Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2015

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի փոխ-նա­խա­րար Ա­րեւ Սա­մուէ­լեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ 2004 թուականէն մին­չեւ այ­սօր Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին վե­րա­կանգ­նուած է շուրջ վաթ­սու­նութ պատ­մա­կան յու­շար­ձան։ Այդ նպա­տա­կով պե­տա­կան պիւտ­ճէէն ծախ­սուած է շուրջ 4 մի­լիառ դրամ։

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2015

Երեւանի Բաղրամեան պողոտայի եւ Ազատութեան հրապարակի ցոյցերը կը շարունակեն բնորոշել Հայաստանի քաղաքական օրակարգը - «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան բողոքի ալիքը թեւակոխեց իններորդ օրը:
Վլատիմիր Գասպարեան. «Երիտասարդութիւնը մեր ապագան է եւ ոստիկանութիւնը չի պատրաստուիր կոտորել երիտասարդները»:

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015

Պա­լըք­լըի յու­նա­կան հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Տի­միթ­րի Քա­րաեա­նի կնքեց իր մահ­կա­նա­ցուն՝ 90-ա­մեայ հա­սա­կին։ Հա­մայն­քէ ներս խնդրա­յա­րոյց դէմք մըն էր Քա­րաեա­նի, որ 24 տա­րիէ ի վեր ընտ­րու­թիւն չէր կազ­մա­կեր­պեր 1991-էն ի վեր ղե­կա­վա­րած այդ կա­ռոյ­ցէն ներս։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015

​Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան զօրակցութեան իրերայաջորդ ծրագրերը:
«Սուրիահայ մշկաոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագրեալ ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակուած:

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու շա­բա­թա­վեր­ջին հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րիի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­կու նա­խա­րար­նե­րը հեռա­ձայ­նա­յին տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին շօ­շա­փե­ցին Սու­րիոյ հիւ­սի­սի վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Սպի­տակ Ռու­սիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Մինսք։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հան­դիպ­ման։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015

​Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ շինիչ պատգամներ:
«Ցուցարարներն ու իրաւապահները կարողացան ձեւաւորել փոխադարձ վստահութիւն»:

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի տնօ­րի­նու­թեամբ Տ. Յո­վա­կիմ Եպսկ. Մա­նու­կեան նշա­նա­կուե­ցաւ Մեծն Բրի­տա­նիոյ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ, ա­զա­տուե­լով Ար­թի­կի թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դի եւ Մայր Ա­թո­ռ Սուրբ Էջմիածնի Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բաժ­նի տնօ­րէ­նի պաշ­տօն­նե­րէն։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015

Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը զանազան ծրագրերով միշտ կը խրախուսէ համայնքին նոր սերունդը:
Կրթաթոշակառու բազմատասնեակ համալսարանականները շաբաթավերջին հիւրընկալուեցան տարեվերջի առթիւ կազմակերպուած անմիջական հաւաքոյթով մը:

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015

Կեդրոնականի 2014-2015 տարեշրջանի հունձքը ոգեւոր ապրումներով հրաժեշտ առաւ վարժարանէն:
Գումգաբուի մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուած շրջանաւարտութեան հանդէսը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն:

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015

​Երեւանի մէջ Մատենադարանի մօտ ի պահ դրուած արժէքները նոր կեանք կը գտնեն վերականգնման բաժնի յամառ նախաձեռնութիւններուն շնորհիւ:
Օտար մասնագէտներու մասնակցութեամբ տարուած աշխատանքներու արդիւնքին այս պահուն գրեթէ չկան ձեռագրեր, որոնք կարիք ունին հրատապ նորոգութեան:

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015

Շու­տով պի­տի սկսի Ե­րե­ւա­նի «Ոս­կէ ծի­րան» մի­ջազ­գա­յին 12-րդ շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նը։ Այս առ­թիւ Ե­րե­ւա­նի մէջ սարքուե­ցաւ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ «Ոս­կէ ծի­րան»ի մի­ջազ­գա­յին կա­պե­րու բաժ­նի ղե­կա­վար Տա­թե­ւիկ Մա­նու­կեան այս առ­թիւ յայտ­նեց, թէ փա­ռա­տօ­նը այս տա­րի յար­գան­քի տուրք պի­տի մա­տու­ցէ հայ շար­ժա­րուես­տի վար­պետ­նե­րուն։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Նօթեր՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Փարիզի ելոյթէն վերջ - Զ
Եթէ Հայ Եկեղեցին պիտի գործէ որպէս մէկ մարմին՝ ապա եկեղեցապատկան կալուածներու պարագային իրաւունքներ հետապնդելու ժամանակ պէտք չէ անտեսուի Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը:

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աս­տուած մի՛շտ կը խօ­սի մե­զի հետ, բայց քի­չեր կ՚անդ­րա­դառ­նան այդ աս­տուա­ծա­յին խօս­քին եւ քի­չեր կը լսեն զԱյն։ Ե­րա­նի՜ այն «քիչ»ե­րուն՝ որ կ՚անդ­րա­դառ­նան Աս­տու­ծոյ խօս­քին ու կը լսեն զայն։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015

​Ամերիկայի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կեց «Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու վի­ճա­կը 2014» խո­րագ­րեալ իր տա­րե­կան զե­կոյ­ցը, ուր եր­կիր առ եր­կիր ա­ռան­ձին զե­կոյց­նե­րով ներ­կա­յա­ցուած են մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը։

Շաբաթ, Յունիս 27, 2015

Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը, ո­րոնք նա­խըն­թաց օր ստա­ցած էին ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը, ե­րէկ ի­րի­կուն խրախ­ճան­քով մը նշե­ցին ի­րենց ու­սում­նա­կան կեան­քի յա­ջող ա­ւար­տը։

Շաբաթ, Յունիս 27, 2015

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի եր­բեմ­նի տնօ­րէ­նու­հի Հեր­մի­նէ Գա­լուս­տեան, որ ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն վա­րած է նաեւ Կա­լա­թա­սա­րա­յի վար­ժա­րա­նին մէջ, ե­րէկ ո­գեկո­չուե­ցաւ իր խումբ մը սա­նե­րու այ­ցե­լու­թեամբ։

Շաբաթ, Յունիս 27, 2015

Վա­գըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր խոր­հուր­դին մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տոց. Տքթ. Թո­րոս Ալ­ճա­նի ա­տե­նա­պե­տու­թեամբ Ս. Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի «Պի­լէք» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ փոք­րա­մաս­նու­թեանց հա­մայնք­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու երկ­րորդ ժո­ղո­վը։

Շաբաթ, Յունիս 27, 2015

Հռչա­կա­ւոր դաշ­նա­կա­հար Տիգ­րան Հա­մա­սեան, որ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին երգ­չա­խում­բին հետ ձեռ­նար­կած է «Լոյս ի լու­սոյ» կո­չուած հա­մեր­գա­շա­րի մը, Ա­նիի ա­ւե­րակ­նե­րուն եւ Աղ­թա­մա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մերգ­նե­րէն վերջ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ նաեւ Տիար­պա­քը­րի Ս. Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ կա­մար­նե­րուն ներ­քոյ։

Շաբաթ, Յունիս 27, 2015

Հայ Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռաջ­նորդ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Ներ­սէս Պետ­րոս ԺԹ. Թար­մ­ունիի վախ­ճան­ման կա­պակ­ցու­թեամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ցա­ւակ­ցա­գիր մը յղեց Հռո­մի Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Պա­պին։

Էջեր