Արխիւ
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւնը, թէ ռուս խաղաղապահները, ըստ համաձայնութեան, պէտք է Լեռնային Ղարաբաղ մնան մինչեւ 2025 թուականը, տարածաշրջանին մէջ նոր իրավիճակի մը ձեւաւորման նախադրեալները կը փոխանցէ: Ճիշդ է, որ համաձայնութիւնը հինգ տարուան համար է:
Արցախի պաշարման պայմաններուն ներքեւ հայկական հանրային կարծիքին կողմէ դրսեւորուած զգայնութիւնը հետզհետէ նոր դրսեւորումներ կ՚ունենայ։ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը մարդասիրական իսկական աղէտի մը դէմ յանդիման մնացած է եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ հանրային կարծիքը աստիճանաբար կը թօթափէ անտարբերութիւնը եւ կը կեդրոնանայ լուծման հեռանկարներու վրայ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ճակատագիրը չի կրնար որոշուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ։
Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Սա իր հերթական մամլոյ ասուլիսն էր, որ տեւեց բաւական երկար։
Սերկէյ Լաւրովի միջնորդութեամբ Արարատ Միրզոյեան-Ճէյհուն Պայրամով բանակցութիւններ՝ Մոսկուայի մէջ:
Այս տարի կը ծրագրուի նոր գագաթաժողով մը Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն մակարդակով:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, շաբաթավերջին Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ տաղաւարի Ս. Պատարագ։
ԱՆՆԱ ՄԵԿՈՒՆՑ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Պատերազմ էր...
Կը յիշեմ, որ իմ հայրը ինքզինք զոհեց, որպէսզի ես ու իմ մայրիկը մնանք ողջ:
Յետոյ սպաննեցին իմ եղբայրը:
Սպաննեցինը ո՞րն է...
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
26 յունիս-2 յուլիս թուականներուն միջեւ այցելեցի Իրլանտայի Հանրապետութիւն: Երկիր մը, որ օժտուած է Աստուծոյ ստեղծած գեղեցիկ բնութեամբ: Հոն, ուր կանաչ գոյնը կը տեսնես ամէն տեղ:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Նախագահ Մաքրոն Մարսէյլի մէջ (…), տեղւոյն ընտրաշրջանի երեսփոխանուհի Սապրինա Ակրեսթի-Ռուպաշի ներկայութեամբ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին իբր թէ յայտարարած է. «Ես Ալիեւին վրայ աւելի ճնշում բանեցուցած եմ եւ կը բանեցնեմ՝ քան նոյնինքն Փաշինեանը։
Պաշարեալ Արցախի մէջ դանակը ոսկորին հասնելու վրայ է. հանրային փոխադրամիջոցները ամբողջութեամբ կանգ կ՚առնեն, Ատրպէյճան յաւելեալ բժշկական քննութիւն կ՚իրականացնէ՝ Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ Հայաստան տեղափոխուող հիւանդներուն համար: Երեւանի կեդրոնին կան անհանգստութեան նշաններ:
Թեհրանի երէկուան շփումներէն վերջ, Արարատ Միրզոյեան այսօր Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ կը վարէ Սերկէյ Լաւրովի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Վահագն Խաչատուրեան Անթոնիօ Կութերեսի հետ խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ տագնապին շուրջ:
Երկրագունդի վրայ բնութիւնն ու մարդկային կեանքը հետզհետէ կը տարանջատուին։ Առօրեայի մէջ մարդ հեռու, շա՜տ հեռու մնացած է բնութենէն՝ մանաւանդ մեծ քաղաքներու պայմաններով։ Նոյնիսկ այգիներու կամ ճեմապարտէզներու պարագային մարդոց աչքին բնութիւն երեւցածը շատ անգամ արհեստական խոտածածկոյթէ մը անդին չ՚երթար։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ հայութեան երկար տարիներէ ի վեր դիմագրաւած կացութիւնը մօտէն ծանօթ է հայաշխարհին։ Ամբողջ երկրին մէջ հայերը ողբերգութեան մը կուրծք տուած են՝ ինչպէս Մերձաւոր Արեւելքի այլ երկիրներու պարագային։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Սուրիահայերը առաջիններէն էին, որոնք զարգացուցին մարմնամարզը Սուրիոյ մէջ իր զանազան ճիւղերով, մանաւանդ այդ մէկը դրսեւորուեցաւ եւ գագաթնակէտին հասաւ ֆութպոլի մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Առակաց 17.3-ին մէջ կը կարդանք. «Արծաթի համար՝ հալոց եւ ոսկիի համար քուրայ կայ, բայց սրտերը փորձողը Տէրն է»: Իսկ Յակոբոս առաքեալի Ընդհանրական նամակին մէջ կը կարդանք. «Երանի՜ այն մարդուն որ կը տոկայ փորձութեան, որովհետեւ փորձութենէն յաղթական դուրս եկողը որպէս մրցանակ պիտի ստանայ այն կեանքը, որ Տէրը խոստացաւ տալ զԻնք սիրողներուն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեանի օրհնութեամբ Երեւանի Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին լոյս ընծայած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ 130-րդ Կաթողիկոս, հայագէտ եւ Հայաստանի ազգային հերոս Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի «Խրիմեան Հայրիկը որպէս դաստիարակ» գիրքը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Dura lex, sed lex». խիստ է օրէնքը, բայց օրէ՛նք է։
«Երկիւղով աշխատեցէ՛ք իրագործելու ձեր փրկութիւնը, որովհետեւ Աստուա՛ծ է, որ ձեր մէջ կը գործէ թէ՛ ուզելը եւ թէ՛ գործելը՝ ի սպաս Իր բարեհաճ ծրագիրներուն». (ՓԻԼ. Բ 12-13)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Զբօսաշրջիկներու հոսքը դէպի Հայաստան որպէս լա՞ւ թէ վա՞տ պէտք է ընդունիլ՝ չեմ գիտեր. յաճախ կ՚ունենանք այն մտածումը, որ երկիր մը եթէ ունի բազմաթիւ այցելուներ՝ կը նշանակէ աճի ու յառաջընթացի մէջ է, սակայն վերջերս հակառակն է որ կը նկատեմ. աւելին, սկսած եմ համոզուիլ, որ այն երկիրը որ ունի այցելուներու հոսք՝ ունի դժբախտ ու թշուառ ժողովուրդ մը, որ իր երկրին բարիքները կրնայ տալ ուրիշին՝ սակայն ոչ իր սեփական ժողովուրդին:
Երէկ երեկոյեան ժամերուն Ռուսաստանի Ռոստովի մարզին մէջ տեղի ունեցաւ երթեւեկի արկած մը։ Այսպէս, ինքնաշարժ մը ճանապարհի երթեւեկելի հատուածէն դուրս գալով բախուեցաւ ծառի մը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր կ՚այցելէ Թեհրան, ուր կը հիւրընկալուի Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի կողմէ։ Երկու նախարարները կ՚ունենան առանձնազրոյց մը, կը գլխաւորեն պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, նաեւ կը սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագին եւ քարոզեց։ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, շաբաթավերջին այցելեց Վերժին Շապճըի անհատական ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Մեծ կղզիի Կղզեաց մշակոյթի միութեան մէջ։