Արխիւ
Արեւմտահայոց ազգային գոնկրէսը, որ Փարիզի մէջ գտնուող սփիւռքահայ կազմակերպութիւն մըն է, յայտարարեց, թէ գոհունակութեամբ կը դիմաւորէ երեք հայ երեսփոխաններու մուտքը Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս։
Վաւերագրական ժապաւէններու ութերորդ փառատօնը՝ «Տէօքիւմենթարիստ» կը սկսի այսօր։ Փառատօնի յատուկ բաժիններէն մէկը խորագրուած է «100-ամեայ լռութիւն» եւ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան։ Այս շրջագծով այսօր, ժամը 13.00-ին «Սալթ Պէյօղլու»ի մէջ կը ցուցադրուի Սիւզան Խարտալեան եւ Փէյա Հոնքիւստի «Կ՚ատեմ շները» եւ ժամը 15.00-ին ալ՝ Եուսուֆ Քենան Պէյսիւլէնի կողմէ նկարահանուած «Կեավուր մահալլէսի» վաւերագրականը՝ Մկրտիչ Մարկոսեանի եւ Տիարպաքըրի հայութեան վերաբերեալ։
Հանրապետութեան նախագահը աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Ատրպէյճանի մայրաքաղաքը՝ Պաքուի մէջ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան մէկտեղուեցաւ Իլհամ Ալիեւի, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի առաջին խաղերու մասնակից այլ երկիրներէ նախագահներու հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանուր Եկեղեցւոյ պատմութիւնը կը վկայէ՝ թէ դարե՜ր շարունակ եկեղեցիներու միջեւ Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդին վերաբերեալ վէճեր տեղի ունեցած են, որոնք ո՛չ թէ միացուցած, այլ մանաւանդ հեռացուցա՛ծ են եկեղեցիները իրարմէ, դժբախտաբա՛ր։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը կայացաւ թաղի եկեղեցւոյ «Իլգգան» սրահին մէջ։ Ներկայ էին տեղւոյն թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մուրատ Չաքանի, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Եդուարդ Հարբութ, Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքա, նախկին ատենապետուհի ու բարերար Մոնիք Երկանեան, ծնողաց միութենէն անդամներ, կրթական մշակներ եւ հրաւիրեալներ։ Յայտագրի տեւողութեան արտայայտուեցան տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան, Մուրատ Չաքան եւ Եդուարդ Հարբութ, որոնք շնորհաւորեցին շրջանաւարտները։
Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Մայր եկեղեցւոյ յարակից «Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան» սրահին մէջ։ Ձերնարկին ներկայ էին տեղւոյն թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր լծակից ընկերները, հիմնադրի ներկայացուցիչ Սեւան Կիւրին, տնօրէնուհի Եղիսաբէթ Չաթանասլան, հրաւիրեալներ ու աշակերտներ։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը տեղի ունեցաւ վարժարանի ընդարձակ պարտէզին մէջ։ Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան թաղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, տեղւոյն թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Պէշիկթաշի քաղաքապետութենէն խորհրդական Նուրհան Փալաքօղլու, հիմնադրի ներկայացուցիչ Աւետիս Հաճընլեան եւ տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան։
Ամերիկաբնակ արձակագիր Ալին Յովհաննէսեանի «Օրհանի ժառանգութիւնը» վէպը կ՚արժանանայ բարձր գնահատանքի։ Այսպէս, «Ամազոն» առցանց գրախանութը վէպը ճանչցաւ Ապրիլ ամսուան լաւագոյն գիրքը։
Նորվեկիոյ Հելսինքեան կոմիտէի հաւատքի ազատութեան նախաձեռնութիւնը դատապարտեց Գատըգիւղի Ս. Երրորդութիւն յունաց եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յանձակումը եւ կոչ ուղղեց պատկան մարմիններուն, որպէսզի միջոցներու ձեռնարկեն պաշտամունքի վայրերն ու հաւատքի վերաբերեալ այլ վայրերը պահպանելու համար։
