Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 18-րդ օրն է:
Եսայիի մարգարէութեան 45-րդ գլուխին 22-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Ո՛վ երկրի բոլոր ծայրեր, ինծի՛ նայեցէք, որպէսզի փրկուիք. քանզի Ե՛ս եմ Աստուած եւ Ինձմէ ուրիշը չկայ»:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ահաւասիկ եկաւ ամիսներէն մարտը:
Հայաստանի մէջ գարունի աւետաբերներն են՝ թռչուններէն ծիծեռնակը, ծաղիկներէն ձիւնծաղիկը, իսկ ամիսներէն՝ մարտը: Գարունի ազդակը կը հնչէ մարտի մէկին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենադպիր, պոլսահայ կեանքի հանրածանօթ դեմքերէն Մկրտիչ Սէրթշիմշէք յաճախ կ՚այցելէ Հայաստան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեր պատմութեան էջերը եթէ թերթատենք, պիտի նկատենք, թէ մեր ժողովուրդի պատմութեան գերակշռող ժամանակաշրջանները եղած են պայքարի հանգրուաններ, ուր մեր ժողովուրդը արիութեամբ պայքարած է գլխաւորաբար արտաքին ուժերու դէմ, որոնք ներքին ուժերու օժանդակութեամբ, փորձած են ջլատել մեզ, փորձած են տիրանալ մեր հողերուն, փորձած են արմատախիլ ընել մեզ մարդկութեան պատմութեան տոհմածառէն, սակայն, հայու պայքարող ոգին երբեք չէ՛ տատանած եւ հակառակ իրմէ զօրաւոր ու աւելի պատրաստուած ուժերու դէմ պատերազմելուն, յաջողած է կանգուն մնալ, յաջողած է այսպէս կամ այնպէս պահել իր ինքնութիւնը, իր հողային տարածքները, իր մշակոյթը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Լաւագոյնը թշնամին է լաւին»։ Հրէական այս ասացուածքը տիեզերական իմաստ մը ունի եւ ճշմարտութեան համահաւասար արժէք մը կը ներկայացնէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր ազգը համեմատած այլ երկիրներու, ժապաւէնի ցուցադրութեան մէջ «քիչ» մը յետամնաց է, այնուամենայնիւ այսօր Հայաստանի մէջ, դժբախտաբար, գոյութիւն ունին այնպիսի ժապաւէններ, որոնք անմակարդակ ըլլալով հանդերձ կը գրաւեն մանուկներու եւ պատանիներու ուշադրութիւնը:
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը այս շրջանին կարեւոր ծրագիր մը կեանքի կը կոչէ՝ զօրակցելու համար երկրաշարժէն տուժած աղէտեալներուն։ Այսպէս, ակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է արագ ճատրակի մրցաշարք մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց պոլսահայ խումբ մը լուսանկարիչներ։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Այս առթիւ հիւրերը յայտնեցին, թէ որպէս պոլսահայ լուսանկարիչներ, կազմած են «Պոլիս լուսատու» անուն խմբակը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 17-րդ օրն է:
Կ՚ապրինք ժամանակաշրջան մը, երբ նիւթը ա՛յնքան սկսած է իշխել մարդուն վրայ, որ վերջինս յանուն այդ նիւթին կ՚անտեսէ ու կ՚ոտնակոխէ ամէն տեսակի սրբութիւն, նուիրականութիւն, եւ այլն:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Գերմանիոյ վարչապետին կատարած յայտարարութիւնը գրաւած է բոլոր լուսարձակները: Երկար ատենէ ի վեր միջազգային նման մակարդակէ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի իրաւադրոյթը չէր հնչած՝ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք:
Կը տեղեկանանք, որ «Համազգային» Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պաշտօնաթերթը՝ «Բագին» կ՚ողջունէ յոբելենական շրջան մը։ Գրական-գեղարուեստական այս հանդէսը արդէն անցեալ տարի բոլորած է իր հիմնադրութեան 60-ամեակը։
Ուաշինկթընէն իրերայաջորդ յայտարարութիւններ կը հնչեն՝ Արցախի հիմնախնդրին եւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններուն մասին:
