեկան կազմերը երէկ պաշտօնապէս բացին իրենց նոր եղանակը։ Թաղի պատանիներն ու մանուկները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ «Շիրինօղլու», «Ալաճաճեան» սրահներուն եւ վերնատան մէջ։
Գերմանիոյ խորհրդարանը առկախեց 1915-ի դէպքերը որպէս ցեղասպանութիւն բնորոշող օրինագծին ընդունումը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին մէջ, Ուսուցչի օրուան կապակցութեամբ ընդունեց Մայր Աթոռի եւ ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութեամբ գործոց Հայորդեաց տուներու 140 ուսուցիչները՝ ուղեկցութեամբ Հայորդեաց տուներու հոգեւոր տեսուչ Տ. Կոմիտաս Վրդ. Յովնանեանի։
Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանին կողմէ Տողու Փերինչէքին վերաբերեալ արձակուած վճիռը արձագանգ ստեղծած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ «Հայոց ցեղասպանութիւն-100. ճանաչումէն հատուցում» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովը։
Բեմադրիչ Տենիզ Էօզտէն, որ «Մրցումի մը օրագրութիւնը» խորագրեալ կարճ ժապաւէնով ազգային ու միջազգային փառատօններու մէջ նուաճած էր տասնչորս մրցանակներ, այս օրերուն հանրութեան կը ներկայանայ իր փաստավաւերագրական առաջին աշխատանքով։
Դասական երաժշտութեան «Վերադարձի փառատօն»ը, որ պիտի կայանայ ութերորդ անգամ, լեցուն պիտի ըլլայ առաջին անգամ ներկայացող ստեղծագործութիւններով։
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց Միջազգային կրօնական ազատութիւններու ամենամեայ զեկոյցը։
«Ընկերային ցանցերն ու փոքրամասնութիւններ» նախագիծը կը շարունակէ իր աշխատանքը: Լաքի Վինկաս ու իր գործակիցները Պելժիոյ մէջ ընդունուեցան Եւրոպական միութեան պաշտօնատարնրուն կողմէ:
Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանի երդիքին տակ երէկ կայացաւ «Քրիստոնէութեան հիմնական սկզբունքները» (թրքերէն) գրքին շնորհանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան Յունաց Պարթոլոմէոս Ա․ Տիեզերական Պատրիարքը, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ․ Արամ Արք․ Աթէշեան, Ասորի Ուղղափար Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Եուսուֆ Չեթին Արքեպիսկոպոսը, Հռոմէական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Լուի Փլաթր Գերապայծառը, Բողոքական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Վերապատուելի Իհսան Էօզպէք, ինչպէս նաեւ այլ հոգեւորականներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քահանայի ընտրութեան եւ քահանայի յատկութիւններու մասին երբ օրէնքներու եւ կանոններու համաձայն կը խօսինք, կարեւոր է նաեւ օրէնքներու եւ կանոններու մեկնաբանութեան հարցը։ Արդարեւ ո՛չ մէկ օրէնք եւ ոչ մէկ կանոն միայն տառացիօրէն մեկնաբանել եւ կիրարկել կարելի չէ, այլապէս անիրաւութիւններու եւ սխալ գործադրութիւններու առիթ կը տրուի։
Իսթանպուլի Ապահովութեան տնօրէնի օգնական Ճենկիզ Տեմիրճան, Ֆաթիհի Ապահովութեան տնօրէն Հաքան Եըլմազ եւ Մուհիտտին Եէթիշ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու մէկտեղուեցաւ համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ:
Յանուն Պատրիարքական Աթոռին հանդիպման ներկայ էր Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպսկ. Աթէշեան:
«Պոյալը քուշ» թատերախումբը, որ կը նշէ իր հիմնադրութեան 15-րդ տարեդարձը, ֆրանսացի յայտնի երգչուհի Էտիթ Փիաֆի 100-րդ ծննդեան տարեդարձին առթիւ կը հիւրընկալէ «Էտիթ Փիաֆ-Մարսէլ» խորագրեալ երաժշտական մենախաղը։
ԵՄԻԱ-ի Մեծ պալատը երէկ արձակած վճիռով արդարացուց Տողու Փերինչէքի մօտեցումները:
«Վաթան» կուսակցութեան ղեկավարը յաղթական դուրս եկաւ Զուիցերիոյ դէմ ձեռնարկած դատական պայքարէն, որու արդիւնքը նոր հարթութիւն մը կրնայ բնորոշել Եւրոպայի մէջ հայկական հարցին նկատմամբ ընդհանուր վերաբերմունքին տեսանկիւնէն: Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազութիւնը տեղեկացուց, որ բաւարարուած են իր բոլոր պահանջները՝ որպէս երրորդ կողմ: Պեռնի ղեկավարութիւնը վաղահաս կը նկատէ մեկնաբանութիւնները:
Թրքահայ մամուլին եւ այժմու համայնքային կեանքին վերաբերեալ հետաքրքրական ձեռնարկ մը Սէն-Ժերվէ թատրոնի համալիրէն ներս կազմակերպուած «Ֆրակմաններու» ցուցահանդէսին շրջագծով երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկան Արա Գօչունեան եւ Բագրատ Էսդուգեան: Վիգէն Չեթերեանի ղեկավարած հաւաքոյթին ընթացքին կարծիքի վառ փոխանակումներ տեղի ունեցան մանաւանդ հարցում-պատասխանի բաժնին տեւողութեան
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այսօր կ՚ուզենք խօսիլ «քահանայի ընտրութեան եւ յատկութիւններ»ուն մասին՝ յենակէտ ունենալով բոլորովին օրինական տուեալ եւ տրամադրութիւնները Հայոց Եկեղեցական Իրաւունքին։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նախիջեւան տանող ճանապարհին, ուր Հայաստանի բնութիւնը կատարեալ գեղեցկութեան պատկերներ կը գծագրէ, Երեւանէն 120 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ, Արփա գետի ձախ ափին հայոց երկրի սահմաններէն մէկն է՝ Խաչիկ գիւղը: