Արխիւ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ սա եղաւ Սպիտակ տան նոր շրջանի առաջին ամենաբարձր մակարդակի շփումը։
Պոլսահայ մշակութասէրներուն տեսակէտէ շաբաթավերջին եզակի ու հաճելի իրադարձութիւն մը եղաւ «Կիկօ-ի հետ առաջ ու յետ» խորագրեալ ցուցահանդէսին բացումն ու նոյն առթիւ պատրաստուած գիրքին շնորհանդէսը։ Երէկ յետմիջօրէին, Գարակէօզեան տան համալիրէն ներս, «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստից աշխատանոցի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ մեծանուն բանաստեղծ Զահրատի վիթխարի ժառանգութեան վառ հետքերուն հետեւելու առումով ինքնուրոյն հնարաւորութեան մը վերածուեցաւ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ի՞նչ կ՚ընէիք, եթէ անցեալին երթայիք եւ դիտէիք այն իրադարձութիւնները, որոնք արդէն տեղի ունեցած են: Էմի Հարմոնի կողմէ գրի առնուած «Միայն քամին գիտէ» խորագրեալ գիրքի գլխաւոր հերոսը՝ Էնը կը ստիպուի ինքն իրեն տալ այս հարցումը, երբ կը վերադառնայ իր ընտանիքի սկզբնակէտին՝ այն ժամանակ, երբ կը կարծէ, որ ամբողջովին կորսնցուցած է իր ընտանեկան արմատները:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անուանի հոգեւորական Հենրի Ճ.Մ. Նուընի «Ճանապարհորդութեան հացը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» հատորը խորհրդածութիւններ ունի տարուայ բոլոր օրերուն համար։ Հայերէնի թարգմանած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան եւ գրեթէ հայացուցած անուանի հոգեւորականի նոյնքան նշանաւոր գիրքը, որ լոյս տեսած է 1996 թուականին եւ տարածուած աշխարհով մէկ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեր գրութեան խորագիրը «յուսահատութիւն» գրել յարմար նկատեցինք, քանի որ երբ բժշկութեան համար կ՚աղօթենք մեր հիւանդութիւններուն համար, պէտք է գիտնանք, որ ամենածանր հիւանդութիւնը՝ յուսահատութի՛ւնն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայ ժողովուրդը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ապացուցեց, որ ինք առասպել է, յաւերժութեան խորհրդանիշ մը. կրնայ թուիլ, որ «յաւերժութեան խորհրդանիշ»ը ազգը «բարձրացնել»ու համար ըսուած խօսք մը ըլլայ, սակայն, ճշմարտութիւնը այդպէս չէ. պարզապէս մեր ազգը նման է այն ծերունիին, որ հողին կը յանձնէ զաւակներ ու թոռներ, կը սկսիս մտածել, որ ահաւասիկ վերջն է, կորուստը անխուսափելի է, բայց ինչ որ անբացատրելի հրաշքով դարձեալ կ՚ապրի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ գործընթացները կրնան յաջողութեամբ պսակուիլ, եթէ բոլոր բաղկացուցիչները լիարժէք յարմարուին այժմ ստեղծուած կացութեան:
Ներքին կայունութեան որոնումներու մթնոլորտին մէջ, Դամասկոսի իշխանութիւնները այժմու անցումային շրջանին համար կը վայելեն սիւննի աշխարհի գլխաւոր դերակատարներուն՝ Անգարայի եւ Ռիատի ամբողջական նեցուկը, իսկ տարածաշրջանի համայնապատկերը փոխելու թեկնածու ուժը կը մնայ Ուաշինկթըն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապաշխարութիւնը խորհուրդ մըն է. անոնք որոնք կը մօտենան Ապաշխարութեան խորհուրդին, Աստուծոյ դէմ գործած իրենց վիրաւորանքին՝ որով վշտացուցած են զԱյն, Աստուծոյ ողորմութենէն կ՚ընդունին ներումը եւ միաժամանակ կը հաշտուին իրենց մեղքով վիրաւորած Եկեղեցւոյ հետ, որ մարդասիրութեամբ, բարի օրինակով եւ աղօթքներով, ողորմութեամբ եւ պահքով կը սատարէ իրենց դարձին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն մօտաւորապէս 23 տարիներ առաջ, երեքշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2001 թուականին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգին մէջ տեղի ունեցաւ յայտնի «9/11» գործողութիւնը, որ չես գիտեր ինչո՞ւ, ամբողջ աշխարհին վրայ մեծ ազդեցութիւն մը ունեցաւ. մէկէն ի մէկ խոր ազդեցութիւն մը ձգեց ու յանկարծ աշխարհը ամբողջ զգաց ահաբեկչութեան դաժանութիւնը:
Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ սկսած են բարեկարգման աշխատանքներ։ Վերանորոգութեան ծրագրին մասին այսօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները, որոնք հաղորդեցին նաեւ, որ աշխատանքներուն բերումով Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ Մեծ պահոց շրջանին տեղի պիտի չունենան Արեւագալի ժամերգութիւններ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարներու շփումը տեղի ունեցաւ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութեան շուրջ բանակցութիւններու աւարտին կապակցութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հրամանաւ եւ օրհնութեամբ, Բուն բարեկենդանի առթիւ, Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան մեկնեցաւ Էլազըղ: Հովուական ուղեւորութեան ընթացքին տէր հօր կ՚ընկերանար Իսքենտերունի Ս. Քառասուն Մանկունք եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ ուրարակիր դպիր Թապաշեան:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Մահը կ՚ենթադրէ մե՜ծ հարցական մը, որմէ, ըստ էութեան, կարծես ծնունդ կ՚առնէ փիլիսոփայութիւնը։ Անորոշութիւնը, կասկածը, վախը… Այս շարքը կը պայմանաւորէ մարդուս հոգեբանութիւնը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի ժամանակաշրջանը քրիստոնեայ իւրաքանչիւր անհատի համար ամենէն լաւ առիթն է՝ իր ունեցած հաւատքին մէջ խորանալու, ա՛լ աւելիով մօտենալու Աստուծոյ, զգալու Անոր ներկայութիւնը եւ նախախնամութիւնը մեր կեանքէն ներս, վայելելու Անոր օրհնութիւններն ու ողորմութիւնը:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Չկայ հաւաքական կամ միասնական զգացուածութեան ֆիզիքական եւ հոգեկան տառապանք՝ թէ՛ բնազանցականութիւնով եւ թէ գիտական ու ընկերաբանական գործադրմամբ: Հաւաքական տառապանքի ընկալումը, վերծանումը, տեղ մը տարածումը, օգտագործումն ու վերացման ջանքերը (համամարդկային կրօնական եւ քաղաքական օրէնսդրական ալ մակարդակներով) կրնանք համարել մխիթարանքի ու փարատման չստացուող փորձ, ինչ որ կը հաւասարակշռէ անհատական տառապանքը, որ չէ չամոքուած ու չէ ոչնչացած:
Սամաթիոյ ընտանիքը նախընթաց օր գիտական ձեռնարկ մը կազմակերպեց՝ ի ոգեկոչումն թաղի Սահակեան-Նունեան լիսէի բարեյիշատակ տնօրէնուհի ողբացեալ Թալին Մաթոսօղլուի։ Դպրոցի միջնակարգի բաժնին կողմէ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակագիրներէն Սագօ Արեանին։ Մինչ այդ, Ամեն. Ս. Պատիրարք Հայրը այս առաւօտ վերադարձաւ իր Աթոռը։
Հայկական գիտական աշխարհը երէկ ցաւալի կորուստ մը ունեցաւ։ Ոչ եւս է ակադեմիկոս Ալպերթ Ղուլեան, որ մահացաւ 86 տարեկան հասակին։
Մինչ Սուրիոյ մէջ անցումային շրջանը թափով կը շարունակուի, Թուրքիա կը շարունակէ անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերել իրադարձութիւններուն նկատմամբ։ Անգարայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ:
Ատրպէյճանի գլխաւոր պայմանը մնալ կը շարունակէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը:
Երեւան եւ Պաքու թէեւ համաձայնեցուցին ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութիւնը, սակայն, նոյնիսկ այդ տարբերակը չի ստորագրուիր: Հաշտութեան ջանքերու բեկումնային պահուն Անգարային ուղղեալ պատգամներ: