Արխիւ

Ուրբաթ, Յուլիս 25, 2025

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերը, որ կ՚աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը։

Ուրբաթ, Յուլիս 25, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Այնքան տաք ու ճնշող տրամադրութիւն, որ կրնայ արթնցնել քեզ ամառնային երեկոներուն։ Անհանգստութիւն, որ նոյնիսկ շնչելու ժամանակ չի թեթեւնար կրծքավանդակի ցաւը…

Ուրբաթ, Յուլիս 25, 2025

ՏՔԹ. ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Մայրենի լեզուն՝ մարդկային հիմնական իրաւունք։ Որովհետեւ մայրենի լեզուն խորապէս միահիւսուած է անհատի եւ համայնքի մը ինքնութեան, մշակոյթին եւ ժառանգութեան հետ։

Ուրբաթ, Յուլիս 25, 2025

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Տունը վրաս պիտի փլի, եթէ վայրկեան առաջ դուրս չգամ, մաքուր օդ կ՚ուզեմ եւ թէեւ ամառ ըլլալուն՝ թեթեւ հագուստներն անգամ ծանր կը կշռեն վրաս։ Ուսերս կքած են, այս մտահոգութիւնները օձի նման փաթթուեր են վրաս եւ ուր որ է պիտի խեղդուիմ։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 24, 2025

Թուրքիոյ տանտիրութեամբ եւ հիւրընկալմամբ, երէկ, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցան Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցութիւններ։ Իր նմաններու շարքին երրորդն էր բանակցային փուլը։ Պատուիրակութիւնները մէկտեղուեցան Չըրաղանի պալատին մէջ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 24, 2025

Հայաստանի մէջ ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի տագնապը կը խորանայ չափազանց մտահոգիչ դրսեւորումներով։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քանի մը օրէ ի վեր դարձեալ ընկերային ցանցերու վրայ իրերայաջորդ գրառումներով հանդէս կու գայ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 24, 2025

Իրականութիւնը բացարձակ արժէք մըն է, որ միշտ մարդուն մեկնակէտը կ՚ըլլայ՝ ինչքան ալ ունենայ յարաբերական չափումներ։ Երբեմն երեւակայութիւնն ալ կրնայ նպաստաւոր ըլլալ՝ իրականութեան հասնելու ճանապարհին, եթէ մարդ լաւ սնէ զայն ու լաւ սնուի անկէ։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 24, 2025

Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) կողմէ երէկ համայնքային մամուլին ներկայացուեցաւ՝ «İtimat Bürosu»ի տագնապով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ կատարուած քննութեան արդիւնքը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 24, 2025

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Աստուածամօր պատկերին առաջ կ՚աղօթեմ… Արցունքախառն կը խնդրեմ… 
Տոքթորականի վկայականս նոր ստացած Հայաստանէն Երուսաղէմ կը վերադառնամ։ Զոհողութիւնս շատ մեծ էր։

Հինգշաբթի, Յուլիս 24, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ գրող, հրապարակախօս, բժիշկ եւ պատմավիպագիր Ծերենց՝ նոյնինքն Յովսէփ Շիշմանեան (1822-1888թթ.) նոյնպէս դարձած է Յակոբ Պարոնեանի «Ազգային ջոջերէն» մէկը։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 24, 2025

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Օրերս, Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպիսկոպոս Իսախանեանը դիմատետրի իր էջին վրայ զետեղած էր գրութիւն մը, ուր դիմելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին, մի քանի հարցադրումներ կու տար եւ մի քանի կարծիքներ կը յայտնէր:

Հինգշաբթի, Յուլիս 24, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկինքի մէջ ապրիլ՝ կը նշանակէ «Քրիստոսի հետ ըլլալ». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 3), (ՓԻԼ. Ա 23), (Ա ԹԵՍ. Դ 17)։ «Ընտրեալներ»ը «Անոր մէջ» կ՚ապրին, հոն պահպանելով, աւելի ճիշդ՝ հոն գտնելով իրենց իսկական ինքնութիւնը՝ իրենց յատուկ անունը. (ՅԱՅՏ. Բ 17)։

Հինգշաբթի, Յուլիս 24, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

«Սորվեցուր անոր մարդոց հանդէպ ազնիւ ըլլալ»: Շատ մը առաքինութիւններ մարդուն հետ կը ծնին. վարքի եւ նկարագիրի մէկ անբաժան մասը կրնայ ըլլալ բարութիւնը, ազնիւ ըլլալը, ողորմածութիւնը եւ այլն, սակայն, Լինքըն (ինչպէս նաեւ մանկավարժութիւնը) կը հաւատայ, որ այդ մէկը ո՛չ միայն բնածին կրնայ ըլլալ, այլ նաեւ կրթութեան ճամբով կարելի է փոխանցել:

Հինգշաբթի, Յուլիս 24, 2025

Միջազգային ուժանիւթի գործակալութեան (IEA) կողմէ վերջերս հրապարակուեցաւ տեղեկագիր մը, ըստ որու՝ աշխարհ նուրբ նշանակութեամբ միներալներու պարագային արդէն յանձնուած է Չինաստանին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 24, 2025

ԵՊՀ-ի երդիքին տակ մանկավարժական ոլորտի սպասաւորներու մասնակցութեամբ կարեւոր ծրագիր:
«Նորարար ուսուցիչ՝ հզօր պետութիւն» խորագրեալ նախաձեռնութեան բացման ելոյթ մը ունեցաւ նախարար Անդրէասեան:

Հինգշաբթի, Յուլիս 24, 2025

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 23, 2025

Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանը պիտի օժտուի նոր, գերժամանակակից գրադարանով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համապատասխան նախագծի գործադրութիւնը արդէն սկսած է։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 23, 2025

Սպիտակ պաստառի հրապոյրին ներքեւ հեղինակաւոր վարպետներու անմոռանալի ու շքեղ տողանցք:
Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» 22-րդ շարժանկարի միջազգային փառատօնի փակման ու մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 23, 2025

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Քիթին տակէն առանց ընդմիջումի իր յօրինած օփերան կ՚երգէր եւ մատները թըփ-թըփ սեղանին կը զարնէր։ Մինչեւ այսօր չեմ ազատուած թըփ-թըփի բարդոյթէն։ Ակռաներս կը կրճտէի ջղայնութենէս, մայրս ծուռ-ծուռ եւ յանդիմանական նայուածք մը կը նետէր.
-Մէկը չունի, մենք ենք իր ընտանիքը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 23, 2025

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կ՚ուզեմ քեզի խօսքեր գրել,
Որ խօսքերու չի՛ նմանիր.
Եւ քեզի յատուկ լեզու մը հնարեմ,
Որ կազմաւորեմ զայն քու մարմինիդ չափերուն համաձայն
Եւ սիրոյս տարածութեան չափ:

Էջեր