Արխիւ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015

«Ընկերային ցանցերն ու փոքրամասնութիւններ» նախագիծը կը շարունակէ իր աշխատանքը: Լաքի Վինկաս ու իր գործակիցները Պելժիոյ մէջ ընդունուեցան Եւրոպական միութեան պաշտօնատարնրուն կողմէ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015

Ֆէ­նէ­րի Յու­նաց Պատ­րիար­քա­րա­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ կա­յա­ցաւ «Քրիս­տո­նէու­թեան հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րը» (թրքե­րէն) գրքին շնոր­հան­դէ­սը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Յու­նաց Պար­թո­լո­մէոս Ա․ Տիե­զե­րա­կան Պատ­րիար­քը, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ․ Ա­րամ Արք․ Ա­թէ­շեան, Ա­սո­րի Ուղ­ղա­փար Ե­կե­ղեց­ւոյ Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ Եու­սուֆ Չե­թին Ար­քե­պիս­կո­պո­սը, Հռո­մէա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Լուի Փլաթր Գե­րա­պայ­ծա­ռը, Բո­ղո­քա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Վե­րա­պա­տուե­լի Իհ­սան Էօզ­պէք, ինչ­պէս նաեւ այլ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, մամ­լոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հրա­ւի­րեալ­ներ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015

​Եւրոպական միութեան երկիրներուն ղեկավարները գագաթաժողով մը գումարեցին Պելժիոյ մայրաքաղաքը՝ Պրիւքսէլի մէջ: Յառաջատար անուններ յայտնեցին, թէ Թուրքիոյ հետ վիզաներու վերացման գործընթացը պիտի արագացուի եւ նոր գլուխներ պիտի բացուին բանակցութիւններուն մէջ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015

Աշ­խար­հահռ­չակ System of a Down խում­բը Փա­րա­ճա­նով-Վար­դա­նո­վի հիմ­նար­կի մրցա­նակ պի­տի ստա­նայ: 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015

Թիֆ­լի­զի մէջ ե­րէկ բա­ցու­մը կատա­րուե­ցաւ ա­նուա­նի լու­սան­կա­րիչ Ա­րա Կիւ­լէ­րի ցու­ցա­հան­դէ­սին, զոր կազ­մա­կեր­պած էին Թիֆ­լի­զի մօտ Թուր­քիոյ դես­պա­նա­տունն ու Վրաս­տա­նի Ազ­գա­յին թան­գա­րա­նը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015

​Ռումանիոյ ակադեմիոյ մէջ կայացաւ գիտաժողով մը՝ նուիրուած Յակոբ Սիրունիի 125-ամեակին: Հաւաքոյթի մասնակից բազմազգ գիտնականներու շարքին էր նաեւ «Պիլկի» համալսարանէն Այհան Աքթար:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի եօթ­նե­րորդ եւ ու­թե­րորդ դա­սա­րա­նի սա­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Յու­նաս­տա­նի հիւ­պա­տո­սու­թեան «Սիս­մա­նոկ­լիօ Մա­կա­րօ» կեդ­րո­նը, ուր «Փա­րոս» հան­դէ­սի չոր­րորդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ կը ցու­ցադ­րուին ա­նուա­նի գե­ղան­կա­րիչ Սար­գիս Մու­րա­տեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը՝ «Ան­ցեա­լէն դէ­պի ա­պա­գայ» խո­րագ­րով։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015

Խմբագ­րա­տանս մէջ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք ըն­դու­նե­լու ֆրան­սա­հայ մտա­ւո­րա­կան Սի­մոն Պա­պի­կեա­նը, որ Պո­լիս կը գտնուի այ­ցե­լե­լու հա­մար իր ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նա­խա­պէս ներ­կա­յա­ցու­ցինք եր­կու գրու­թիւն­ներ՝ «Եր­կակ­նե­րու հո­գե­ւո­րա­կան դառ­նա­լու կա­նո­նա­կան ար­գել­քը» եւ «Օ­րէն­քը մեկ­նա­բա­նե՛լ եւ ո՛չ զայն խախ­տել» վեր­նագ­րե­րով։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015

Թուրքիոյ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան վարչութեան ատենապետ Իհսան Էօզպէք ընկերակցութեամբ անդամներ՝ Պեհնան Քոնութքանի, Տանիէլ Կիւնայի, Ռեֆիք Թոփճուի եւ Ալի Քալքանտելէնի, այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի կողմէ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015

