Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակը աշխարհագրութենէն աւելի կը փոխէ մարդոց մտայնութիւնները եւ իւրաքանչիւր նոր հասակ առնող ծնունդի հետ կամայ թէ ակամայ կը նկատենք հինէն դէպի նոր գացող մարդկութիւն մը՝ նոր ըմբռնումներով ու նկարագիրներով:
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս հրատարակած է հետաքրքրական վէպ մը, որ կը կոչուի «Kızgın Buhardaki Koza» եւ որու հեղինակն է Յակոբ Կոպէլեան։ Սա ունի պատմավէպի մը բնոյթը, որովհետեւ գործը կը վերաբերի անցեալի հայաբնակ Պարտիզակին եւ անոր վերաբերեալ ինչ-ինչ յիշողութիւններու։
Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի համագործակցութիւնը կը շարունակէ զարգանալ բոլոր ուղղութիւններով։ Այսպէս, կը հաղորդուի, որ յառաջիկային Իսրայէլ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ձեռնարկութիւններէն մէկը Ատրպէյճանին պիտի տրամադրէ՝ 120 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ երկու արբանեակ։
Վրաստան մինչեւ տարեվերջ պիտի ստանայ Եւրոմիութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ։ Թիֆլիզ աւարտած է՝ այդ կարգավիճակը ձեռք բերելու համար անհրաժեշտ 12 յանձնարարականներու աշխատանքները եւ մինչեւ տարեվերջ Պրիւքսելի կողմէ իրեն պիտի տրամադրուի անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ։
Կը տեղեկանանք, որ Մոնրէալի մէջ լոյս տեսած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Վրէժ-Արմէնի գրութիւններու համապարփակ մատենագիտութիւնը։ 1954 թուականի մայիսէն մինչեւ այս տարուան մարտ ամսուան ժամանակաշրջանը՝ այս մատենագրութեան մէջ արդէն ամփոփուած են հեղինակին կողմէ ստորագրուած բազմաբնոյթ գրութիւնները։
Վերջին օրերուն Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցած է բռնի դէպք մը, որ լայն արձագանգ ստեղծած է հայկական հանրային կարծիքին մօտ։ Այսպէս, Վրաստանի «Հայ համայնք» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Արթուր Միրզոյեան յարձակումի մը ենթարկուած է Թիֆլիզի մէջ։
Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման ճանապարհին հաւանական քայլերու քննարկում:
Անգարա-Մոսկուա-Դամասկոս-Թեհրան առանցքին վրայ տարածաշրջանային իրադարձութիւնները ուշադրութեան առարկայ:
Մեծ կղզիի յունաց երբեմնի որբանոցի պատմական շէնքի վերանորոգման գործընթացը վերջին շրջանին զանազան հարթութիւններու վրայ անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ՝ ներառեալ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները։
Արցախը պաշարման տակ առնելէ վերջ Ատրպէյճան անցակէտ կը հաստատէ Լաչինի միջանցքին մէջ:
Փաշինեան հեռաձայնով զրուցեց Միշելի եւ Փութինի հետ: Միխայիլ Կալուզին փութաց Երեւան, ուր տեսակցեցաւ Արարատ Միրզոյեանի հետ: Լեռնային Ղարաբաղի ռուս խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար նշանակուեցաւ Ալեքսանտր Լենցով:
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Իրանի եւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ եռակողմանի ձեւաչափով քաղաքական խորհրդակցութիւն մը, որ առաջինն էր իր նմաններու շարքին։
Ապրիլի 24-ի պատգամին մէջ նախագահ Պայտըն դարձեալ ցեղասպանութիւն որակեց 1915-ի դէպքերը:
Չավուշօղլու. «Դարձեալ բեմահարթակի վրայ են քաղաքական շառլաթանները, որոնք կը ջանան պատմութիւնը աղաւաղել»:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Արժանթինի մասնաճիւղէն պատուիրակութիւն մը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ատրպէյճանը անցնող օրերուն յայտարարեց Լաչին (Բերձոր)-Ստեփանակերտ ճանապարհին ստուգիչ անցագրային կէտ տեղադրելու մասին: Այդ մէկը կը նշանակէ՝ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկողութեան եւս մէկ քայլ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Վառ գարուն է դարձեալ եւ մարդիկ թափած են փողոցները։ Ինչպէս աշխարհի այլ քաղաքները, Երեւանն ալ կը գեղեցկանայ գարնան՝ իր ամէն ինչով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Պէ՞տք է հոգ տանիլ աղքատներուն:
Պատասխան. Անշուշտ. Առակագիրը կը գրէ. «Աղքատին զրկանք ընողը անոր Ստեղծիչը կ՚անարգէ, բայց տնանկին ողորմութիւն ընողը զԱնիկա կը պատուէ» (Առ 14.31):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Միսաք Մեծատուրեան (Մեծարենց) ծնած է 1886 թուականին։ Դեռ փոքր տարիքին՝ փոխադրուած է Պոլիս, ուր պահած է հայրենի Ակն գաւառի զգայնութիւնը՝ գեղջկական ջերմութիւն, բնութեան պաշտամունք։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պայքա՜ր... պայքա՜ր... պայքա՜ր... պայքա՜ր... բազմիցս պայքա՜ր...
Եթէ կը հաւատաք, թէ այս բառը պոռալով մեր ազգին ճակատագիրը դէպի լաւը պիտի փոխուի, պոռացէ՛ք այնքան՝ մինչեւ ձեր կոկորդները պատռի:
Կը տեղեկանանք, որ «Յանկարծ» թատերախումբը կը պատրաստուի ներկայացումներու յատկանշական շարքի մը։ Այսպէս, թատերախումբը յառաջիկայ շրջանին պիտի ներկայացնէ ամերիկահայ մեծանուն գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի անգլերէն գործի հիման վրայ խաղ մը՝ «Սիրտս լեռներուն մէջ է» անուանումով։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պաքըրգիւղի ընտանիքը այս օրերուն կ՚ապրի խանդավառութիւն մը՝ Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած յուշամատեանի շնորհանդէսին ընդառաջ։
Ապրիլեան սուրբ նահատակներու յիշատակութիւն եւ Ս. Պատարագ՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզի ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Էրտողանի պատգամին համար: