Արխիւ
Էրտողան եւ Ալիեւ շաբաթավերջին մասնակցեցան Արդուին-Ռիզէի նորակառոյց օդակայանի պաշտօնական բացման
Շուշիի հռչակագիրը նոր հարթութեան մը վրայ դրած է Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները եւ այս քաղաքականութիւնը ժառանգուած է նախնիներէն:
Նշանթաշըի գեղարուեստի այգիին մէջ անցեալ շաբթուան ողջ տեւողութեան տեղի ունեցան Շիշլիի գիրքի օրերը։ Այս ծրագրին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ գրող Լետա Պոյաճը, որու գործերը միշտ համակրանքով կ՚ընկալուին ընթերցասէրներու կողմէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի ընդդիմութեան բողոքի շարժումները շաբաթներէ ի վեր կը շարունակուին, մինչ անոնց հաւանական ազդեցութիւններուն տեսակէտէ խորհրդածութիւններն ու հաշուարկները վերլուծաբաններու ուշադրութեան առարկայ են։ Այս բոլորի լոյսին տակ շօշափեցինք վերլուծաբան Բենիամին Պօղոսեանի կարծիքը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1995 թուականին «Թայմզ» ամսագիրը Իրինա Խաքամատան ընդգրկած է 21-րդ դարու 100 նշանաւոր կիներու ցանկին մէջ: 1977-1999 եւ 2001-2005 թուականներուն Ռուսաստանի մէջ տեղի ունեցած ընկերաբանական հարցումներու արդիւնքին, Իրինա Խաքամատան նկատուած է տարուան կինը, իսկ 1999 եւ 2002 թուականներուն ան յաղթած է այդ անուանակարգին մէջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Իւրաքանչիւր օրը կանգնած՝ ծածկուած քրտինքով, կեղծ յոյզերով, կը թուէր, թէ օրէ օր, քայլ առ քայլ կը մօտենամ մէկ այլ մոռցուածի, կորսուածի վերածուելու։ Այնքան սովոր էի, թէ կեանքի պայմանները թելադրեն իմ ապրելակերպը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Եթէ կրնաս միշտ սպասել անձանձիր...»:
Մարդ արարածին տրուած ամենէն դժուարին քննութիւններէն մէկը սպասելն է, որ իրականութեան մէջ պարզ, սակայն խորքով ամենէն բարդը կը թուի ըլլալ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յինանց կիրակիներուն հինգերորդ կիրակին, նուիրուած է Սրբոյ Խաչի Երեւման յիշատակին։
Աւանդութեան համաձայն, 351 կամ 352 մայիս 7-ին, Երուսաղէմի երկինքին վրայ լուսեղէն խաչ մը երեւցած է, որու լոյսը Գողգոթայէն Ձիթենեաց լեռ տարածուած է եւ արեգակին լոյսը նսեմացուցած է։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիա հաշտ աչքով չի դիտեր Ֆինլանտիոյ եւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հեռանկարը։
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ մերձակայ շարք մը երկիրներ մտահոգութեան մատնուած են՝ Ռուսաստանի թիրախը դառնալու հաւանականութեան բերումով եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ սկսած են մտածել դաշինքին անդամակցելու մասին։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան երկու խանդավառ հանդէսներ, որոնցմէ մին ձօնուած էր Մայրերու օրուան, իսկ միւսը՝ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնին։
Մայրերու օրուան համար կազմակերպուածը «Լոկ մայրն է այժմ խիղճն հայրենիքիս» նիւթով ծրագրուած գրական-երաժշտական ցերեկոյթի մը ձեւաչափին մէջ էր։
«Ետիթեփէ» համալսարանէն ներս երէկ բացուած ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ նմոյշներ հայկական պատմական թերթերէ, որոնց շարքին միայն ԺԱՄԱՆԱԿ-ը լոյս կը տեսնէ ցայսօր:
