Արխիւ
Վերսայի Վերաքննիչ ատեանի որոշումը՝ ի նպաստ «Հայկական քոլէճի ընկերակցութեան»:
Սամուէլ-Մուրատեան երբեմնի վարժարանի շէնքի սեփականութեան իրաւունքի հարցին շուրջ զարգացում:
Նոպէլեան մրցանակի առաջին հայազգի դափնեկիր Արտեմ Փաթափութեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան, երէկ Երեւանի մէջ արժանացաւ շարք մը կոչումներու։ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի գիտական խորհուրդի հանդիսաւոր նիստի ընթացքին իրեն պատուակալ տոքթորի կոչում շնորհուեցաւ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դէպի Սոֆիա պաշտօնական այցելութեան ծիրէ ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Պուլկարիոյ Արտաքին գործոց նախարար Թէոտորա Կենչովսքայի հետ։ Առաջին փուլին երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Երեւանի եւ Մոսկուայի այս շրջանի համատեղ ջանքերը ուղղուած են ռազմավարական համագործակցութեան նոր հեռանկարային ոլորտներու բացայայտման։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի օրուան առթիւ Երեւանի մէջ այդ երկրի դեսպանութենէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցեցաւ Մհեր Գրիգորեան, որ հանդէս եկաւ շնորհաւորական խօսքով մը։
Նոպէլեան մրցանակի առաջին հայ դափնեկիրը այս օրերուն Հայաստան կ՚այցելէ:
Ջիղակենսաբան Արտեմ Փաթափութեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ «Սինոփսիս-Արմենիա» ընկերութեան կեդրոնը, իսկ այսօր դասախօսեց Պետական բժշկական համալսարանէն ներս:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Սոֆիա։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ հիւրընկալւեցաւ Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւի կողմէ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դէպի Տոհա պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համատ էլ Թանիի հետ։ Զրոյցի ընթացքին կողմերը ընդգծեցին երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան մեծ ներուժը, յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ ամրապնդման պատրաստակամութիւնը։
Պէյրութէն կը հաղորդուի, որ «Փթիթ» մանկապատանեկան կայքէջը վերջերս ենթարկուած է բարեփոխման եւ այդ հիման վրայ հասած է նոր ծաղկումի մը։ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի խրախուսանքով կեանքի կոչուած է այս ծրագիրը։
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնն ու Եւրոպայի մասնաճիւղերու ղեկավարութիւնները երկօրեայ ծաւալուն խորհրդակցութիւն մը ունեցան:
Բազմակողմանի վերլուծումներ կատարուեցան նոր իրողութիւններու լոյսին տակ հայաշխարհի դէմ յանդիման մնացած վիճակներուն եւ ապագայ նպատակներուն շուրջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Հռիփսիմեանց տօնակատարութիւններուն նախագահեց Պիւյիւքտէրէի համանուն եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց եւ տուաւ օրուան պատգամը։
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան այս ուրբաթ պիտի վերադառնայ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին ամիսներուն ան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած էր՝ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն ներս վարդապետական թեզը պաշտպանելու համար։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը։ Տղաքը գոյնզգոյն տարազներով տողանցեցին այս հանդիսութեան ընթացքին, որու երեք լեզուով պատրաստուած ծրագրի շրջանակին մէջ ծափահարութիւններու արժանացան յաջող ելոյթներով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արեան պաշարները միշտ կայուն պահելու հրամայականը դարձած է ազգային անվտանգութեան հարց, մանաւանդ այն պայմաններուն տակ, երբ միշտ առկայ է պատերազմի վտանգը:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Մարդկային անհատական ու մանաւանդ հաւաքական շարժը շատ երկար փուլերէ անցած է, սկսեալ մեծ գաղթերէն հասնելով մեծ ներխուժումներու ու տարածքներու նուաճման, նաեւ այդ շարժերը յանգած են նպատակի կամ միջոցի ծառայեցման (նայած պատմական ու քաղաքական պատեհութիւններուն) եւ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերու յայտնաբերման գործողութիւններուն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Առէ՛ք կերէք եւ բոլորդ խմեցէ՛ք-էն ետք, դպիրները կ՚երգեն. «Երկնաւոր Հայր, որ Քու Որդիդ մեզի համար մահուան յանձնեցիր, որպէս մեր մեղքերուն պարտապան: Անոր թափած արիւնով, կ՚աղաչենք Քեզի, ողորմէ՛ Քու բանաւոր հօտիդ»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր պիտի խօսինք հայկական այլ ցաւալի իրականութեան մը մասին՝ որ կը կոչուի Հայոց Պատմութիւն. ցաւալի ո՛չ թէ իր անցեալին ունեցած ելեւէջներով, այլ իր ներկայի անյստակ ու անկանոն դրութեամբ:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս յոբելենական շրջան:
Մարզական ծրագիրէն վերջ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան պատարագեց Ֆրեզնոյի մէջ:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ 2021-2022 ուսման շրջանի եզրափակիչ փուլին տեղի ունեցաւ հայերէնի փառատօն մը, որ այլեւս դարձած է աւանդական։ Դպրոցի բոլոր դասարանները ընդգրկուած էին այս փառատօնի ծրագրին, որ գործադրուեցաւ ամբողջ օրուան մը տեւողութեան։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի սաներու ընթերցման տօնը, որ մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ։
Շիշլի մարզակումբի մինչեւ 16 տարեկաններու պասքեթպոլի կազմը արձանագրեց բացառիկ յաջողութիւն մը։ Այսպէս, շիշլիցիները 2021-2022 շրջանի Իսթանպուլի զարգացման լիկի ախոյեանը հանդիսացան։