Էն­տո­նե­զիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան Տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու պա­լա­տի (ծե­րա­կոյտ) նա­խա­գահ Իր­ման Կուս­մա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը վեր­ջին օ­րե­րուն պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015

Ս․ Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ման­կա­կան ու պա­տա­նե­կան կազ­մե­րը ե­րէկ պաշ­տօ­նա­պէս բա­ցին ի­րենց նոր ե­ղա­նա­կը։ Թա­ղի պա­տա­նի­ներն ու մա­նուկ­նե­րը հա­ւա­քուե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ «Շի­րի­նօղ­լու», «Ա­լա­ճա­ճեան» սրահ­նե­րուն եւ վեր­նա­տան մէջ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015

Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը առ­կա­խեց 1915-ի դէպ­քե­րը որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բնո­րո­շող օ­րի­նագ­ծին ըն­դու­նու­մը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի «Վա­չէ եւ Թա­մար Մա­նու­կեան» մա­տե­նա­դա­րա­նին մէջ, Ու­սուց­չի օ­րուան կա­պակ­ցու­թեամբ ըն­դու­նեց Մայր Ա­թո­ռի եւ ՀԲԸՄ-ի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ գոր­ծոց Հա­յոր­դեաց տու­նե­րու 140 ու­սու­ցիչ­նե­րը՝ ու­ղեկ­ցու­թեամբ Հա­յոր­դեաց տու­նե­րու հո­գե­ւոր տե­սուչ Տ. Կո­մի­տաս Վրդ. Յով­նա­նեա­նի։ 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015

Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նին կող­մէ Տո­ղու Փե­րին­չէ­քին վե­րա­բե­րեալ ար­ձա­կուած վճի­ռը ար­ձա­գանգ ստեղ­ծած է նաեւ Թուր­քիոյ մէջ։ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Քա­հա­նա­յի ընտ­րու­թեան եւ քա­հա­նա­յի յատ­կու­թիւն­նե­րու մա­սին երբ օ­րէնք­նե­րու եւ կա­նոն­նե­րու հա­մա­ձայն կը խօ­սինք, կա­րե­ւոր է նաեւ օ­րէնք­նե­րու եւ կա­նոն­նե­րու մեկ­նա­բա­նու­թեան հար­ցը։ Ար­դա­րեւ ո՛չ մէկ օ­րէնք եւ ոչ մէկ կա­նոն միայն տա­ռա­ցիօ­րէն մեկ­նա­բա­նել եւ կի­րար­կել կա­րե­լի չէ, այ­լա­պէս ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րու եւ սխալ գոր­ծադ­րու­թիւն­նե­րու ա­ռիթ կը տրուի։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2015

Իսթանպուլի Ապահովութեան տնօրէնի օգնական Ճենկիզ Տեմիրճան, Ֆաթիհի Ապահովութեան տնօրէն Հաքան Եըլմազ եւ Մուհիտտին Եէթիշ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2015

ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու մէկտեղուեցաւ համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ:
Յանուն Պատրիարքական Աթոռին հանդիպման ներկայ էր Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպսկ. Աթէշեան:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2015

«Պո­յա­լը քուշ» թա­տե­րա­խում­բը, որ կը նշէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 15-րդ տա­րե­դար­ձը, ֆրան­սա­ցի յայտ­նի երգ­չու­հի Է­տիթ Փիա­ֆի 100-րդ ծնն­դեան տա­րե­դար­ձին առ­թիւ կը հիւ­րըն­կա­լէ «Է­տիթ Փիաֆ-Մար­սէլ» խո­րագ­րեալ ե­րաժշ­տա­կան մե­նա­խա­ղը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2015

ԵՄԻԱ-ի Մեծ պալատը երէկ արձակած վճիռով արդարացուց Տողու Փերինչէքի մօտեցումները:
«Վաթան» կուսակցութեան ղեկավարը յաղթական դուրս եկաւ Զուիցերիոյ դէմ ձեռնարկած դատական պայքարէն, որու արդիւնքը նոր հարթութիւն մը կրնայ բնորոշել Եւրոպայի մէջ հայկական հարցին նկատմամբ ընդհանուր վերաբերմունքին տեսանկիւնէն: Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազութիւնը տեղեկացուց, որ բաւարարուած են իր բոլոր պահանջները՝ որպէս երրորդ կողմ: Պեռնի ղեկավարութիւնը վաղահաս կը նկատէ մեկնաբանութիւնները:

Էջեր