«Օսմանեան պետութեան մէջ գաղափարի ու մտքի ազատութիւն. բազմալեզու մամլոյ կեդրոնը՝ Իսթանպուլ» եւ «Թէրճիւմանը Ահվալէն մինչեւ մեր օրերը թուրք մամլոյ պատմութեան մէջ գաղափարի հոսանքը» խորագրեալ երկու շահեկան համատեղ ծրագիր: Փրոֆ. Սուաթ Կեզկինի վերահսկողութեան ներքեւ պատրաստուած բացօթեայ ձեռնարկը հետաքրքրութեան առարկայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բաւական երկար ժամանակ վերլուծական աշխատանք չէի կատարած. յանկարծ միտքս եկաւ Քիփլինի գրած եւ Մուշեղ Իշխանի թարգմանած «Եթէ» բանաստեղծութիւնը, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ շատերու (եթէ կարդացող մնաց) ուժ եւ կորով ներշնչել: Յիշեցի, որովհետեւ մեր կեանքը եւս այսօր լեցուած է «Եթէ»ներով, որոնց կսկիծը մինչեւ օրս կը կրենք:
Ս. Խաչ դպրեվանքի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցաւ ֆութպոլի մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր վարժարանի բազմամեայ, անմոռանալի տնօրէններէն լուսահոգի Հայկ Նշանի յիշատակին։ Ֆէրիգիւղի «Սիւլէյման Սեպա» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան մրցումները, որոնց մասնակցեցան համայնքային հինգ լիսէներու խումբերը։
Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը երէկ ընկերային ցանցերու միջոցաւ շրջանառութեան մէջ դրաւ զեկոյց մը, որ ստեղծած է լայն արձագանգ։ Այս զեկոյցին բովանդակութիւնը կը վերաբերի Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին եւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի միջեւ յառաջացած խնդիրներուն։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան բացուեցաւ ձեռագործներու ցուցահանդէս մը։ «Կենաց ծառ» անուանումով միութեան երդիքին տակ կազմակերպուած են յախճապակիի եւ կերպասի բանման աշխատանոցներ։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Պատերազմներէ, ներքին հակամարտութիւններէ եւ արտաքին ներխուժումէ մեծ վնասներ կրած երկիրներէ այլ վայրեր ապաստանող երեխաներ, աշակերտներ յաճախ կը յաջողին իրենց նոր դպրոցներու մէջ եւ այդպէս կը շարունակեն: Անշուշտ այս իրողութեան մէջ մեծ բաժին ունին ուսուցիչները: Այս մասին «Ուորլտ Ռիլիֆ» կայքը հրատարակած է յօդուած մը, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երկարատեւ տագնապով եւ ծանր ցնցումներով պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ երկրի քաղաքացիները քուէատուփի մօտ կը փութան, մինչ տեղւոյն հայութիւնն ալ ունի լուրջ սպասումներ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մենք վերջերս ինքնութեան, ինչպէս նաեւ գաղափարի վրայ հաստատ մնալու տկարութիւն մը ունինք եւ ինչպէս օրեր առաջ մեր յօդուածագիրներէն Վարանդ Քորթմոսեան կը գրէր, պատրաստ ենք մածունին ըսելու սեւ՝ եթէ մեր շահերը կը ներեն ու կը նպաստեն:
ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝ ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Շոգեկառքը արագ անցաւ:
Կը սպասէի մայթին վրայ,
Շոգեկառք մը անցաւ:
Էսաեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ անցեալ շաբթուան մէջ այցելեցին Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքը, ուր մասնակցութիւն բերին աշխատանոցի մը, որ կազմակերպուած էր «Էրասմուս» ծրագրի շրջանակէն ներս։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այդ օր, պատահաբար դիմատետրիս էջին վրայ հանդիպեցայ հետեւեալ քանի մը օրինակներուն, որոնք ինծի ինքնաբերաբար տարին չես գիտեր մինչեւ ուրտեղերը:
Արդիւնք.- Մեր ներկայ կեանքի անօրինակ մթնոլորտին մէջ, դարձեալ սկսած էի ես զիս փնտռել: