Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ճակատագիրը որոշած էր այդ օր մահաքունէն վերստին կեանքի կոչել երկար տարիներ մահաքունի մէջ եղող հայոց լեզուի նուիրեալ մը՝ իր տեսակին մէջ արդէն վերջի՛նն ու միակը: Ինչքա՞ն ժամանակ այդ վիճակի մէջ էր. բժիշկները եւս տեղեակ չէին, որովհետեւ հիներուն տեղ եկած էին նորերը եւ զինք գտած այդ վիճակին մէջ՝ աւելի քան մի քանի տասնեակ տարիներ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սեպտեմբերեան փոքր պատերազմը (զոր պաշտօնական շրջանակները որակեցին իբրեւ սահմանային բախում) կրկին յոռետեսական տրամադրութիւններ սփռեց չորս դին: Այսօր տակաւին լարուած է իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանին, հրադադարը պարբերաբար կը խախտի, սեպտեմբերին զոհուած աւելի քան երկու հարիւր հայ զինուորներուն մարմիններուն բոլորը տակաւին չեն յանձնուած հողին:
Համայնքային շրջանակները կ՚ողջունեն Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքը:
Սարգիս Չեթինքայա եւ գործակից ընկերները լայնախարիսխ զօրակցութեան առարկայ կը դառնան՝ ժողովրդական ամուր յենարաններով: Նորընտիր կազմը պաշտօնի ձեռնարկելու համար կը սպասէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան վաւերացման:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Այլեւս տասներկու կցկտուր տարիներ կ՚ապրիմ քեզմէ հեռու: Իմ հոգիէն զիս կը բաժնէ ընդամէնը 360 քիլօմեթր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կը շարունակենք Առակաց 6-րդ գլուխի 16-19 համարներուն բացատրութիւնը:
• Անմեղ արիւն թափող ձեռքեր. այսօր ինչքա՜ն մեծ է թիւը այն մարդոց, որոնք անմեղներու արիւնը կը թափեն, յանուն քաղաքական, անձնական, յարանուանական, կրօնական, կուսակցական սին ու փուճ շահերու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ողջախոհութեան առաքինութիւնը կը ծաղկի եւ կը բարգաւաճի բարեկամութեան մէջ։ Ան ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս պէտք է վարուիլ իր նմաններուն հետ իբր բարեկամ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջերս Լիբանանէն Հայաստան այցելութեան եկաւ մտաւորական-խմբագիր մը, որուն հետ հանդիպելու բախտաւորութիւնը ունեցայ։ Հազիւ հանդիպած այս եղաւ առաջին արտայայտութիւնը. «Եղբայր այս ի՞նչ յօդուածներ կը գրես «Ծիծիկներ» «Միծիկներ»։
Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-
Հեղինակաւոր վարպետը շատ կարեւոր ներդրում մը կ՚ապահովէ՝ ժամանակներուն չդիմացած, վնասուած ժապաւէններու վերստին յայտնաբերման ուղղութեամբ:
Պարսկահայ յայտնի շարժանկարի գործիչ եւ բեմադրիչ Արբի Յովհաննիսեանի կողմէ ստեղծագործուած «Աղբիւր»ը դասուեցաւ «IL CINEMA RITROVATO»ի լաւագոյն տասն գործերու շարքին:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ պատրաստ է հանդիպիլ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Օրերս Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւս առիթով մը յայտնած էր, թէ պատրաստակամ է Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպելու համար։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տքթ. Յարութիւն Արմէնեանի հետ ունեցանք բովանդակալից հարցազրոյց մը, որուն սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին համախմբուեցաւ թաղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի ճաշկերոյթին առթիւ։ Սա բառին բուն իմաստով ընտանեկան հաւաքոյթ մըն էր, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժինը Թարգմանչաց տօնին առթիւ կազմակերպեց ձեռնարկ մը։ Օրուան հիւրն էր Զաքարիա Միլտանօղլու, որ մասնագիտութեամբ ճարտարապետ է, նաեւ հայ մամլոյ պատմութեան վերաբերեալ ուսումնասիրական գիրք մը հրատարակած է։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու պատասխանեց հարցումի մը, թէ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Հայաստան չի յարգեր Ատրպէյճանի հետ ստորագրած համաձայնութենէն բխած պարտաւորութիւնները։ Ըստ Չավուշօղլուի, պատերազմի յաղթանակէն վերջ Ատրպէյճան Հայաստանին առաջարկած է համապարփակ խաղաղութեան համաձայնութիւն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին օրերու զարգացումները կը փաստեն կարեւոր բան մը։ Կը փաստեն, որ Լիբանանի նախագահ զօրավար Միշել Աուն, որուն նախագահութեան օրերը «տէ ֆաքթօ» հաշուըւած են, պիտի լքէ Պաապտայի նախագահական պալատը, որպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կամքը կատարած եւ ամերիկեան գաղտնաբառին այո ըսած նախագահ։
Անմոռանալի լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի մահուան 4-րդ տարելիցը համախմբեց իր ընկերներն ու սիրելիները:
Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ հանդիսաւոր ձեռնարկ մը՝ AKM-ի երդիքին տակ:
Պուլկարահայ գեղարուեստասէրները ողջունեցին «Մարալ» համոյթն ու մեներգչուհի Մարալ Այվազը:
«Արաքս» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկը անմոռանալի դարձաւ մասնակիցներու յիշողութեան մէջ:
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հեռաձայնով կապ հաստատեց Սարգիս Չեթինքայայի հետ, որու կողմէ գլխաւորուած Կապոյտ ցուցակը ընտրութեան արդիւնքին հիման վրայ իրաւունք շահած է յառաջիկայ շրջանին Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղ. խորհուրդի ղեկը ստանձնելու
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու նոյն կազմի սիւներէն Նուրհան Փալաքօղլուն եւ Գարէն Թէրզեանը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեք տարուան բացակայութենէն ետք, այս հոկտեմբեր ամսուն, երկշաբաթեայ ծրագիրով մը Հայաստան կը գտնուէր պոլսահայ եւ ամերիկաբնակ աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունի: Ան Հայաստանի հինգ քաղաքներու մէջ աշխատանոցներ վարեց պատանի երաժիշտներուն համար, նոյն քաղաքներուն մէջ համերգներ ունեցաւ:
ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Հալէպահայ մեր կեանքին մէջ առանցքային դեր կը կատարէր ազգային մշակոյթը: Բնականաբար տարաբնոյթ եւ բազմերես այս բնագաւառը, կը յագեցնէր մեր հոգեւոր քաղցը: