Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Եթէ մօտիկ անցեալին գրիչ շարժելը, գրելը որոշներու տրուած էր, աւելի ճիշդ որոշներ միայն իրենց մէջ համարձակութիւն գտնելով գրիչ կը շարժէին, ապա մեր օրերուն գրիչ շարժելն ու գրելը վերածուած են սովորական երեւոյթի, ինչպէս, օրինակ, սովորական երեւոյթ է իւրաքանչիւր մարդու համար ամէն առաւօտ արթննալէն ետք երեսը լուալը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եւ զիս ղրկող Հօրը կամքը այս է, որ այն ամէնը որ ինք տուաւ, չկորսնցնեմ, հապա անոնց յարութիւն առնել տամ վերջին օրը». (ՅՈՎՀ. Զ 39)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկութիւնը երկիր մոլորակին վրայ քանի՞ հազարամեակներէ ի վեր կ՚ապրի՝ հարցական է, սակայն, յստակ է, որ մարդկային կեանքին մէջ պատիժի գոյութիւնը հին է այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը:
Շիշլի մարզակումբի մինչեւ 16 տարեկաններու պասքեթպոլի խումբը վերջին շրջանին ապահոված է յաղթական ընթացք մը, ինչ որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձած է։
«Արաս» հրատարակչութիւնը թափով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ ապահովելով, որ գրասէրները նորանոր հետաքրքրական գործեր ունենան իրենց տրամադրութեան տակ։
Հոլանտայէ ներս Հայ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց միութեան գործունէութեան առանցքները կը յստականան:
Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ժողովներու ընթացքին շեշտը կը դնէ ազգային ինքնութեան պահպանման հարցերուն վրայ:
Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մէկտեղուեցաւ բժիշկներու խումբի մը հետ:
Նորին Սրբութիւնը յորդորեց խրախուսել ծնելիութիւնը՝ ազգային կենսունակութեան ամրապնդման ու հզօրացման համար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ներկայ մարդուն ամենէն տկար եւ զգայուն կէտը՝ իր նկարագիրն է: Այսօրուան մարդը կարծէք կորսնցուցած է իր կողմնացոյցը եւ մնայուն խարխափումներու եւ թափառումներու մէջ է, ինքզինք գտնելու, ինքզինք ըլլալու:
«Հայաստան պատրաստ է որոշում առնելու, եթէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ ըլլայ հետաքրքրութիւն»:
Փաշինեան կը շեշտէ, որ Երեւան չունի որեւէ միակողմանի պարտաւորութիւն հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման շուրջ:
Ի պաշտպանութիւն Պաքուի մէջ տեւական ժամանակէ ի վեր պահուած հայ պատանդներուն եւ գարիներուն:
Երեւանի կեդրոնին միշտ բազմամարդ բողոքի ցոյցեր տեղի կ՚ունենան, Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ արձագանգներ:
Հայաստանի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան յայտարարեց, որ Երուսաղէմի հայ համայնքը լուրջ խնդիրներու դէմ յանդիման կը գտնուի։
«Արմէնփրէս»ի մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսի ընթացքին Զարեհ Սինանեան անդրադարձաւ Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։
Սամաթիոյ ընտանիքը անցեալ շաբթուան մէջ, Բարեկենդանի ընդառաջ կազմակերպուած խրախճանքով ապրեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Թաղի «Հրաչեայ Աճառեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու յայտագիրը կեանքի կոչուեցաւ միջնակարգի սաներուն կողմէ։
Նորոգ հանգուցեալ Անի Ֆուլիանէ Ֆերահեանի վերջին հրաժեշտը՝ յուզումնախառն մթնոլորտով:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարքը Հայրը ներկայ էր՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ տխուր արարողութեան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հակառակ այն փաստին, որ այսօրուան մարդը իր ձեռքին տակ բազմաթիւ եւ բազմապիսի հնարաւորութիւններ ունի, հակառակ այն իրողութեան, որ այսօրուան մարդուն համար այլեւս տիեզերքն ու ովկիանոսին խորերը այսպէս կամ այնպէս հասանելի են, հակառակ այն իրականութեան, որ այսօրուան մարդը գիտութեան եւ բժշկութեան մէջ շա՜տ-շատ յառաջացած է, սակայն եւ այնպէս յաճախ կը նկատենք, որ մարդ միշտ փնտռտուքի մէջ է, բանի մը կարիքը կը զգայ անընդհատ, եւ զայն գտնելու համար երբեմն հսկայ գումարներ կը ծախսէ եւ նոյնիսկ հազարաւոր մղոններ կը կտրէ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հայաստանի «Սպիտակ»ի մեծ, սարսափելի եւ մահացու երկրաշարժէն ետք, Կլենտէյլի մեր ապրած փողոցի դրացի-հարեւան դարձած էր Սերկէյը, իր բազմամարդ ընտանիքով: Ու կամաց-կամաց, զանազան առիթներով, ե՛ւ պատշաճ, ե՛ւ յարգալիր. բարեկամացանք:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ո՜վ պատուարժան ժողովուրդ,
Ո՜վ մեծապէս ճնշուած ամբոխ.
Ամէնօրեայ խնդիրներու եւ ցեղային հակամարտութիւններու մէջ, որոնցմէ կը տառապի մեր սիրելի երկիրը, ինչպէս նաեւ համաշխարհային հակամարտութիւններու թէժութեան ընթացքին…, մենք ո՛չ մէկ վայրկեան անուշադրութեան մատնեցինք, թէ ինչ արհաւիրքներ ու դժուարութիւններ պատահեցան եւ կը պատահին այս սիրելի ազգին հետ եւ ցաւը կը պատռէր մեր լեարդերը, երբ կը տեսնէինք, թէ ինչպէս մեծ ու փոքր երկիրները կը սնուին անոր պատմութենէն, ինքնիշխանութենէն եւ արժանապատուութենէն մնացած մնացորդով, ինչպէս տզրուկը կը սնուի արիւնով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուն արժանապատուութեան ամենավսեմ երեւոյթը կը գտնուի մարդուն Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու կոչումին մէջ։ Այս հրաւէրը, զոր Աստուած կու տայ մարդուն երկխօսելու Իրեն հետ, կը սկսի մարդկային գոյութեան հետ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդ արարածը իր հազարամեակներու պատմութեան ընթացքին փնտռած է շատ մը հարցերու պատասխաններ, որոնցմէ շատեր այնպէս ալ մնացած են անպատասխան եւ վստահաբար այդ պատասխան չունեցողներուն խումբին մաս կը կազմէ բախտը՝ որուն գոյութիւնն ու անգոյութիւնը անորոշ է ու վիճելի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդ արարածը իր գոյութեան սկիզբէն մինչեւ այսօր զգացած, ինչպէս նաեւ ըմբռնած է անտեսանելի, սակայն, միեւնոյն ժամանակ անժխտելի ուժի կամ ուժերու գոյութիւնը եւ զայն կոչած է Աստուած կամ աստուածներ եւ այդ ըմբռնումին շուրջ ձեւաւորած է իր հաւատալիքները՝ ստեղծելով հոգեւոր, ինչպէս նաեւ մշակութային ինքնութիւն մը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքարանի մամլոյ ասուլիսը շարք մը անժամանցելի հաստատումներու դուռ բացաւ։ Այստեղ, անշուշտ, հիմնական պատճառն է՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին շատ սթաթիք ըլլալը։ Համայնքը տասնամեակներէ ի վեր հետամուտ է նոյն խնդիրներու լուծման, սակայն, չի յաջողիր յառաջընթաց արձանագրել։