Թուրքիոյ կառավարութիւնը այս շրջանին դեսպաններ չունի Վատիկանի, Լիւքսեմպուրկի, Աւստրիոյ եւ Պրազիլիոյ մէջ. այս երկիրներու օրէնսդիր մարմիններրը վերջին շրջանին պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութեան փաստը եւ հետեւաբար արժանացած՝ կառավարութեան բողոքին։
Երեսփոխանական ընտրութեանց արդիւնքին խորհրդարան մուտք գործած Տողանէն ու Փայլանէն յայտարարութիւններ:
ՃՀՓ-ի եւ ՀՏՓ-ի հայ պատգամաւորները իրենց գործունէութեան առանցքին կը նկատեն Թուրքիա-Հայաստան կապերն ու թրքահայ համայնքի խնդիրները:
Թուրքիա-Հայաստան մամլոյ մրցանակի տուչութիւն Ամերիկեան հիւպատոսարանին մէջ:
«Միլլիյէթ» օրաթերթի սիւնակագիր Այշէ Մեհվէշ Էվին Ապրիլ 22-ի իր գրութեամբ արժանացաւ գնահատանքի:
Գալֆաեան Տան մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի եւ աւարտական դասարանի շրջանաւարտից հանդէսներն ու առաջին դասարանի ընթերցման տօնը։ Կրթօճախի ուսուցչուհիներուն կողմէ պատրաստուած յայտագիրը խանդավառեց ներկաները։
Մխիթարեան վարժարանը տուն դարձաւ մանկապարտէզի դասարաններու տարեվերջի հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ յետմիջօրէին վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ Մխիթարեան հայրերու՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէնի եւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի, հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլուի, Մատակարար մարմնի ատենապետ եւ անդամներուն, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմին եւ ծնողներու:
Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի վերակառուցման, գէթ իր գտնուած պատմական վայրը յիշողութեան վայրի մը վերածելու ուղղութեամբ Սասուն-Պիթլիս-Մուշի եւ այլ վայրերու հայ փոքրամասնութեանց միութեան կողմէ նախաձեռնուած ջանքերը հետզհետէ կը սկսին տալ իրենց արդիւնքը։
Զուարթնոցի տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հռչակաւոր դաշնակահար Տիգրան Համասեանի եւ Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբի համատեղ «Լոյս ի լուսոյ» խորագիրը կրող շրջագայութեան համերգը։
Հայ դասական երաժշտութեան արդի ժամանակներու մեծագոյն յօրինողներէն մէկն է Տիգրան Մանսուրեան, որու գործերէն մին նախընթաց օր առաջին անգամ ունկնդրի դատին յանձնուեցաւ Պոլսոյ երաժշտական փառատօնի շրջագծով։ Մեծ եղեռնի բիւրաւոր զոհերը ոգեկոչելու նպատակով փառատօնի կազմակերպիչ İKSV ողջունելի քայլ մը առած էր՝ երաժշտութիւն պատուիրելով Տիգրան Մանսուրեանին։
Իգդիրի Թուզլուճա գաւառակին մէջ յայտնաբերուեցաւ հայկական պատմական խաչքար մը։ Պատմական Կողբ շրջանին համապատասխանող այս վայրին մէջ յայտնաբերուած խաչքարը կը պատկանի 13-14-րդ դարերուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Գոհութիւն» իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ՝ մատուցուած շնորհակալութիւն՝ որեւէ բարիքի մը կամ ընծայի մը փոխարէն։ Կերպով մը, երախտագիտութեան արտայայտութիւն է ան, եւ նաեւ գոհութիւն մատուցանողին այդ ընծայէն օգտակարութիւն մը քաղած ըլլալը ցոյց կու տայ։
Երեք օր շարունակ Մարսէյլի մէջ պիտի ցուցադրուին հայ դասական եւ արդի նկարիչներու քանի մը տասնեակ ստեղծագործութիւնները, որոնք ֆրանսացի այցելուին պիտի պատմեն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մասին:
