Արխիւ
Հայաստանի Պետական սեմֆոնիք նուագախումբը արդէն քսան տարեկան է։ Յոբելենական համերգաշրջանն ալ ընթացքի մէջ է՝ «Արմենիա» միջազգային երաժշտական իններորդ փառատօնի մեկնարկին զուգահեռ։ Նուագախումբի տօնական համերգաշրջանը պիտի բնորոշուի բացառիկ ելոյթներով եւ նախագիծերով։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա մշտապէս կ՚աջակցի Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու հնարաւորինս արագ կարգաւորման, ինչ որ Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութեան եւ զարգացման հիմքն է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Արգիլուած պտուղ»ի համով՝ ամէն ինչ կարծես աւելի՛ ջերմ էր, աւելի՛ լարուած եւ աւելի իսկականՀամրայի: սրճարաններէն, գրախանութներէն քաղցր յիշատակներով եւ երգիչ Զիատ Ռահպանիի ձայնի վառ հետքերով:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասը։ Մինչ Իսրայէլ Կազզէի դէմ ցամաքային գործողութիւնները ամբողջ թափով յառաջ կը տանի, Թուրքիա միջազգային բեմահարթակի վրայ յամառ նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ՝ կասեցնելու համար ողբերգական ընթացքը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
1 սեպտեմբերէն սկսեալ դպրոցական կեանքը իր հունին մէջ մտած է արդէն Հայաստանէն ներս եւ մեր զաւակները դպրոց կը յաճախեն ուսումի եւ գիտելիքի մարմաջով տոգորուած:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցած էր Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ, արդէն վերադարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանի կը պատրաստուի այցելել Ուաշինկթըն։ Ան այս շաբթուան մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ ամերիկացի օրէնսդիրներու հետ՝ քննարկելու համար Սուրիոյ դէմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ սահմանուած վերջին պատժամիջոցներու վերացման վերաբերեալ հարցեր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանահայ բազում ընտանիքներու յիշողութեան մէջ միշտ գլուխ կը ցցէ անշրջադարձելի սուգը: Ճեսիքա Պէզճեանի մայրը. «Առանց յոյսի բոլորս կորսուած ենք, իսկ Պէյրութը սիրոյ եւ յոյսի յաւերժական քաղաքն է»:
Արա Կիւլէրի թանգարանէն ներս ներկայիս բացուած է շահեկան ցուցահանդէս մը, որ կը կոչուի՝ «Ճշմարտութիւնը լաւագոյն լուսանկարն է»։ «Պոմոնթիատա» համալիրէն ներս խարսխուած Արա Կիւլէրի թանգարանը այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կը կոչէ՝ համագործակցութեամբ «Robert Capa» արդի լուսանկարչութեան կեդրոնի եւ Իսթանպուլի Հունգարական մշակոյթի կաճառին հետ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ուստի ամէն ատեն վստահութիւն ունենանք, քանզի գիտենք թէ որչափ մարմնի մէջ ենք, Տէրոջմէն հեռու ենք. վասնզի հաւատքով կը քալենք եւ ո՛չ թէ երեւոյթներով. ուստի վստահութիւն ունենանք եւ ալ աւելի ուզենք մարմինէն հեռանալ եւ Տէրոջը քով կենալ», կը գրէ Պօղոս առաքեալ. (Բ ԿՈՐՆԹ. Ե 6-8)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդ արարած որոշ բնաւորութեամբ մը կը ծնի՞, թէ ոչ ժամանակի ընթացքին այդ բնաւորութիւնը կը կազմուի իր մէջ՝ չեմ գիտեր, սակայն կը հաւատամ, որ ազատութիւն ու կամք ունեցող մարդը, հակառակ բնածին որոշ գիծերու, ունի ուժն ու կարողութիւնը որոշ ընտրութիւններ կատարելու՝ ինչքան ալ դժուար ու խրթին ըլլայ այդ մէկը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամերիկեան յայտնի տնտեսական «Ֆորպզ» ամսագիրը վերջերս լայնածաւալ յօդուած մը նուիրած է Հայաստանին՝ զայն անուանելով գինիի հայրենիքի թիւ մէկ յաւակնորդ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կը յիշես չէ՞, շփոթ հոգիդ տեսնելով,
Խօսած էի քեզի իբրեւ հարազատ,
Յոյսի մաքուր զգացումներով,
Օրերուս կորսուած երջանկութիւնը յիշելով,
Ու կարօտի ճերմակ բառերով։
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ հիւրընկալեց յայտնի իլիւսթրաթէօր Ռոպին Եայլան, որ վարժարանին նուիրեց իր երկու գործերը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ժ. դարը հարուստ է եկեղեցական գրականութեամբ։
Այդ դարուն շինուեցան բազմաթիւ վանքեր՝ որոնք մտաւորական կեանքի կեդրոններ դարձան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«…Քիչ առաջ թաղեցինք զինքը, չորս մարդով, ճիշդ չո՜րս մարդով ու առանց քահանայի: Երեսկեկ փոս մը փորեցինք, քիչ մը հող իր ազազուն մարմինին վրայ ու քանի մը քարի կտորուանքներ:
ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հակառակ իմ կամքիս, ես կը քալէի թաղմանս…: Անցնող տարիներուն բոլոր սորված սին քարոզները, հիմա ինծի համար ծիծաղելի օճառի փուչիկներ կը թուին, շա՜տ ծիծաղելի:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Լոնտոն եմ, ընկերուհիիս Քրիստինէին քով իջեւանած եմ եւ միասին այցելեցինք իր ընկերուհիին՝ Նարէին։
Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, որ այս օրերուն Ուաշինկթընի մէջ կը գտնուի՝ «Թեմփըլթըն» հիմնարկին կողմէ իրեն շնորհուած մրցանակը ստանալու համար։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արիւնալի պատերազմը արդէն աւարտած է, սակայն, սուրիահայութեան ոսկեդարն ալ այլեւս կը պատկանի անցեալին։ Սուրիոյ ներքին կայունութեան հարցերը ուղղակիօրէն կը պայմանաւորեն երկրի հայութեան հորիզոնները, ուր կը տիրեն հարցականները։