Արխիւ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ 2021-2022 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը բնորոշուեցաւ արտասովոր ոգեւորութեամբ։ Դպրոցէն ներս տեղի ունեցան զանազան հանդէսներ, որոնցմով տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Պուրիչի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ Երեւանի մէջ շփումներ ունեցաւ՝ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուելով Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանահայ ելեւմտագէտ, երկարամեայ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխ-կառավարիչներէն Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեանի հետ ունեցանք շահեկան հարցազրոյց մը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղը, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածինի տօնը:
Օրուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Առակաց գիրքէն 9.1-6:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երբեւէ անկարող ու խեղճ վիճակի մէջ տարեց մը տեսա՞ծ էք, որ թէեւ այսօր անկարող, սակայն անցեալին ունեցած է յամառ ուժ մը՝ դիմադրելու եւ ընդդիմանալու բոլոր այն դժուարութիւններուն դէմ, որ կեանքը ակամայ պարզած է իր դէմ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Վտանգաւոր, ճակատագրական դէպքեր կարգ մը մարդոց մէջ երեւան կը հանեն այնպիսի գիծեր, որոնք նոյնիսկ ենթակային համար անակնկալ կ՚ըլլան: Իր կեանքը վտանգելու գնով ուրիշներ փրկելու համար ի յայտ կու գայ խիզախութիւն մը, որ կը դրսեւորուի զանազան ձեւերով:
ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Իսկ ես՝ անունիս կ՚ըսեմ.
-Լքէ՛ զիս,
Հեռացի՛ր ինձմէ,
Քանի նեղացայ երբ խօսիլ սկսայ եւ
Յատկանիշներդ տարածուեցան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ հարցնելու ըլլաք, որ ազգի մը յաջողութիւնը ինչին մէջ կը կայանայ, առանց վարանելու կրնամ ըսել, որ գաղտնիքը անցեալէն դասեր քաղելուն մէջ կը կայանայ. իրապէս կը յաջողի ա՛ն, որ նոյն սխալները չի՛ կրկներ եւ չի յայտնուիր այն վիճակին մէջ՝ որ տասնամեակներ եւ կամ դար մը առաջ անցած եւ տուժած էինք:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը, Երեւանի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Փառուխ գիւղին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը առաջնահերթութիւն է ռուս զինուորներուն համար: Լաւրովի համաձայն, այնտեղ արդէն կան որոշակի արդիւնքներ՝ կացութեան լարուածութեան մեղմացման տեսանկիւնէն:
2021-2022 մարզաշրջանի Թուրքիոյ ֆութսալի լիկի առաջատարը համատարած գնահատանքի առարկայ:
Մեր համայնքի մարզակումբը յառաջիկայ տարի երկիրը պիտի ներկայացնէ Եւրոպայի մէջ, ՈՒԷՖԱ-ի մրցաշարքին գծով:
Մխիթարեան վարժարանի մէջ ներկայ կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, որու ընթացքին մանկապարտիզպանուհի Սիպիլ Աւագօղլու փոքրիկները ողջունեց ջերմ արտայայտութիւններով։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի 2021-2022 կրթական շրջանի ընթացաւարտները խանդավառ հանդէսով մը հրաժեշտ առին՝ արժանանալով ջերմ վերաբերմունքի։ Շրջանաւարտութեան հանդէսը տեղի ունեցաւ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ համայնքային լիսէներու այս տարուայ շրջանաւարտներուն հետ։ Շաբաթավերջին համալսարանի մտից քննութիւններուն ընդառաջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս տարուայ ընթացաւարտ դասարանի սաներուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պարնաուլի եւ Ալթայի Սերկիյ Իվաննիքով մետրապոլիտին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Պարնաուլի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Յակոբեան։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Իր ուղեւորութիւնը նախատեսուած է 23-24 յունիսին։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան, Եւրոպայի մասնաճիւղերու ղեկավարութեան եւ այլ պատասխանատուներու ու հիւրերու մասնակցութեամբ Ժընեւի մէջ վերջերս կազմակերպուած խորհրդակցութեան արձագանգները կը շարունակուին։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ 2021-2022 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին կազմակերպուած հանդիսութիւնները առիթ դարձան մեծ ոգեւորութեան։ Հիմնական հանդէսին առընթեր տեղի ունեցաւ երգի ու պարի երեկոյթ մը, որ կազմակերպուած էր պարուսոյց Նարօտ Կիւլէչի եւ երաժշտութեան ուսուցիչ Արի Պարութօղլուի ջանքերով։
Համայնքային շրջանակները վերջին օրերուն ուշադրութեամբ կը հետեւին Կալաթասարայ մարզակումբի իրադարձութիւններուն։ Բոլորը ողջունելի կը համարեն, որ մեր բարերարներէն, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ մաս կազմած է ակումբի նորընտիր վարչութեան, որ ձեւաւորուած է գլխաւորութեամբ Տուրսուն Էօզպէքի։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը ամսավերջին պաշտօնապէս կը վերաբացուի:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը մեծապէս կը կարեւորէ նոր սերունդին ուղղեալ նախաձեռնութիւնները:
Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Գուրգէն Մելիքեանի եւ Արտեոմ Գրիգորեանի ծառայութիւնները:
Նորին Սրբութիւնը հիւրընկալեց Իրաքի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Տ. Օշական Վարդապետ Կիւլկիւլեանը: