Արխիւ
Երեւանի «Սարգիս Մուրադեան» պատկերասրահին մէջ, Մայիսի 5-ին, պիտի բացուի «Կոմիտասը 20-րդ դարու հայ նկարիչներու աչքերով» խորագրեալ ցուցահանդէսը։
Գահիրէի «Գալուստեան-Նուպարեան» ազգային վարժարանի «Արցախ» երգչախումբը, Ապրիլի 25-ին, յաղթանակ տարած է Եգիպտոսի դպրոցական տաղանդներու ամենամեծ մրցոյթին՝ Uptown Stars Schools’ Talent Show-ին՝ գրաւելով առաջին տեղը:
Ինչպէս ծանօթ է, Ապրիլի 12-ին Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ մատուցուած Ս. Պատարագը դարձաւ պատմական։ Արարողութեան ընթացքին, Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ կեդրոնին մէջ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը մատնանշեց, որ «Հայոց ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր»։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը որոշած է բերել իր աջակցութիւնը, որպէսզի երկրէն ներս ստեղծուի խաչքարագործութեան դպրոց մը։ Այս ծրագրին կապակցութեամբ նախարարութիւնը կը համագործակցի խաչքարագործ Ռուբէն Նալպանտեանի հետ, որ նախաձեռնած է նման դպրոցի մը ստեղծման։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան կազմը համալրուեցաւ հինգ նոր դէմքերով։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած էր ՀԲԸՄ-ի 88-րդ համագումարը։
Միջազգային ելմտական ընկերակցութիւնը գոհ է Հայաստանի ծրագրերու կատարման ընթացքէն: Ֆինքելսթոն պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդլայնելու համար կողմերու համագործակցութեան ծիրը:
2015 թուականի մթնոլորտին մէջ ոգեկոչման արարողութիւնները կը շարունակուին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ։ 100-րդ տարելիցին կապակցութեամբ յառաջիկայ օրերուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքը՝ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած են ոգեկոչման արարողութիւններ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ տագնապին պատերազմական վերջին զարգացումները կրնան ճանապարհ հարթել քաղաքական նոր հանգրուանի մը: Վերջին հանգրուանին սուրիական տագնապին համար Մոսկուայի մէջ կայացած ժողովը դրական արդիւնքներու չյանգեցաւ: Ռուսաստանի կողմէ գործադրուող ճիգերը ապարդիւն պիտի անցնէին, որովհետեւ գետնի վրայ ազդեցութիւն ունեցող Սուրիոյ ընդդիմութեան չափաւորական թեւերը չմասնակցեցան այդ ժողովին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւետարանի մէջ՝ մնասներու առակը նմանութիւն ունի քանքարներու առակին հետ. (ՄԱՏԹ. ԻԵ 14-20) եւ (ՂՈՒԿ. ԺԹ 12-28)։ Քանքարը ծանրութեան հին չափ մըն է՝ մօտաւորապէս 45 քիլօ, որ այդ ծանրութեամբ ոսկի կամ արծաթի կը համապատասխանէր։
Կեդրոնական վարժարանի կազմակերպութեամբ կայացաւ Արա Կիւլէրի անուան ձօնուած լուսանկարչական չորրորդ մրցանքը՝ մասնակցութեամբ 100-ամեայ վարժարաններու ներկայացուցիչներուն։ Այս տարուան մրցանքին մասնակցեցան 12 լիսէէ 56 աշակերտ՝ 143 լուսանկարով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի հակասութիւնները զիրար ամբողջացնող իրողութիւններ են։ Արդարեւ, ամէն նեղութիւն եւ տրտմութիւն մարդուս մէջ կը վերածուին խորհրդաւոր ուրախութեան մը՝ հեռապատկեր մը եւ մեծութիւն մը ստեղծելով անոր ներաշխարհին մէջ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անցնող շաբաթը, շատ մը այլ կարեւոր իրադարձութիւններու կարգին Հայաստանի մէջ նշանաւորուեցաւ նաեւ հայերէ կազմուած ամենանշանաւոր երաժշտական խումբի՝ աշխարհահռչակ System of a Down-ի համերգով Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Հազարաւոր երիտասարդներ անձրեւին տակ երեք ժամէ աւելի ունկնդրեցին վերակազմաւորեալ խումբին ելոյթին:
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ ապրուած զգայացունց տմարդի իրադարձութիւնները կը շարունակուին՝ սրբապղծութիւններու զուգորդմամբ։ Սուրիահայութիւնն ու ամբողջ հայաշխարհը երէկ ահաւոր աւերի մը ականատեսը եղան։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց առաջին փոխ-նախարարը ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ APA գործակալութեան:
Կրիկորի Քարասինի համոզմամբ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ձեւաչափին փոփոխութիւնը կրնայ քայքայել բանակցութիւնները:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Սահմանադրական ատեանին մօտ կատարուած պաշտօնական դիմումին արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս ծանօթ է, Անթիլիաս կը պահանջէ Կիլիկեան Աթոռի Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի եւ մայր տաճարի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերումը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Անցաւ Ապրիլի 24-ը, սակայն արձագանգները տակաւին կը շարունակուին։ Առնուազն մինչեւ Յունիսի 7-ին կայանալիք ընտրութիւնները՝ Թուրքիոյ մէջ այս հարցը օրակարգի վրայ կրնայ գտնուիլ. այդ ալ բաւական ամբոխավարական տրամադրութիւններով։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Աննա եկեղեցւոյ օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Այս սրբատեղին թէ՛ նոր է եւ թէ միեւնոյն ժամանակ վերանորոգեալ։
Կը տեղեկանանք, որ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ ոգեկոչման ձեռնարկ մը կազմակերպուած է ի յիշատակ անմահ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի։ Ինչպէս արդէն ծանուցուած է մամուլի մէջ, հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթավերջին
Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան վերջերս ունեցաւ խորհրդանշական հիւր մը։ Այսպէս, իր այցելութեան փութաց Լաքի Վինկաս, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը կը զբաղեցնէր այդ պաշտօնը։ Անտարակոյս Թորոս Ալճանի տեսանկիւնէն զգացական խոր նշանակութիւն ունեցաւ այս այցելութիւնը։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչի պաշտօնը ժամանակաւորապէս յանձնուեցաւ Սարգիս Յովսէփեանին։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս այդ պաշտօնէն հրաժարած էր զուիցերացի Պեռնար Շալանտ, որու մականին ներքեւ հայկական հաւաքականը ապրեցաւ լուրջ ձախողումներ։