Փրայս. «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ջանքերուն նպատակն է հակամարտութեան կարգաւորումը, ո՛չ թէ Ռուսաստանի հետ մրցակցութիւնը»:
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան ներկայացուց իր 10-ամեայ պաշտօնավարութեան հաշուեկշիռը:
Կառոյցի գործունէութեան առանցքը պիտի կազմեն կայունութիւնն ու արդարակշռութիւնը: Հաստատութեան հետաքրքրութիւնը պիտի շարունակուի նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն նկատմամբ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Կեանքի հոլովոյթը դուռ կը բանայ ինչ-ինչ պատկերներու։ Յարաբերութիւնները այս ամբողջին մէջ առանցքային են։ Երբեմն մարդկային բարեկամական կապերը կը վերածուին գործնական յարաբերութիւններու, երբեմն ալ աշխատանքային պայմաններէ կը ծնին բարեկամութիւններ։ Առաջին հայեացքով, անշուշտ, մարդկային անկեղծութիւնն է բարեկամութեան առանցքը, բայց եւ այնպէս, մաքուր արհեստավարժութիւնն ալ կրնայ այնպիսի գործօն մը ըլլալ, որ կը կերտէ բարեկամութիւններ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ, Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան մեկնեցաւ Անթալիա՝ կիրակնօրեայ պաշտամունքի եւ տեղւոյն հայ համայնքի հաւատացեալներուն հետ մէկտեղուելու համար։
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ կը դնէ հետաքրքրական գիրք մը։ «Արա Տինքճեանի երգերը» կը կոչուի այս նոր գիրքը։ Թրքերէն եւ անգլերէն՝ երկլեզու գործ մըն է այս մէկը, որու խմբագիրը եղած է Պուրճու Եըլտըզ։
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սենեակին ընտրութիւնը: Օդը: Արեան մասին: Լոյսը, արեւը եւ անոնց նշանակութիւնը: Սենեակին օդը ինչէ՞ս կ՚աղտոտի: Նկուղները, վառարանները, լամբը, մանկիկին արտաթորութիւնները, փոշին:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Իմ դարմանումի անունը Զաւէն է՝ Զաւէնիկ:
Ամէն անգամ, երբ կը խճճուիմ տխրութեան ոլորապտոյտներու մէջ կամ բանէ մը կը վախնամ, ինքզինքս կը զգամ անզօր ու անօգնական, կը բռնեմ իմ առջինեկի ձեռքը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ներկայ Մեծ պահքի շրջանին առաւել եւս կարեւորութիւն կը ստանայ ապաշխարութեան խորհուրդը, քանի որ այս շրջանը ներհայեցողութեան եւ ինքնամփոփման շրջան, մտախոհութեան եւ խոկումի շրջան մըն է, որ ի վերջոյ կը յանգի ներքին հաշուեյարդարի մը։ Այս «հաշուեյարդար»ը կը նշանակէ՝ հաշտութիւն, ներում եւ դարձի հաստատ մտադրութիւն սխալէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երբեւէ կարելի չէ երեւակայել միանման հասարակութիւն մը, ուր ամէն մարդ ապրի, մտածէ ու գործէ նոյն չափանիշներով եւ տրամաբանութեամբ: Անցեալին ամէն շրջան ունէր գրեթէ միանման մտածողութեան սահմաններ. յստակ քաղաքացիին համոզումները եւ յստակ գիւղացիինը. թէեւ անձէ անձ գոյութիւն ունէին տարբերութիւններ, սակայն անոնց միջեւ գոյութիւն չուէին անդունդներ՝ ինչպէս այսօր, որովհետեւ այսօր չենք կրնար մտածողութեան ճամբով զանազանել գիւղացին քաղաքացիէն, կամ ուսեալը անուսէն, որովհետեւ մեր շուրջ կը տեսնենք քաղաքացիներ՝ գիւղացիին մօտ իսկ գոյութիւն չունեցող յետամնացութեամբ, իսկ շատ անգամ գիւղացիին մօտ կը տեսնենք իմաստութիւն ու հաւասարակշռութիւն. ուսեալ մարդուն մօտ կը տեսնենք ամէ՛ն տեսակ անկրթութիւն, մինչ դպրոց չյաճախող մարդու մը մօտ գիտակցութիւն ու հասունութիւն. այլ խօսքով քաոսային վիճակ մը պարզապէս: