Արխիւ

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2023

Արցախը արդէն ամբողջական պաշարման մէջ է։ Հակարի կամուրջին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ անցակէտի տեղադրումով շրջափակումը շատ աւելի սաստկացած է, իսկ մտահոգիչ հաւանականութիւնները կը քննարկուին շատ աւելի առաջնահերթօրէն։

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Պերճ Գուզիքօղլուի։ Ներկայ էր նաեւ Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2023

Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը օժանդակութեան բազմակողմանի ծրար մը պատրաստած է՝ ընկերամշակութային զօրակցութիւնը ամրապնդելու համար:
Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ գործակից ընկերները մամլոյ ասուլիս մը սարքելով ներկայացուցին մշակուած նախագիծը. ընտրութիւններէն առաջ տրուած խոստումները յարգելու ճանապարհին շօշափելի քայլեր:
Համայնքի կարիքաւորները պիտի օգտուին նոր միջոցներէ: Կրթաթոշակներու տրամադրումն ալ կը նախատեսուի թէ՛ աշակերտները եւ թէ՛ դպրոցները քաջալերելու սկզբունքով:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2023

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երրորդ տարին կը գլորի առանց քեզի: Իսկ ես կը յուսամ: Անհամբեր կը սպասեմ մեր հանդիպումին: Յաճախ կ՚երազեմ: Կ՚երազեմ իմ ընտանիքի վերադարձը քու գիրկդ իմ ծննդավայր:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մենք միշտ կը հպարտանանք համաշխարհային լուսանկարչական արուեստի մէջ հայ լուսանկարիչներու ունեցած դերակատարմամբ: Անոնց թիւը շատ է՝ Արա Կիւլէր, Եուսուֆ Քարշ, Գաւուք, Անթուան Սեւրուկին, Հարրի Կունտաքճեան, Վան Լէօ, Անդրանիկ Քոչար եւ այլք:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

2021-ին Իսթանպուլի մէջ լոյս տեսաւ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարի թիւ 6-րդը՝ Թորոս Ազատեանի «Դէպի Էջմիածին երթուդարձի նօթեր»: Գիրքը թղթակազմ է, բաղկացած 398 էջերէ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կը պատմուի, թէ գիւղի մը մէջ չարագործ երիտասարդ մը բոլոր գիւղացիներուն սարսափ կ՚ազդէ՝ գինեմոլ եւ չար նկարագրի տէր մէկն է ան։
Գիւղին քահանան միշտ կը լսէ այդ անառակ երիտասարդին նկատմամբ գիւղացիներուն գանգատները եւ կը պարսաւէ, կը մեղադրէ զայն անոր բացակայութեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կրօնը թոյն է եւ տիրող դասակարգի ձեռքին հզօր զէնք մը:
Անցեալին, մանաւանդ յետցեղասպանութեան շրջանին եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան հանդէպ ատելութիւն մը բռնկեցաւ եւ այդ ատելութիւնը հասաւ այն աստիճանի, որ 1923 թուականին Թիֆլիզի մէջ հրատարակուեցաւ «Կորչի Կրօնը» անուամբ միօրեայ թերթ մը, որմէ վերցուած է վերոյիշեալ «կրօնը թոյն է» արտայայտութիւնը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2023

Ներքին գործոց նախարարը, Իսթանպուլի կուսակալը, Ֆաթիհի գաւառապետն ու քաղաքապետը երէկ յետմիջօրէին այցելութիւն մը տուին Պատրիարքարան:
Իշխանութեան յառաջադէմ ներկայացուցիչը 14 մայիսի ընտրութիւններուն ընդառաջ Գումգաբուի մէջ մէկտեղուեցաւ համայնքային վարիչներուն հետ: Հաւաքոյթին մասնակցեցաւ նաեւ աք կուսակցութեան կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ջերմ ելոյթով մը ողջունեց Սիւլէյման Սոյլուն, որու դրական ու շինիչ արտայայտութենէն վերջ իրեն նուիրեց գիրք մը՝ մինչ ընդգծուեցան ձեռքբերումները:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2023

Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն մը։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան պետական գերագոյն զոհողութեան մետայլներ շնորհեց բոլոր այն տեղական կամ օտար փրկարար ծառայութիւններուն, որոնք 6 փետրուարի երկրաշարժներուն ժամանակ աշխատանք ծաւալած էին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2023

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ պատուիրակութիւն մը, որ վերջին օրերուն այցելեց Երեւան։ Պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր ծերակուտական Պրունօ Ռեթայօ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2023

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Իւրաքանչիւրս կը ջանանք մեր երեխաներու համար ընել առաւելագոյնը: Երեխաներո՞ւն... թէ՞ մենք մեզի համար... Այստեղ կ՚ուզէ յստակեցում:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2023

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Տնային կենդանիներուն կաթը եւ գործածելու ձեւը: Կաթին ախտահանումը. Ստերիլիզացիա1 եւ պաստերիզացիա2: Ի՛նչպիսի ամանի մէջ պէտք է պահել կաթը: Պտուկը կամ ծծիկը: Ուրիշ նիւթերով սնուցումը: Խմորեղէն կերակուրներ:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սուրբ Գիրքի մէջ, զանազան առիթներով յիշուած են հանքային նիւթեր՝ որոնց կարեւորագոյնն է աղը։ Արդարեւ, աղը առատ է Պաղեստինի մէջ, մանաւանդ Մեռեալ ծովուն եզերքը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ժամանակը աշխարհագրութենէն աւելի կը փոխէ մարդոց մտայնութիւնները եւ իւրաքանչիւր նոր հասակ առնող ծնունդի հետ կամայ թէ ակամայ կը նկատենք հինէն դէպի նոր գացող մարդկութիւն մը՝ նոր ըմբռնումներով ու նկարագիրներով:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2023

Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս հրատարակած է հետաքրքրական վէպ մը, որ կը կոչուի «Kızgın Buhardaki Koza» եւ որու հեղինակն է Յակոբ Կոպէլեան։ Սա ունի պատմավէպի մը բնոյթը, որովհետեւ գործը կը վերաբերի անցեալի հայաբնակ Պարտիզակին եւ անոր վերաբերեալ ինչ-ինչ յիշողութիւններու։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2023

Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի համագործակցութիւնը կը շարունակէ զարգանալ բոլոր ուղղութիւններով։ Այսպէս, կը հաղորդուի, որ յառաջիկային Իսրայէլ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ձեռնարկութիւններէն մէկը Ատրպէյճանին պիտի տրամադրէ՝ 120 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ երկու արբանեակ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2023

Վրաստան մինչեւ տարեվերջ պիտի ստանայ Եւրոմիութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ։ Թիֆլիզ աւարտած է՝ այդ կարգավիճակը ձեռք բերելու համար անհրաժեշտ 12 յանձնարարականներու աշխատանքները եւ մինչեւ տարեվերջ Պրիւքսելի կողմէ իրեն պիտի տրամադրուի անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2023

Կը տեղեկանանք, որ Մոնրէալի մէջ լոյս տեսած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Վրէժ-Արմէնի գրութիւններու համապարփակ մատենագիտութիւնը։ 1954 թուականի մայիսէն մինչեւ այս տարուան մարտ ամսուան ժամանակաշրջանը՝ այս մատենագրութեան մէջ արդէն ամփոփուած են հեղինակին կողմէ ստորագրուած բազմաբնոյթ գրութիւնները։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2023

Վերջին օրերուն Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցած է բռնի դէպք մը, որ լայն արձագանգ ստեղծած է հայկական հանրային կարծիքին մօտ։ Այսպէս, Վրաստանի «Հայ համայնք» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Արթուր Միրզոյեան յարձակումի մը ենթարկուած է Թիֆլիզի մէջ։

Էջեր