Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վարդան Այգեկցի՝ ծնած է ԺԲ. դարու վերջը եւ վախճանած՝ 1250-ին (ըստ այլ աղբիւրներու՝ 1235)։ Առակագիր, քահանայ, աստուածաբան, մատենագիր, մատենագէտ, հասարակական գործիչ, ժամակագիր եւ քարոզիչ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր ազգին մէջ կան խնդիրներ, որոնք վեր ու առաջնահերթ են ամէն տեսակի անձնական շահամոլութենէ, ներքին ըսի ըսաւէ ու աւելորդաբանութենէ։ Այս մէկը կը գրենք, որովհետեւ կը տեսնենք, թէ մեր ազգը երեւոյթները չէ՛, որ կը դատէ, այլ առաջին հերթին նկատի կ՚առնէ անձը եւ այդ անձին հիման վրայ իր դիրքորոշումը կ՚որդեգրէ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Թարգմանչաց տօնին առթիւ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը հերթական այցելութիւնը կազմակերպած էր Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզման, Օշական գիւղ: Երկու տարին անգամ մը «Կանթեղ» թարգմանչական մրցանակի տուչութիւնը կը կատարուի Օշական գիւղին մէջ, դարձեալ Հայաստանի Գրողներու միութեան կողմէ, իսկ մրցանակը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան միացեալ նախաձեռնութիւնն է:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Եղիա Տէմիրճիպաշեան, արեւմտահայ գրող, բանաստեղծ եւ փիլիսոփայ: Ծնած է 8 մայիս 1851-ին, Խասագիւղի մէջ, Պոլիս:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քրիստոնեաներու մասին մտավախութիւններու արձագանգը արդէն հասած է Պրիւքսէլ՝ մինչ հիմա կարեւորը հինը չփնտռելն է: Վստահաբար նոյնիսկ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնը այդքան ալ լաւ չի գիտեր, թէ այժմու անցումէն վերջ յառաջիկային ի՞նչ հունով պիտի ընթանայ երկիրը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի համար այսօր յոբելենական օր է։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան հնգամեակն է այսօր։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա դրական կը գնահատէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատգամները՝ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ։
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հետաքրքրական գիրք մը. «Օսմանեան կայսրութեան ուշ շրջանին հայերն ու քիւրտերը»։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Ի՞նչ կը յիշենք մեր դպրոցական օրերէն…
Ամենէն շատ մեր չարաճճիութիւնները, սրամտութիւնները, ուսուցիչի մը սխալիլը, անարդար պատիժ մը, մէկ խօսքով նշանակալի դէպքեր…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի մէջ առկայ մեծ խաղը. կրնա՞յ փոխուիլ երկրի քաղաքական պատկերը տեսանելի ապագային:
Մինչ համատարած լճացումը կը շարունակուի՝ Փաշինեան կրնայ իշխանութեան գլուխ մնալ, եթէ դուրսէն կարմիր լոյս մը չվառուի իր դէմ, իսկ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած ընդդիմութիւնը աւելի ծանր պարտութեան մը կրնայ ենթարկուիլ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնաւ մտահոգուա՞ծ էք հայ գիրով, բնաւ հետաքրքրուած էք, որ այսօր քանի՞ հայ կը գործածէ իր սեփական, իր հարազատ գիրը, այն աստուածատուր, կեանքե՜ր արժող՝ սքանչելի այբուբենը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները ընկերային ցանցերու մէջ ձեւաւորուած անձնաւորութիւններու եւ կերպարներու մասին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցնող մի քանի տասնամեակներուն մարդկութիւնը դիմագրաւեց բազմաթիւ դժուարութիւններ ու աղէտներ, որոնք մեծապէս իրենց բացասական ազդեցութիւնը ունեցան մարդկային մեր կեանքէն ներս.
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Էքպէր Ահմատիանը, որ նախօրէին այցելած էր նաեւ Պաքու։ Իրանի պատուիրակութիւնը Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Շիշլիի քաղաքապետ Ռեսուլ Էմրահ Շահան երէկ առաւօտ համախմբուեցաւ մամլոյ սպասաւորներու խումբի մը հետ։ 10 յունուարի Գործող լրագրողներու օրուան ընդառաջ կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը, որուն հրաւիրուած էին նաեւ փոքրամասնութեանց մամլոյ ներկայացուցիչներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առթիւ կը շարունակէ Գումգաբուի մէջ ընդունիլ շնորհաւորութեան այցելութիւններ։ Այս ծիրէն ներս երէկ Պատրիարքարան այցելեցին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, զանազան հասարակական կազմակերպութիւններէ դէմքեր եւ այլ հիւրեր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պոլսոյ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները՝ որոնք Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն առթիւ շնորհաւորութեան փութացած էին։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներէ ներս պաշտօնավարող աշխարհական աշխատակիցներու հետ համախմբուեցաւ՝ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առթիւ։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ լուսարարապետի պաշտօնակատար Տ. Յարութիւն Վրդ Կիրակոսեան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Գալիֆորնիա նահանգէն ներս ծագած մեծ հրդեհները այս շրջանին վերածուած են աղմկայարոյց իրադարձութեան՝ միջազգային հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալով։