Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքն ու անդամներէն Վոլքան Արատը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2024

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ կը շարունակուին բազմակողմանի ձեռնարկները։ Ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը աշխատանք կը տանի ծրագիրներու զանազանութիւն ապահովելու ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2024

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Մեծ պահոց շրջանի վերջին Արեւագալը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արեւագալի ժամերգութեան։ Ներկայ էին Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան, ինչպէս նաեւ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուի։

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2024

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարձր պաշտօնատարներու շարքին երէկ կատարուեցան կարգ մը փոփոխութիւններ։ Այսպէս, Տ. Մուշեղ Եպիսկոպոս Պապայեան Վեհափառ Հայրապետին կարգադրութեամբ ազատուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետի եւ Մայրավանքի տեսուչի պարտականութիւններէն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի երեսունութերորդ օրն է:
Պահքը իրեն միշտ ընկերակից ունի փորձութիւնը: Ասոր ամենէն վառ օրինակը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կրած փորձութիւնն էր, որ Իր պահեցողութեան վերջին օրերուն ունեցաւ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2024

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Օրեր առաջ, երեւանաբնակ մտերիմ ընկերներէս եւ անկեղծ բարեկամներէս մէկէն նամակ մը ստացայ առ ի պատասխան վերջերս մամուլին մէջ նոր լոյս ընծայած յօդուածիս:

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Քրիստոնեան ստուգիւ այն անձն է, որ գիտէ համբերել։ Պօղոս առաքեալ համբերութիւնը առընչակից կը ներկայացնէ սիրոյ. «Սէրը կ՚արդարացնէ ամէն բան, կը հաւատայ ամէն բանի, կը համբերէ ամէն բանի». (Ա. ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 7)։

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երէկ լոյս տեսած մեր «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հաշտութիւնը» խորագրեալ յօդուածին լոյսին տակ, այսօր կ՚ուզենք անդրադառնալ ժողովուրդի ունեցած մօտեցումին մասին, որովհետեւ կը հաւատանք, որ պետութեան մը որոշումներն ու քաղաքականութիւնը՝ մանաւանդ ժողովրդավար երկիրի մը մէջ պարտի հայելին ըլլալ ժողովուրդի կամքին ու ձգտումներուն՝ եւ ո՛չ սեփական շահերու վրայ հիմնուած որոշումներու:

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2024

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Արաբ խօսնակ մը. Արաբ ժողովուրդը մէկ մարդու նման բռնկելէ եւ իր անկախութիւնը՝ քրտինքով, արցունքներով եւ արիւնով ձեռք բերելէ ետք: Ինչպէս նաեւ մեր երկրէն բռնապետութիւնը վռնտելէ ետք:

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2024

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

«Ինձ ժողովուրդը ընտրած է՝ ինչ կ՚ուզեմ, կ՚ընեմ»: Սովորաբար այսպէս իրենց կամայականութիւնները կ՚արդարացնեն օթորիթէր վարչակարգերու բոլոր ղեկավարները՝ ներառեալ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի մէջ:

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Մի քանի օր առաջ Եւրոխորհրդարանը գրեթէ միաձայն առաջարկեց Եւրոմիութեան գործադիր կառոյցներուն՝ դիտարկել Հայաստանի ԵՄ-ի անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ տալու հարցը։ Որեւէ իրադարձութեան պարագային որեւէ հասարակութեան արձագանգը սովորաբար կ՚ըլլայ երկու տեսակ։

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024

Իսրայէլի բանակի վերջին գործողութիւններուն հետեւանքով Պաղեստինի մէջ գաղթի հերթական ալիք:
Ճօ Պայտընի եւ Պենիամին Նեթանիյահուի միջեւ հեռախօսազրոյց: Եւրոմիութեան եւ Եգիպտոսի միջեւ ելմտական համաձայնութիւն:

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) վերջին շրջանին արդէն աշխատանք ծաւալած է՝ համայնքէն ներս նուիրահաւաքման նոր համակարգ մը հաստատելու առաջադրութեամբ։ Այդ նախաձեռնութիւնը ընթացած է բաւական գործնական եւ արագ թափով ու ի վերջոյ գրեթէ պատրաստ է կեանքի կոչուելու։

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024

Ալիեւ կը խօսի բանակցութիւններու աշխոյժ փուլի, իսկ Փաշինեան նոր պատերազմի մը վտանգին մասին:
Եէնս Սթոլթենպերկ. «Թուրքիա-Ատրպէյճան ռազմական համագործակցութիւնը նպաստաւոր է ՆԱԹՕ-ի համար»:

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի երեսուեօթներորդ օրն է:
Վարդան Այգեկցին կը գրէ. «Պահքը ամուր աշտարակ եւ լուսաւոր սանդուխ է Աստուծոյ մօտ բարձրանալու համար։ Պահքը լայնատարած կամուրջ է, նաեւ ելքի ճանապարհ՝ դէպի երկինք տանող»:

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց ՃՀՓ-ի Ֆաթիհի քաղաքապետի թեկնածու Մահիր Փոլատը։

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան աղբիւրները երէկ պաշտօնապէս պոլսահայ մամուլին տեղեկացուցին, որ հարցախոյզի մը աշխատանքները սկսած են համայնքէն ներս։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ընդհանուր համայնապատկերը ուրուագծելու համար սկսած է այս աշխատանքը, որ յառաջ կը տարուի Պատրիարքարանի «Հաղորդակցութեան խմբակ»ին կողմէ։

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ո՞վ ես դուն,
կը հարցնեմ յաճախ բոլորին,
ծանօթին ու անծանօթին,
ու տարիներու թաւալումէն շուարած սիրտս,
յուշերուս դիմաց,
անուշ ու հաճելի նոր բաբախում մը կ՚ապրի,
մինչ միտքս, իր արդար խոյանքով,
նոր յոյսերու եւ խինդերու ակեր կը ծնի:

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Թուրքիա-Եւրոպա համագործակցութեան արդի պատմութիւնը կը սկսի 1963-ին, երբ Թուրքիա արդէն այդ ժամանակուայ կազմաւորուած եւրոպական տնտեսական կառոյցին համագործակցող անդամ էր՝ համանախագահ տասն անդամ եւրոպական երկիրներու կողքին:

Էջեր