Արխիւ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Չինաստանի «Պոյա» գիտահետազօտական կեդրոնի պատուոյ նախագահ Ռուի-Ցի Լիյուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին՝ Փեքինի մէջ տեղակայուած կեդրոնի գործունէութիւնն ու ծրագրերը։
Երուսաղէմի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները երէկ հիւրընկալուեցան Իսրայէլի նախագահ Իցհաք Հերցոքի կողմէ՝ Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ։
Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան յայտարարեց, որ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի իրագործման եւ խաղաղութեան հաստատման պարագային՝ Շիրակի մարզէն ներս նախատեսուած «Չոր նաւահանգիստ» ծրագիրը կրնայ դառնալ տարածաշրջանային բեռնափոխադրութեան լրջագոյն հանգոյց մը։
Մոսկուա-Թեհրան առացքին վրայ պիտի արժեւորուին տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հարցերը:
Փութին-Փեզեշքիան հանդիպման ընդառաջ Իրանէն յայտարարուեցաւ, որ կարեւոր է Հարաւային Կովկասի անվտանգութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Ուաշինկթըն, ուր ժամադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Հայկական դիւանագիտական աղբիւրները երէկ այս կապակցութեամբ հրապարակեցին մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ մանրամասնօրէն յիշեցուեցաւ Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու անցեալ տարուայ խտացեալ թափը։
ՀԲԸՄ արագօրէն կ՚արձագանգէ Լոս Անճելըսի հրդեհներու հետեւանքներու յաղթահարման ջանքերուն:
«Մարդասիրական յանձնառութեամբ շարժման անցած են կեդրոնական վարչութիւնն ու ԱՄՆ-ի Արեւմտեան ափի մասնաճիւղը»:
Շաբաթավերջին նորոգ հանգուցեալ տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան ոգեկոչուեցաւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ, հանգուցեալի ընտանեկան դամբարանին մօտ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ գլխաւորութեամբ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեանի եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանի։
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ տարեմուտի աւանդական հոգեւոր համերգը, որ անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորած այս ծրագրի գեղարուեստական ղեկավարն էր Էտվին Կալիպօղլու։
Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու Եփրեմ Բ. Պատրիարքը անդրադարձան Սուրիայէ ներս ստեղծուած կացութեան:
Քրիստոնեայ համայնքներու մօտեցումներու լոյսին տակ՝ միասին գործելն ու հաւաքական տեսակէտներ ճշդելը հրամայական:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լեզուն բնութեան եւ հասարակութեան զարգացման պատմութեան ամենանշանակալից երեւոյթներէն մէկն է, առանց որու անհնար է պատկերացնել կեանքի ընթացքը: Լեզուն հետեւաբար նաեւ մարդու ամենակարեւոր նուաճումն է կենդանական աշխարհէն անջատուելու ճանապարհին:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մեր այս յօդուածով կ՚եզրափակենք մեր խորհրդածութիւնները ընկերային ցանցերու մէջ ձեւաւորուած անձնաւորութիւններու եւ կերպարներու մասին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանցիներուն համար յիշարժան էր անցեալ հինգշաբթի օրը։ Երկու տարուան սպասումէ ետք, անոնք վերջապէս ունեցան նոր նախագահ մը, որ արդէն կը վայելէ երկրի մեծամասնութեան զօրակցութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոնեաները մկրտուած են «Հօր եւ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով». (ՄԱՏԹ. ԻԸ 19)։ Անոնք նախապէս «Կը հաւատամ» կը պատասխանեն այն երրեակ հարցաքննութեան, որ իրենցմէ կը խնդրէ դաւանիլ Հայրը, Որդին եւ Հոգին. «բոլոր քրիստոնեաներուն հաւատքը կը հիմնուի Երրորդութեան վրայ». ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Կեսար Առլեցի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գ.- Պէտք է բոլոր կուսակցութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն համար յստակ ըլլայ, որ որեւէ դպրոց պէտք է վեր մնայ կուսակցական ու ներքին ամէն տեսակի կռիւներէ ու բախումներէ. բոլորս ալ ընդունինք, թէ լաւապէս գիտենք, որ մեր կուսակցութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն մէջ մի՛շտ գոյութիւն ունի անլուծելի ներքին կռիւ մը, որ առաւելաբար աթոռի կռիւ է եւ այդ կռիւը ամէն տեղ նոյն ազդեցութիւնը կ՚ունենայ։
Իրան 800 քիլօմեթր տրամաչափով ռատար մը տեղադրած է իր հիւսիսին։ Այդ շառաւիղը կ՚ընդգրկէ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի երկինքը։
Հայաստանի վարչապետի բանբեր Նազելի Պաղտասարեան շաբաթավերջին յայտնեց, որ Երեւան կը դիտարկէ Մինսքի խումբը լուծարելու հարցով ԵԱՀԿ-ին դիմելու հնարաւորութիւնը։
Ամերիկեան «Stratfor» յայտնի վերլուծական կեդրոնի մասնագէտները կը նախատեսեն, որ այս տարի պիտի ձախողին Հայաստանի փորձերը, որոնք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն լուրջ աջակցութիւն ստանալու հետամուտ են։
Գարթալի խնդրակատար Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որ զուգադիպեցաւ Ս. Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի վեցերորդ օրուան։ Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Մակտալենա Կրոնօ շօշափեցին Երեւան-Պաքու հաշտութեան որոնումները:
Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան հետեւողական ընդլայնում՝ ներառեալ ժողովրդավարական բարեփոխումներու զարգացումը:
Սուրիոյ մէջ ստեղծուած նոր իրադրութիւնը միջազգային բեմահարթակի վրայ տեւական քննարկումներու առիթ կը դառնայ՝ մանաւանդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնի ստանձնման նախօրեակին։