Արխիւ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւորականաց դասը շաբաթավերջին համալրուեցաւ երեք նոր կուսակրօնով։ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախագահեց Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տեղի ունեցաւ նորընծաներու ձեռնադրութիւնը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սլաւոնական գիրի եւ մշակոյթի օրը այս տարի կը նշուի շատ անսովոր պայմաններու տակ. հնագոյն սլաւոնական գիրն ու մշակոյթը կրող երկու ժողովուրդ՝ ռուսերն ու ուքրանացիները, իրարու դէմ պատերազմի մէջ են. իրապէս, շատ զարմանալի իրողութիւն մը:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Եթէ փորձենք արագօրէն վերաքաղ մը ընել մարդկային պատմութիւնը եւ անկէ եզրակացնել, թէ մարդուն անհատական ու հաւաքական զարգացումն ու յառաջդիմութիւնը ինչպէ՞ս իրագործուած են, կը տեսնենք, որ միշտ գիտութիւնն էր հիմնական շարժիչ ուժը այդ զարգացումը ապահովելու համար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վստահաբար մեր սիրելի ու յարգելի ընթերցողներէն շատեր ամէն կիրակի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն: Մասնակցութիւն, ո՛չ միայն ֆիզիքապէս, այլ եւ աւելին՝ հոգեւորապէս:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ներկայ ընկերութեան մեծագոյն մասը սկսած է հետաքրքրուիլ «ինչպէս հարստանալ» նիւթով. այսօր համացանցի մէջ տեղադրուած գրութիւններուն ու տեսերիզներուն մեծամասնութիւնը նուիրուած է այդ նիւթին, որովհետեւ ներկայ ընկերութեան մէջ (միշտ այդպէս եղած է, սակայն այս օրերուն առաւելաբար) հաստատուած է այն ճիշդ կարծիքը, որ դրամը վեր է ամէն արժէքներէ եւ ընկերութեան մէջ «տեղ» ունենալու համար շնորհքէն, արժանիքներէն եւ տաղանդէն աւելի կարիքը ունիս այդ դրամին:
Հայաստան այս օրերուն կը հիւրընկալէ Եւրոպայի բռնցքամարտի առաջնութիւնը։ Երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքի պաշտօնական բացման առթիւ։
Երէկուան հանդիպումէն վերջ Փաշինեան, Միշել եւ Ալիեւ դարձեալ ժամադրուեցան ամրան համար:
Սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովներու բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին:
Կալուածոց շուկային մէջ շատ բան կախում ունի բնակարանի մը տեսադաշտէն։ Տուն մը սուղ կ՚արժէ, եթէ ունի լաւ տեսարան։ Բայց միթէ այդքա՞ն միայն…
Գահիրէի մէջ կազմակերպուած Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովի եզրափակիչ փուլին ընդունուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը, ուր անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանի առկայ տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու համագործակցութիւնը առաւել ամրապնդելու անհրաժեշտութեան։
Համայնքային շրջանակները երէկ ողջունեցին մեր արժէքաւոր երիտասարդներէն Սերենա Էլվանի եւ Յարութիւն Քուրանի Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Մէջէս դող մը անցաւ, երբ Հացիկ դպրոց մուտք գործեցի եւ այդ դողը երկար ժամանակ իմ հետս մնաց…» այս բառերով է, որ ամերիկահայ Ժագ Եուրէճեան կը նկարագրէ այն պահը, երբ ան առաջին «տաք» հանդիպումը ունեցաւ Հայաստանի հետ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսահայ գրող Զարուհի Գալէմքեարեան այն եզակի արեւմտահայ գրագիտուհիներէն է, որ Խորհրդային Հայաստանի մէջ գնահատանքի արժանացած է: 1964 թուականին Հայաստանի մէջ նշուած է անոր ծննդեան 90-ամեակը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Քոյրս սենեակէն բղաւեց.
-Մէկ վայրկեանէն կու գամ, ընկերոջս հետ համակարգչային խաղ կը խաղամ։
-Ո՞վ է այդ ընկերդ, հարցուցի։
-Fenqs ծածկանունով մէկը, պատասխանեց։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Եթէ սիրես, բայց սիրոյդ խենթ չդառնաս».
Ամենէն վտանգաւոր կիրքերէն մէկը սէրը ինքն է, որ պատմութեան ընթացքին պատճառ եղած է բազմաթիւ աղէտներու, որովհետեւ սէրը աւելի անզուսպ ու անիշխելի զգացում մըն է՝ քան միւս բոլոր զգացումները, ինչ որ մարդ արարած կրնայ ունենալ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, երէկ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ «Տարիւլաճէզէ»ի նոր համալիրի հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Սա պիտի ըլլայ ընդարձակ համալիր մը՝ քաղաքի համազօր։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն առընչութեամբ:
«Առկայ խնդիրներու արժանապատիւ լուծումները պէտք է փնտռուին բացառապէս համընդհանուր կամքի արտայայտման ու համախոհութեան մէջ՝ առաջնային նկատելով ազգային ու պետական շահը»:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ), նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, անդրադառնալով 44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն յետոյ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն, աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն, կ՚արձանագրէ՝
- Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց դատապարտելի թշնամական վերաբերմունքը Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի դէմ։
«Աւանդական» պարախումբի անդամները վերջին օրերուն մէկտեղուեցան Գարակէօզեանի համալիրէն ներս։ Դպրոցի «Ձմրան պարտէզ»ին մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթը առիթ դարձաւ, որպէսզի խումբի անդամները իրարու հետ կարօտ յագեցնեն եւ յառաջիկայ ամրան վերաբերեալ ծրագիրները քննարկեն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պէյրութէն Արժանթին հաստատուած քաղաքագէտ եւ համալսարանի դասախօս տքթ. Խաչիկ Տէր-Ղուկասեանի տեսակէտները շօշափեցինք Հայաստանի քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ միջազգային այն գործընթացներուն շուրջ, որոնք ազդեցութիւն կը գործեն Հարաւային Կովկասի վրայ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յինանց կիրակիներուն հինգերորդ կիրակին, մասնաւոր անուանում մը չունի։ Սակայն, մեկնելով օրուան Աւետարանական ընթերցուածներէն՝ կրնանք այս կիրակին կոչել մեղքերէ զերծ կեանքի կիրակի, որովհետեւ օրուան ընթերցումներու մեծամասնութիւնը կը խօսին զղջումի, ապաշխարութեան եւ մեղքերէն հեռու մնալու մասին: