Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բ.- ՀԱՄԵՄԱՏՈՒԹԻՒՆ.- Ծնողներու կողմէ կատարուող միւս մանկավարժական սխալը համեմատելու սովորութիւնն է. շատ մը ծնողներ կը կարծեն, «նայի՛ր Անահիտին տղան քեզմէ լաւ նիշ բերած է» ըսելով պիտի կարենան իրենց մանուկները մղել յաւելեալ աշխատանքի, որպէսզի իրենց զաւակները կարենան իրապէս գերազանցել Անահիտին տղան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բառացիօրէն ճշմարտութիւն է ըսուած այն խօսքը, որ ամէ՛ն պատճառ անպայմանօրէն ունի պատճառ մը. ամէ՛ն արարք, ընդունելի թէ ոչ, անպայմանօրէն ունի իր շարժառիթն ու պատճառը՝ որ կը կարօտի ուսումնասիրութեան:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ այս շաբաթավերջին եւս լարուածութիւնը շարունակուեցաւ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի զօրքերը կրակած են Վարդենիսի ուղղութեամբ։
Հայաստան կ՚ընդգծէ ԱՄՆ-ի առանցքային դերը՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ:
Երեւան-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային գործընթացներու ընդհանուր արժեւորում:
Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները կը շարունակեն յառաջ տանիլ աշխոյժ երկխօսութիւն:
Փաշինեան եւ Ղարիպաշվիլի կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային իրավիճակին ու զարգացումներուն շուրջ:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ եղանակի առաջին կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ այս շաբաթավերջին վերադարձած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն՝ կատարելագործած ըլլալով բարձրագոյն ուսումը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնի օրուան առթիւ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ հոծ թիւով հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։
Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ուրախակից եղան Վազգէն-Նուարդ Պարըն ամոլին, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր երախտաշատ աշխատանք կը ծաւալէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Վազգէն եւ Նուարդ Պարըններու դստեր՝ Սարա Պարընի Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը։
Համայնքային շրջանակներէ ներս արդէն անմիջական ուշադրութեան առարկայ է՝ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը, որ հրապարակուեցաւ շաբաթավերջին։ Կը տեղեկանանք, որ այս նոր կանոնադրութեան արժեւորման նպատակով Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այս չորեքշաբթի ժողով մը պիտի գումարէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի բերկրաշատ տօնը:
«Ազգովի գլուխ խոնարհենք այս համազգային, յաւիտենական ու յաւերժական հաստատութեան վեհութեան առջեւ»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսոյ հայոց պատրիարք, աստուածաբան, հայագէտ, պատմաբան, բանասէր, հրապարակախօս, ազգային պահպանողական ուղղութեան հասարակական գործիչ Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանը լաւագոյնս բացայայտող իր իսկ երկը՝ «Խոհք եւ խօսք»ը, առաջին հրատարակութենէն 93 տարի յետոյ լոյս տեսած է Հայաստանի մէջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Նիւթականը կրնայ թուիլ որպէս վստահելի ճանապարհ դէպի հեղինակութիւն եւ երջանկութիւն։ Ի վերջոյ, լուրջ գումարներ վաստակած մարդոց մեծամասնութիւնը կը ներկայանայ յաջողութեան օրինակ՝ ապրելով կատարեալ ու նախանձելի թուացող կեանք մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ո՛չ միայն ֆրանսացիներ, այլ նաեւ ճաբոնցիներ, որոնք զանազան ժամանակներու, զանազան հարթակներու եւ զանազան միջոցներով պայքար տարած են պաղեստինեան դատին համար։ Այդ պայքարը մարդու իրաւունքներու համար է, նախքան հողի, իրաւունքի եւ արդարութեան պայքարի։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ 2021-2022 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը բնորոշուեցաւ արտասովոր ոգեւորութեամբ։ Դպրոցէն ներս տեղի ունեցան զանազան հանդէսներ, որոնցմով տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Պուրիչի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ Երեւանի մէջ շփումներ ունեցաւ՝ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուելով Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանահայ ելեւմտագէտ, երկարամեայ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխ-կառավարիչներէն Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեանի հետ ունեցանք շահեկան հարցազրոյց մը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղը, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածինի տօնը:
Օրուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Առակաց գիրքէն 9.1-6:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երբեւէ անկարող ու խեղճ վիճակի մէջ տարեց մը տեսա՞ծ էք, որ թէեւ այսօր անկարող, սակայն անցեալին ունեցած է յամառ ուժ մը՝ դիմադրելու եւ ընդդիմանալու բոլոր այն դժուարութիւններուն դէմ, որ կեանքը ակամայ պարզած է իր դէմ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս առաւօտ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու նախագահները Սեն Փեթերսպուրկի մէջ կը գտնուին՝ համաժողովի մը մասնակցելու համար։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) յառաջիկայ համագումարը տեղի պիտի ունենայ այս աշնան։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան աղբիւրները Նիւ Եորքէն տեղեկացուցին, որ ընդհանուր ժողովը պիտի գումարուի Երեւանի մէջ, 3-9 հոկտեմբերին։