Արխիւ
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական հանդիսութիւնները:
Արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան: Ներկայ էր նաեւ երեսփոխան Մարգար Էսաեան:
19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարու հայազգի շուրջ քսան լուսանկարիչներու գործերը ներկայացուած են այս օրերուն Երեւանի մէջ բացուած եզակի ցուցահանդէսով մը, որ կը կոչուի «Յայտնիները՝ հայ լուսանկարիչներու աչքերով»։ «Երեւանեան ամառ 2015» միջոցառումներուն շրջագծով կ՚իրականացուի այս ծրագիրը, Երեւանի քաղաքապետարանի «Հայ-արթ» մշակութային կեդրոնի յարկէն ներս։
«Եւրօ-2016» ֆութպոլի ախոյենութեան որակաւորման հանդիպումներուն շրջագծով, շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հիւրընկալեց Փորթուգալը։ Սա հայկական ընտրանիի առաջին լուրջ քննութիւնն էր նորանշանակ աւագ մարզիչ Սարգիս Յովսէփեանի հսկողութեան ներքեւ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք տեսակցեցաւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, ամերիկացի համանախագահը այս շրջանին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքէն ներս կ՚իրականացնէ բազմաբնոյթ շփումներ։
Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցած ջրհեղեղը խլեց տասնեակ կեանքեր ու պատճառեց ահաւոր վնաս մը:
Զոհերու կարգին կան նաեւ հայեր: Հայաստանի ղեկավարութիւնը ծանր վիճակին առջեւ փութով զօրակցութիւն յայտնեց Վրաստանի իշխանութիւններուն
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն ինչ, որ պատահեցաւ Իտլիպի մէջ, անսպասելի չէր: «Ալ Նըսրա» ճակատի զինեալներ մուտք գործած են տիւրզիներով բնակեցուած «Քալպ Ալ Լաուզ» աւանը, ուր սպաննած են քսան տիւրզիներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը հարցուի, թէ Աստուած ինչո՞ւ ստեղծեց «չար»ը, կամ ինչո՞ւ արտօնեց չարութեան։ Ուրիշ առիթներով ալ անդրադարձած էինք, թէ Աստուած չէ՛ ստեղծած «չար»ը, քանի որ «չ»արարած է, այսինքն ստեծուած չէ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը բեղուն եւ եռանդուն տարեշրջան մը բոլորեց։ Իսկ աշակերտները անհամբերութեամբ կը սպասէին վերջընթեր օրուան, երբ պիտի ներկայացնէին խրախճանք մը, որ յատկացուած էր մայրենիին:
Տարեվերջեան ոգեւոր հանդիսութիւն մը կայացաւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ։ Նոր դպրոցի կառուցման հետեւանքով հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Պաքըրգիւղ մարզակումբի սրահին մէջ։
Թոփգաբուի ընտանիքը երէկ համախմբուեցաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Դպրոցի համալիրէն ներս զանազան սերունդներէ ընթացաւարտներ մէկտեղուեցան բարձր տրամադրութիւնով։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի տարեվերջի հանդէսը եզրափակիչ հանգրուան մը հանդիսացաւ այս տարուան ուսումնակրթական գործունէութեան։ Օրուան յայտագիրը սկսաւ տնօրէն Շահին Չընարի բացման խօսքով, որ յորդորներ տուաւ տղոց եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց։
Տարեվերջեան խանդավառութիւնը տիրեց նաեւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Այսպէս, առաջին դասարանի փոքրիկները խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշեցին Ընթերցման տօնը։
Նորվեկիոյ մայրաքաղաքը՝ Օսլոյի մէջ կայացած Եւրոպական միութեան Մշակութային ժառանգութեան եւ «Europa Nostra» մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս հայկական եկեղեցիին շնորհուեցաւ եօթ գլխաւոր մրցանակներէն մէկը։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի երէկուան շրջանաւարտից հանդէսը դարձաւ իւրայատուկ պահ մը վարժարանի 62-ամեայ պանծալի պատմութեան մէջ:
Փոխ-վարչապետ Պիւլենտ Արընչ կրթօճախի սրահին մէջ ունեցած իր ելոյթին ժամանակ մաղթեց, որ օր մը Հայաստանէն վարչապետ մըն ալ ներկայ ըլլայ այս արարողութեան:
Երաժշտական փառատօնի շրջագծով քաղաքս հիւրընկալեց պատուաբեր ներկայութիւն մը:
Սրբոց Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ մէջ կայացած համերգը ունէր անդրանիկ ելոյթի մը հանգամանքը:

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Ապրիլ 28 2015: Քաթարէն աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնիմ Թոքիօ: Առաջին անգամն է, որ Ճաբոն պիտի այցելեմ: Բնականաբար կը հետեւինք Ճաբոնի ճարտարարուեստական յառաջխաղացքին եւ գիտենք, որ այդ երկիրը իր արտադրութիւններով ողողած է աշխարհի շուկան, բայց նաեւ կարդացած եմ պատմութեան ընթացքին անոր սխրագործութիւններուն մասին:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդն ու հայկական մշակոյթը համաշխարհային հռչակի արժանացնող եւ միջազգային արուեստասէր հասարակութեան սիրելի դարձնող մեծանուն հայերու փաղանգին մէջ, իր բարձրադիր պատուանդանը ունի Արամ Խաչատրեան, որուն ծննդեան տարեդարձը կը տօնենք Յունիս 6-ի օրը։

Փարիզի Հայ մշակոյթի տան «Տէմիրեան» սրահին մէջ Համազգայինը կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որու ընթացքին բանախօսեց պատմաբան Անահիտ Տէր-Մինասեան։ Ձեռնարկին առիթ տուած էր Կարօ Սասունիի «Լեռներու խորհուրդը» հատորին ֆրանսերէնով կատարուած հրատարակութիւնը «Փարանթէզ» հրատարակչատան կողմէ, «Որսորդը» խորագրով։ Հատորը թարգմանած է Բաբգէն Սասունի, իսկ վերջաբանի հեղինակն է Անահիտ Տէր-Մինասեան։
Քոփենհակի համալսարանին մէջ ուսումնասիրուած են 101 հնագոյն ծննդական նմոյշներ Եւրոասիայի տարբեր շրջաններէն:
Երեւանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Ռայնէլ Մորէլ Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ «ՆԱԹՕ-Հայաստան յարաբերութիւնները՝ նոր մարտահրաւէրներու լոյսի ներքոյ» խորագրով խորհրդաժողովին։ Ան իր ելոյթին մէջ յայտարարեց, թէ վստահ է, որ օր մը Գերմանիա պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը։

