Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունիս 12, 2025

Էսաեան վարժարանի մէջ 2024-2025 կրթական շրջանի ներկայ եզրափակիչ փուլը կը բնորոշուի խանդավառ հանդէսներով։ Վերջին օրերուն դպրոցին մէջ տեղի ունեցան մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսն ու առաջին դասարանի ընթերցման տօնը:

Հինգշաբթի, Յունիս 12, 2025

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան 564-րդ տարեդարձը երէկ աւանդական արարողութեամբ նշուեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութեան հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն մասնակցեցան պոլսահայ հոգեւորականաց դասու բազմաթիւ անդամներ։

Հինգշաբթի, Յունիս 12, 2025

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Հայաստանի վարչապետին կողմէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու դէմ հրապարակուած մեղադրանքներու եւ պահանջներու քաղաքական շարժառիթները հիմնականին մէջ երկու ուղղութիւն ունին:

Հինգշաբթի, Յունիս 12, 2025

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալէն Պերսէն, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ ԵԽ-ի ընդհանուր քարտուղարը ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ

Չորեքշաբթի, Յունիս 11, 2025

Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթը երէկ ընկերային ցանցերու իր պաշտօնական հաշիւներուն վրայ տեղ տուաւ այս լուսանկարին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 11, 2025

2024-2025 կրթական շրջանի աւարտին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս տարի եւս հայրական հետաքրքրութեան առարկայ կը դարձնէ համայնքային վարժարաններու սաները։

Չորեքշաբթի, Յունիս 11, 2025

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է Եշիլգիւղի վարժարանի տնօրէն Մելիքճան Զաման։ Բօթը իսկապէս ցնցում յառաջացուցած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Արդարեւ, Մելիքճան Զամանին մահը շատ անժամանակ է, որովհետեւ ան երիտասարդ տարիքի մէջ դարձած է յանկարծամահ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 11, 2025

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 70-ամեակը։ Վերջերս շուրջ մէկ շաբթուան բազմակողմանի ծրագիր մը կեանքի կոչուեցաւ՝ ի նշանաւորումն այս եզակի յոբելեանին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 11, 2025

Այս օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենան սուր եւ ծայր աստիճան լարուած գործընթացներ, որոնց աղմուկը հասած է մինչեւ միջազգային հարթակներ։ Փաշինեանն ու իր զուգընկերուհին հռետորական ուժգին արշաւ սկսած են ընդդէմ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեւորականութեան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 11, 2025

Հայաստանէ ներս յառաջացած եկեղեցի-պետութիւն լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ուշ գիշերին յորդորեց պահպանել միասնականութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 11, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մերձաւոր Արեւելքի ուղղեալ Սպիտակ տան նոր քայլերը հաշուի կ՚առնեն սիւննի բաղադրիչի ձայնը:
Ուաշինկթընի տարածաշրջանային նախաձեռնութիւնները անխուսափելիօրէն կ՚ունենան Թեհրանի եւ Դամասկոսի մասին ծալքեր:

Չորեքշաբթի, Յունիս 11, 2025

ՆԻԶԱՐ ՔԱՊԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Երբ սիրահարուած ըլլամ
հեղուկ լոյս կը դառնամ,
որ աչքը չի՛ կրնար տեսնել զիս:
Իսկ իմ բանաստեղծութեան տետրակներս
միմոսայի (mimosa) եւ երիցուկներու դաշտերու կը վերածուին:

Չորեքշաբթի, Յունիս 11, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Այս իրողութիւններուն վկաներն ենք մենք, ինչպէս նաեւ Սուրբ Հոգին, որ Աստուած տուաւ իրեն հնազանդողներուն». (ԳՈՐԾ. Ե 32)։
Ի՞նչ կը նշանակէ «հնազանդութիւն»։
Հնազանդութիւն չի նշանակեր կատարել կարգ մը բաներ, կամ շատ մը բաներ, կամ Աստուծոյ հրամայած բաներուն մեծ մասը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 11, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կար ատեն, երբ «բան մը չգիտցող» մարդը անհանգստութիւն կը պատճառէր. սակայն, ժամանակը եկաւ սորվեցնել, որ չգիտնալը ամօթ չէ. անշուշտ, շատեր լսած են, որ չսորվիլն է ամօթը. իրականութեան մէջ չսորվիլն ալ ամօթ չէ. ամօ՛թ է՝ երբ չես գիտեր, սակայն, լռութիւնդ պահելու փոխարէն աբեղ-ցփեղ կը փիլիսոփայես... եւ մեր օրերուն պէտք եղածէն շա՜տ շատ աւելի են այդ փիլիսոփաները:

Երեքշաբթի, Յունիս 10, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մի քանի տարիներ առաջ բախտաւորութիւնը ունեցայ հայ գրող Վահրամ Մավեանի ձեռագիրները թերթատելու. մինչեւ օրս լոյս չտեսած արխիւին մեծամասնութիւնը նամակներ էին՝ գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ.- կը խնդրենք միջնորդէք, որպէսզի «այսինչ» աշակերտը առանց կրթաթոշակի կրթութիւն ստանայ:

Երեքշաբթի, Յունիս 10, 2025

Մխիթարեան վարժարանին մէջ կազմակերպուած մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսը արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան, որու կողքին էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Սարգիս Ծայրագոյն Վարդապետ Էրմէն եւ Հ. Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 10, 2025

Գալֆաեան տան նախաձեռնութեամբ այս տարի 18-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային մարմնամարզի աւանդական մրցոյթը, որ ձօնուած է լուսահոգի Վարսէն Օրունճաքճըէլի յիշատակին։

Երեքշաբթի, Յունիս 10, 2025

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ, առաջին դասարանի աշակերտներու ընթերցման տօնը բնորոշուեցաւ բացառիկ խանդավառութեամբ։ Եռալեզու յայտագիր մը ունէր հանդէսը, որու ընթացքին տղաքը արժանացան ծափահարութիւններու։

Երեքշաբթի, Յունիս 10, 2025

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ, փոքրիկները ջերմ ծափահարութիւններու արժանացան իրենց զանազան ելոյթներով։

Երեքշաբթի, Յունիս 10, 2025

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի տարեվերջի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ խանդավառ պայմաններու ներքեւ։ Մանկապարտէզի երեք դասարաններու փոքրիկներն ալ մասնակցութիւն բերին յայտագրին եւ իրենց ելոյթներով արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։

Էջեր