Արխիւ

Երկուշաբթի, Յուլիս 21, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Լրատուական մեր աշխարհը ողողուեցաւ Երեւանի մէջ Ազնաւուրի արձանին բացումով։ 
«Ողողուիլը» քիչ է, անշուշտ, այս պարագային ու հաւանաբար իմ գիտցած միւս հոմանիշներն ալ՝ «յորդիլը», «հեղեղիլը» բաւարար չեն եղածը նկարագրելու։ 
Գիտեմ, նորութիւն մը չէ՛ր այս հեղեղը։ Լաւ թէ՛ վատ, դրական թէ՛ բացասական ըլլայ պատահածը՝ այս է ըլլալիքը եւ ինչ խօսք, որ մեզ ուղղող ու առաջնորդող «խելացի» մեր հեռաձայններն ալ չեն զլանար այս հեղեղը բազմապատկելու։ 

Երկուշաբթի, Յուլիս 21, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Նորաձեւութեան բարձրաճաշակ ցուցադրութիւն մը գրեթէ միշտ կը խօսի բառերէն աւելի զօրաւոր։ Իսկ երբ համաշխարհային նորաձեւութեան հնչեղ անուններէն մին՝ «Dolce&Gabbana» կը ներկայանայ իր մեծաշուք հաւաքածոյով, այդ լեզուն կը դառնայ մշակոյթի, ժառանգութեան ու հաստատուած ոճի կենդանի բեմադրութիւն։

Երկուշաբթի, Յուլիս 21, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

21-րդ դարը նշանաւորուեցաւ արագ զարգացող արհեստական բանականութեամբ, որ կը ներթափանցէ մարդկային կեանքի ամէն գետնի մէջ՝ առողջապահութենէն մինչեւ քաղաքականութիւն, կրթութենէն մինչեւ արուեստ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 21, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Էութիւնը գոյութեան ներքին բնոյթն է, իսկ բնութիւնը՝ շրջապատող աշխարհը, իսկութիւն։ Այս իմաստով «էութիւն»ը եւ «բնութիւն»ը մէկ են, ինչպէս եւ «մարդկութիւն»ը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 21, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Իր յաջորդ տողին մէջ Լինքըն (գուցէ քաղաքական գործիչ ըլլալու պատճառով) հետեւեալը կը խնդրէ իր զաւկի ուսուցիչէն. սորվեցուր անոր, «որ իւրաքանչիւր խարդախ քաղաքական գործիչի դիմաց կայ նաեւ նուիրեալ առաջնորդ»: 

Երկուշաբթի, Յուլիս 21, 2025

Ս. Առաքելոց տօնին առթիւ, շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 21, 2025

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութեան նախագահեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 21, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութիւններուն եւ տուաւ օրուան քարոզը։

Շաբաթ, Յուլիս 19, 2025

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ եւ Հայաստանի ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուր արդէն Երեւանի կեդրոնին դարձաւ մշտական ներկայութիւն։ Երէկ, քաղաքամայր Երեւանի մէջ, հանդիսաւոր արարողութեամբ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի արձանին, որ կը կոչուի «Լա Պոհեմ» եւ որ կանգնեցուած է համանուն հրապարակին վրայ։

Շաբաթ, Յուլիս 19, 2025

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան երէկ պարգեւատրեց «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան նախագահ Երուանդ Զօրեանը, որուն յանձնեց պետական բարձր պարգեւ մը։

Շաբաթ, Յուլիս 19, 2025

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ այս շրջանին դարձեալ աշխուժութիւն ստեղծուած է՝ բարձր մակարդակի շփումներով։

Շաբաթ, Յուլիս 19, 2025

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Վերադառնալով Մոնթրէալ, Մհերը նորէն դիմաւորեց զիս։ Այս անգամ գանատայացած էի չնչինօրէն ու կ՚ուզէի աւելիով փայփայել Գանատան: Շունչս բաց էր ո՛չ թէ աշխարհին ու տիեզերականացման, այլեւ՝ միայն Գանատան իբրեւ Գանատա սիրելու ու Գանատային հակուելու (չըսելու համար խղճալու) սիրապանծութեամբ:

Շաբաթ, Յուլիս 19, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանէ ներս կը ձեւաւորուի նոր խօսոյթ մը, որ կ՚իմաստաւորուի նոր հաւասարակշռութիւններու լոյսին տակ:
«Հիզպուլլահ» եթէ չփոխէ իր ընթացքը, ապա յաջորդ քայլափոխին կրնայ Պենիամին Նեթանիյահուի համազօր պատասխանատու դառնալ:

Շաբաթ, Յուլիս 19, 2025

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ մեր ընթերցողներուն ներկայացուցինք Շահնազար Քէօթահեանի կեանքն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Քէօթահեանի գրած բանաստեղծութիւններէն փունջ մը ներկայացուցինք:

Շաբաթ, Յուլիս 19, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հելլէնաբան դպրոցի իսկական հիմնադիր կը հանդիսանայ Մովսէս Խորխորունեաց եպիսկոպոսը՝ Մաշտոց եպիսկոպոսի յաջորդը եւ թերեւս աշակերտը՝ հաւանօրէն ծանօթ Մովսէս Խորենացին. պատմագիրը կամ քերթողահայրը։

Շաբաթ, Յուլիս 19, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ապրահամ Լինքըն կը շարունակէ ուսուցիչէն խնդրել. «Ան պէտք է գիտնայ, որ մարդիկ արդար չեն, մարդիկ ճշմարիտ չեն»: Այս մէկը կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ ցաւ ի սիրտ, մեր դպրոցներուն ընդհանրապէս կեանքը վարդագոյն կը ներկայացուի աշակերտներուն եւ իրական կեանք դուրս գալէ ետք է, որ անոնք կը հասկնան, որ կեանքը այն չէ՝ ինչ որ է դասագիրքերուն մէջ: 

Ուրբաթ, Յուլիս 18, 2025

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախաձեռնութիւններէն մէկուն մասնակիցները։

Ուրբաթ, Յուլիս 18, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Օշին Փոլատն ու փոխ-ատենապետ Շահինար Պոշնաքը։

Ուրբաթ, Յուլիս 18, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ամէն մարդ կը փափաքի զգացուիլ։ Զգալ, թէ ինք ներկայ է ուրիշի կեանքին մէջ, իր մտածումները, զգացումները ու ներկայութիւնը նշանակութիւն ունին։ Մարդ էակը միշտ ունի երկու խորունկ փափաքներ՝ զգացուիլ եւ հասկցուիլ։

Ուրբաթ, Յուլիս 18, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մատթէոսի Աւետարանի ԺԳ. գլուխը 7 առակներ կը պարունակէ՝ Բնութենէն եւ առօրեայ կեանքէ քաղուած եւ բոլորն ալ կենդանի օրինակներ։
Ահաւասիկ, այս առակներէն մին է «Որոմին առակը». (ՄԱՏԹ. ԺԳ 24-30)։ Միւս առակներուն նման, այս առակն ալ կը ներկայացնէ ներկայ կեանքը։

Էջեր