Արխիւ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2015

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենայ Միւռոնօրհնութիւն։
Հայաստանեայց Առաքելական Ուղղափառ եկեղեցին հոգեւոր միասնականութեամբ կը վերամիաւորէ իր աշխարհացրիւ հօտը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը կը նախագահէ պատմական արարողութեան։

 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2015

Կիպ­րա­կան հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին զու­գա­հեռ՝ ներ­կա­յիս աշ­խա­տանք կը տա­րուի կղզիէն ներս կրօ­նա­կան գետ­նի վրայ խա­ղա­ղու­թիւնն ու հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Ծա­նօթ է, որ վեր­ջին շրջա­նին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մէջ ար­ձա­նագ­րուած է յա­ռա­ջըն­թաց եւ ստեղ­ծուած՝ յու­սադ­րիչ մթնո­լորտ մը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2015

Ե­նի­գա­բուի հրա­պար­կին վրայ, Կիրակի օր, տե­ղի ու­նե­ցաւ «Մի­լիո­նա­ւոր շունչ, ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ մէկ ձայն» խո­րագ­րեալ հան­րա­հա­ւա­քը, ո­րուն նպա­տակն էր վեր­ջին շրջան­նե­րուն պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան շար­ժում­նե­րը վար­կա­բե­կել ու ընդ­դէմ ա­հա­բեկ­չու­թեան միաս­նա­կան ո­գին ամ­րաց­նել։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2015

«ContourGlobal» ամերիկեան ընկերութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ համաձայնութիւն:
Որոտանի ջրաելեկտրակայանի երեք կառոյցներուն համար նախատեսուած են հսկայական ներդրումներ:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Ե­րու­սա­ղէ­մի «Ալ Աք­սա» մզկի­թին շուրջ ըն­թա­ցող բա­խում­նե­րը կրնան կրօ­նա­կան պա­տե­րազ­մի մը պատ­րոյ­գը վա­ռել: Անց­նող օ­րե­րուն գրան­ցուած բա­խում­նե­րը կը դառ­նա­յին հա­մա­տա­րած, երբ Իս­րա­յէ­լի ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րը յա­ւե­լեալ ար­գե­լա­փա­կում­ներ կը դնէին մզկիթ մուտք գոր­ծել ու­զող պա­ղես­տին­ցի (եւ ոչ միայն պա­ղես­տին­ցի) մահ­մե­տա­կան­նե­րուն դէմ:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2015

​Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս:
Մեծարանքի հանդիսութիւններ կը պատրաստուին ի պատիւ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2015

Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րէց Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեա­նի, այ­ցե­լեց Պատ­րիար­քա­րան, ուր ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք­. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2015

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

​Սեպ­տեմ­բեր 17-ին հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը իր մե­ծա­նուն ար­ժէք­նե­րէն ճար­տա­րա­պետ Ռա­ֆա­յէլ Իս­րա­յէ­լեա­նի (1908¬1973), որ յատ­կա­պէս «Սար­դա­րա­պա­տի ճա­կա­տա­մար­տը» յա­ւեր­ժաց­նող իր յու­շա­հա­մա­լի­րով՝ բարձ­րա­դիր պա­տուան­դան մը նուա­ճած է հա­յոց ան­մահ ար­ժէք­նե­րու պան­թէո­նին ու, իբ­րեւ այդ­պի­սին, հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ասեղնագործուհի Անահիտ Կարապետեան արդէն քսանհինգ տարիէ ի վեր իւրովի ծառայութիւն մը կը մատուցանէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ:
Շաբաթավերջին օրհնուելիք Սրբալոյս Միւռոնի կաթսային եւ միւռոնաթափ աղաւնիին ծածկոցները պատրաստած նուիրեալ արհեստաւորը:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Խօ­սի­լը՝ խօս­քը գոր­ծա­ծել ի­րա­պէ՛ս ա­րուեստ մըն է։
Ու­րիշ ա­ռիթ­նե­րով ալ ը­սած ենք. կան մար­դիկ՝ որ շա՜տ կը խօ­սին եւ ո՛­չինչ կ՚ը­սեն, կան մար­դիկ՝ որ սա­կա­ւա­խօս են, քիչ կը խօ­սին եւ շա՜տ բան կ՚ը­սեն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2015

Հայաստանի տնտեսութեան մասին կանխատեսումները չեն պարզեր միանշանակ համայնապատկեր մը:
Միջազգային կարգ մը վաճառանիշերու երկրի շուկայէն դուրս գալու որոշումները ստեղծած են լայն արձագանգ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2015

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի վերաշխուժացման հանգրուանը կ՚ուղղորդուի բազմաբնոյթ վարկածներու քննարկումով: Եդուարդ Նալպանտեան-Էլմար Մամէտեարով ժամադրութեան լոյսին տակ միջնորդները պիտի աշխատին մինչեւ տարեվերջ նախագահներու հանդիպում մը կազմակերպելու համար:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2015

Թուրքիա կը պատրաստուի հիւրընկալել G-20-ի գագաթաժողովը՝ 15-16 Նոյեմբեր թուականներուն
Անթալիոյ մէջ նախատեսուած մեծ ժամադրութեան պիտի մասնակցին աշխարհի բազում երկիրներէն ղեկավարներ եւ ազդու դէմքեր: Ծրագրին հանգրուանները արդէն սկսած են կեանքի կոչուիլ փուլ առ փուլ զանազան քաղաքներու մէջ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Աս­տուած» եւ «Բնու­թիւն»՝ այս եր­կու­քը միշտ զբա­ղե­ցու­ցած է մարդ­կա­յին միտ­քը։ Մա­նա­ւանդ՝ Ֆրան­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան գա­ղա­փա­րա­կա­նը մեր­ձի­մաստ հա­մա­րեց զա­նոնք։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2015

ԵԱՀԿ-ի հիմ­նա­րար փաս­տա­թուղ­թե­րու ստո­րագր­ման 40-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը նա­խըն­թաց օր հան­դի­սա­ւո­րա­պէս նշուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ 1975 թուա­կա­նին ստո­րագ­րուած Հել­սին­քեան եզ­րա­փա­կիչ աք­տի 40-ա­մեա­կին ձօ­նուած ձեռ­նարկ­նե­րուն տան­տէրն էր Ե­րե­ւա­նի մօտ ԵԱՀԿ-ի գրա­սե­նեա­կի ղե­կա­վար Անտ­րէյ Սո­րո­քին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ար­մե­նիա-Էքս­փօ 2015» տա­րե­կան ցու­ցա­հան­դէ­սին հան­դի­սա­ւոր բա­ցու­մը։ Ար­դէն 15-րդ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, ո­րու բա­ցու­մը պա­տուեց նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2015

​ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 7-8-ի լուս­ցող գի­շե­րը, 43 տա­րի ա­ռաջ, ­Փա­րի­զի հի­ւան­դա­նոց­նե­րէն մէ­կուն մէջ, մեր կեան­քէն առ­յա­ւէտ հե­ռա­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան տա­ղան­դա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Ն­­շան Պէ­շիկ­թաշ­լեան, որ սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ յա­ւեր­ժու­թեան ար­ժա­նի է իբ­րեւ հայ­կա­կան եր­գի­ծան­քի սփիւռ­քեան շնչա­ւոր­ման տա­ղան­դա­ւոր վար­պե­տը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2015

Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նի վե­րա­մու­տին ըն­դա­ռաջ մե­ծա­րեց գա­ւա­ռա­կի վար­ժա­րան­նե­րուն տնօ­րէն­նե­րը։ Ան ճաշ­կե­րոյթ մը կազ­մա­կեր­պեց ի պա­տիւ Շիշ­լիի շրջա­նի պե­տա­կան կամ մաս­նա­ւոր վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րուն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2015

«The Tbilisi Times» վրա­ցա­կան թեր­թը ծա­ւա­լուն յօդուած մը հրա­պա­րա­կեց Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վի­րա­հա­յոց Թե­մի գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Այս յօ­դուա­ծին կցուած են նաեւ շարք մը լու­սան­կար­ներ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2015

Անգ­լիա­կան «The Guardian» հե­ղի­նա­կա­ւոր օ­րա­թեր­թը գրեց, թէ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ պէտք է քննա­դա­տէ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ջու­ղա­յի խաչ­քա­րե­րու կազ­մա­կերպուած ա­ւե­րու­մը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, 2005 թուա­կա­նին Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած ձե­ւով ոչն­չա­ցուած էին հա­մա­մարդ­կա­յին ժա­ռան­գու­թեան այդ կա­րե­ւոր ու անկրկ­նե­լի ար­ժէք­նե­րը։

Էջեր