Արխիւ

Շաբաթ, Ապրիլ 26, 2025

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Թովմաս Թէրզեան ծնած է 21 հոկտեմբեր 1840-ին, Կոստանդնուպոլիս: Մայրը իտալացի եղած է, իսկ հայրը՝ յունախօս իզմիրցի, հայ կաթոլիկ: 
Հայ բանաստեղծ, թատերագիր, թարգմանիչ եւ ուսուցիչ: Տասը տարեկանին ընդունուած է Բերայի Մխիթարեաններուն վարժարանը, ուր մէկ տարի ուսանելէ ետք, ղրկուած է Վենետիկ, Մուրատ Ռափայէլեան վարժարան, ուր հմտացած է գրաբար, իտալերէն, ֆրանսերէն եւ հին յունարէն լեզուններու մէջ:

Շաբաթ, Ապրիլ 26, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթողոմէոս առաքեալներ Հայոց հաւատքի առաջին լուսաւորիչներն են. Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ՝ ազգի երկրորդ լուսաւորիչը. Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց՝ Սուրբ Գիրքի եւ լեզուի երրորդ լուսաւորիչը, իսկ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի՝ աստուածաբանութեան չորրորդ լուսաւորիչը։

Շաբաթ, Ապրիլ 26, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ ժողովուրդը ունի բազմաթիւ մտահոգութիւններ ու խնդիրներ, սակայն, անոնցմէ ամենէն կարեւորներէն մէկը անկասկած Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումն է, որ շատերու համար անմիջական ու անհրաժեշտ, իսկ շատերու համար դաւաճանութիւն կը նկատուի. ոմանք Հայաստանի ներկայ իշխանութեանց քայլերը կը նկատեն դիւանագիտական ու ճիշդ, իսկ ուրիշներ զայն կ՚որակեն որպէս չարիք հայ ժողովուրդին: 

Շաբաթ, Ապրիլ 26, 2025

Պետական գանձի ու ելմտական նախարար Մեհմէտ Շիմշէք վերջին օրերուն այցելեց Ուաշինկթըն, ուր տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական գանձի նախարար Սքաթ Պեսընթի հետ։

Շաբաթ, Ապրիլ 26, 2025

Պաքուի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալասը, որ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։

Շաբաթ, Ապրիլ 26, 2025

Ատրպէյճան վերջին օրերուն դարձեալ կրակ կը բանայ Սիւնիքի մարզի շարք մը բնակավայրերուն վրայ:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ՝ հանրապետութեան նախագահի եւ վարչապետի գլխաւորութեամբ:

Շաբաթ, Ապրիլ 26, 2025

Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ հիւրընկալեց Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն՝ կրկնելով իր յայտնի յամառ պահանջը:
Ատրպէյճան միշտ հետամուտ իր ակնկալութեան, որպէսզի Հայաստան քայլ առնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լուծարման համար:

Ուրբաթ, Ապրիլ 25, 2025

Փեքին-Պաքու առանցքին վրայ համագործակցութիւնը հետզհետէ կը խորանայ անանտեսելի թափով:
Սի Ծինփինկի եւ Իլհամ Ալիեւի վերջին հանդիպումը նոր հորիզոններ կը բանայ Չինաստանի եւ Ատրպէյճանի առջեւ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 25, 2025

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի տարեկան ընդհանուր ժողովը գումարուած:
Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան գնահատեց գիտակազմակերպչական գործունէութեան ձեռքբերումները:

Ուրբաթ, Ապրիլ 25, 2025

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան վաղը պիտի մասնակցի Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նորոգ վախճանեալ քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի յուղարկաւորութեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 25, 2025

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տուն վերադառնալէ վերջ հրապարակած առաջին 24 Ապրիլի պատգամին մէջ վերադարձաւ՝ 1915 թուականի դէպքերու վերաբերեալ իր նախկին որակումին։ Երկար տասնամեակներ Ուաշինկթընէն հնչած պատգամին մէջ նախընտրուած բառապաշարը կիզակէտային հարցի մը վերածուած էր թէ՛ թրքական եւ թէ հայկական կողմերուն տեսակէտէ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 25, 2025

Երեւանի մէջ կազմակերպուած հաւաքին մասնակից փաստաբանները այցելեցին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
Միջազգային հարթակներու վրայ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ հասարակութիւններու մէջ արդարութիւն:

Ուրբաթ, Ապրիլ 25, 2025

Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, 24 Ապրիլի առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան խօսեցաւ քարոզ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 25, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Փոփոխուող աշխարհակարգը, ընկերային ցանցերու եւ համացանցի օգտագործումը, ի հարկէ, ազդած են մարդոց ապրելակերպի եւ յարաբերութիւններու վրայ։ Յարաբերութիւններու մշակոյթը, օգտագործուող սահմանումները սկսան փոխուիլ եւ փոխարինուեցան նորերով։

Ուրբաթ, Ապրիլ 25, 2025

Ուրբաթ, Ապրիլ 25, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ո՞վ է քահանան, ո՞վ է հովիւը. ամենէն կարեւոր հարցումն է ասիկա, քանի որ որոշադրիչ նշանակութիւն ունի քահանային համար ինքնաճանաչման տեսակէտէն. ինքնաճանաչում՝ ո՛չ սոսկ որպէս անձ, անհատ, այլ որպէս «քահանա՛յ», իր առաքելութեան, իր կոչումին, իր պաշտօններուն եւ հոգեւոր պատասխանատուութեան յարաբերաբար։

Ուրբաթ, Ապրիլ 25, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մօտաւորապէս հինգ-վեց տարիներ առաջ կը բարձրաձայնէինք, թէ մարդկութեան քով ընթերցելու սէրը պակսած է. գրեթէ ո՛չ ոք գիրք ու թերթ կը կարդայ. այս մէկը վստահաբար ահազանգ մըն էր, որ հարցականի տակ կը դնէր նաեւ տպագրութեան եւ մամուլի ապագայ ընթացքը, սակայն, այսօր կու գանք այդ հաստատումը փոխելու:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ազատութիւն»ը մարդկային արժանապատուութեան բնական մէկ հետեւանքն է։ Աստուած մարդը իմացական արարած ստեղծեց, տալով անոր արժանապատուութիւնը անձի մը՝ որ օժտուած է նախաձեռնութեամբ եւ իր գործերուն տիրապետութեամբ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մի քանի օրեր առաջ ծանօթ մը խօսակցութեան պահուն հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ համար մինչեւ այսօր «գիրք» մը չեմ հրատարակած՝ նկատի ունենալով, որ գրի առած եմ աւելի քան 1200 յօդուած։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, 2025

24 Ապրիլի առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը այս առաւօտ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ։ Պետական աւագանիի անդամները յուշահամալիրին մօտ ծաղկեպսակներ զետեղեցին ու ծաղիկներ խոնարհեցին անմար կրակին առջեւ։

Էջեր