Արխիւ
Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի տասներկրորդ համագումարը կ՚ընթանայ Գահիրէի մէջ:
Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսի քրիստոնեաները կը համարէ արաբական հասարակութեան անբաժանելի մասնիկը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վաւերացուց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի նոր առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի ընտրութիւնը։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը, ինչ որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուած հանդէսին առթիւ հիւրընկալուեցան Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Մուրատ Չաքան, կրթական մշակներ, ծնողներ, դպրոցի պատասխանատուներ եւ հիւրեր։
Կը տեղեկանանք, որ «Փոքրիկ» մանկապատանեկան կայքէջին կողմէ կազմակերպուած հեքիաթահաւաքը արդէն հասած է իր աւարտին։ Այսպէսով «Փոքրիկ»ի հեքիաթարանին մէջ կատարուած է համալրում։ Հեքիաթահաւաքին 6 երկրէ 39 գրող մասնակցութիւն բերած է՝ 50 հեքիաթով։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մանուկները մեծահասակներէն աւելի լաւ կը զգան Աստուծոյ ու Տիրոջ շնորհը, քանզի անմեղ են: Երեխաները սխալ չէ, ընդհակառակը՝ անհրաժեշտ է մկրտել. մի՛ մեղանչեցէք, ականջալուր ըլլալով աղանդներու Սուրբ Գիրքին հակասող սուտերուն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մայիս 22-ին աշխարհահռչակ հայ երգիչ Շարլ Ազնաւուր կը դառնայ 98 տարեկան:
Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ, ի թիւս յոյժ հետաքրքրական բազում թղթապանակներու, կը պահուի նաեւ Ազնաւուրեաններու թղթապանակը, որուն մէջ ամփոփուած են Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքին կեանքէն շատերուն անյայտ դրուագները:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կը շարունակենք բժշկապետ Վահան Արծրունիի «Բժիշկի զրոյցներ» շարքի գրքոյկներուն արեւմտահայերէնի վերածումը եւ մեր ըներցասէրներու ուշադրութեան յանձնելը զանոնք: Այս եւ յաջորդ գրութիւններով բժշկապետին «Թոքախտ կամ բարակացաւ» գրքոյկը պիտի ներկայացնենք, որ գրուած է 1902-ին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Ու խորտակուած տեսնել մեծ երկը կեանքիդ,
Բայց վերստին զայն շինելու գաս ծունկի»
Երբեւէ պատահա՞ծ է, որ աշխատանքի մը համար տրամադրած ըլլաք օրեր ու ժամեր, սակայն վայրկենուայ մը մէջ այդքան աշխատանք ու յոգնութիւն ցնդի ու ոչնչանայ:
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի յայտարարեց, որ իր երկիրը կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դերակատարութիւնը՝ սեփական ապագան որոշելու հարցին մէջ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման վերաբերեալ հանդիպումը ներկայ շաբթուայ առաջին երկու օրերուն նախատեսուած էր Մոսկուայի մէջ, սակայն տեղի չունեցաւ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունեց Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոններու ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Ռոպին ֆան Փույէնպրոքը, որուն ընկերացան «ՌԵՆՇԻՆ» քաղաքաշինական ներդրումային ընկերութեան հիմնադիր Էտուարտ Մարութեան եւ տնօրէն Լեւոն Գասպարով։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ հարցազրոյց մը տուաւ «ԹԱՍՍ» գործակալութեան։ Այս առթիւ ան յայտարարեց, որ չի բացառուիր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ եռակողմանի նոր հանդիպման մը կազմակերպումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցերը քննարկելու նպատակով։
Երեւանի կեդրոնին շարունակ բախումներ տեղի կ՚ունենան ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ:
Հայաստանի ներքին քաղաքական լարուածութիւնը հետզհետէ կը մագլցի՝ պատճառ դառնալով բեւեռացումներու խորացման:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
1977-էն ի վեր եւ ամէն տարի մայիս 18-ին, աշխարհի աւելի քան 150 երկիրներէ ներս, ներառեալ Հայաստանը, կը նշուի «Թանգարաններու միջազգային օր»ը:
Ասոր կողքին, վերջին տարիներուն, մեր հայրենիքէն ներս ձեւաւորուած է նոր եւ գեղեցիկ աւանդոյթ մըն ալ:
Եգիպտոսի մայրաքաղաքը՝ Գահիրէի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովը, որուն կը մասնակցի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Համաժողովի տանտէրն է Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Թաուատրոս Պատրիարքը, որու հրաւէրին ընդառաջ Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնած է Գահիրէ։
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Սիմոն Չեքէմն ու անդամուհի Պերրին Տայանը։ Հիւրերուն հետ էր Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց երէց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։
Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի հեղինակած «Կեանքը որ կ՚ապրինք» գիրքը բարձր գնահատանքի առարկայ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր բարձր հովանաւորութեամբ գիրքի շնորհանդէս՝ Գումգաբուի դահլիճի երդիքին տակ:
ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կարօտը ամուր գրկած էր տունի պատերը. պատերը ճաք տուած էին՝ մեծ-մեծ ճաքեր... Կը խորհիք՝ պատերը ինչպէ՞ս կրնան կարօտնալ: Իսկ ո՞վ ըսաւ, թէ չեն կրնար:
ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Հայացուց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Իւրաքանչիւր չար մտածում, որ միտքիս մէջ կայ, մե՞ղք կը համարուի:
Ինչպէ՞ս կու գան այս չար մտածումները, եւ ինչպէ՞ս կրնամ արգիլել զանոնք: