Արխիւ
Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Վերջին օրերուն հակասական իրադարձութիւններ տեղի ունեցան այս ուղղութեամբ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ պոլսահայ կրթական համակարգի վառ ներկայացուցիչներէն Հերա Իսքէնտէրօղլու աւարտած է Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառի (INALCO) ԻՄԱՍ հայագիտական մասթըրի ծրագիրը։
Կը տեղեկանանք, որ Ս. Խաչ դպրեվանքի աւարտական դասարանի աշակերտուհիներէն Սեսիլ Կիւնտիւզ փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է՝ համալսարանական ուսումը շարունակելու ճանապարհին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի ղեկավար տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի ընդհանուր արժեւորումները - 2
Բազմակեդրոն ազգային ինքնութեան հիմքով:
«Մենք կը գիտակցինք, թէ երբ խօսքը կը վերաբերի լեզու մը զարգացնելու, ապա շեշտը պէտք է դնել երիտասարդութեան վրայ, դպրոցներու եւ ուսուցիչներու վրայ, անցած ենք ուղղակի ծրագիրներու»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արձակագիր, հասարակական ու մշակութային գործիչ, հրատարակիչ, մամուլի նուիրեալ Կարօ Մեհեանի անունը այսօր կարծես մոռացութեան մատնուած է։ 127 տարի առաջ ծնած գրողը թերեւս կը յիշուի Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) պատմութեան զանազան առիթներուն, մինչդեռ ան համազգային մտածողութեամբ, ազգային ոգիով գրող մըն էր, մտաւորական, որու պատմուածքները, գրութիւնները, գիրքերը օրին մեծ տարածում ունէին հայութեան մէջ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մեր ժամանակներուն՝ արագընթաց զարգացող ընկերութեան մէջ, մարդը անընդհատ կը կանգնի ընտրութիւններու առջեւ, նոյնիսկ ամենապարզ հարցերու շուրջ։ Երբ խօսքը կը վերաբերի գիտելիքի ստացման՝ գիրք կարդալն ու ձայնագիր գիրք ունկնդրելը դարձած են ժամանակակից ուսումնական գործիքներ։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ, որոնք շնորհաւորեցին իր ծննդեան տարեդարձը։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
-«Թելեֆոն»ս ե՞րբ պիտի տաս, հարցուց տղաս։
-Վաղը, վերջին քննութիւնը յանձնելէդ վերջ։
-Հիմա ալ կրնաս տալ. «սայընս»ը շատ դիւրին է, արդէն սորված եմ։
-Վաղը…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի ղեկավար տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի ընդհանուր արժեւորումները - 1
Հաւատալ սփիւռքին, զարգացնել քննական միտք:
«Մեր ծրագիրներու կիզակէտին է լեզուն, կը խրախուսենք նաեւ հետազօտական աշխատանքն ու գաղափարական շինիչ բանավէճեր՝ սովորական ձեւով վերլուծութիւններէ անդին»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուծոյ «Հայր» անունով կոչուիլը յայտնի է բազմաթիւ կրօններու մօտ։ Աստուածութիւնը յաճախ դիտուած է իբր «հայր աստուածներու եւ մարդոց»։ Իսրայէլի մօտ Աստուած կոչուած է «Հայր» իբրեւ «Արարիչ» աշխարհի. (Բ ՕՐ. ԼԲ 6), (ՄԱՂ. Բ 10)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի օրեր առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ Հայաստան կը շարունակէ գտնուիլ հոն՝ ուր որ էր գրեթէ դար մը առաջ։ Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ. «Էշը մէ՛կ անգամ փոսի մէջ կ՚իյնայ», սակայն, մենք նոյն փոսին մէջ ո՛չ թէ մէկ կամ երկու, այլ մի քանի տասնեակ անգամ ինկած ու դարձեալ կը շարունակենք իյնալ, որովհետեւ խելացի մարդը նոյն սխալը երկու անգամ չի՛ կրկներ. մենք կարծես էշի չափ ալ չկանք:
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի հովանաւորութեան ներքեւ, շաբաթավերջին, Ֆէնէրի «Մարաշլը» յունաց վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ փաստավաւերագրական ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը, որուն յանուն Պատրիարքական Աթոռին մասնակցեցաւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը երէկ համախմբեց համայնքային շրջանակները։ Բացառիկ խանդավառութեան պայմաններուն ներքեւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները, որոնց նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Շիշլի մարզակումբին կողմէ զանազան ճիւղերու մէջ եւ քաղաքիս զանազան թաղերուն մէջ կազմակերպուած ձմրան դասընթացքները երէկ հանդիսաւոր արարողութիւններով հասան իրենց աւարտին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին այցելեց Տիարպաքըր։ Հովուական բնոյթով այցելութիւն մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ՝ պատմական քաղաքի այժմ խոնարհուած Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներու ընթացքին։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմերը կը սպասեն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր:
Լոս Անճելըսի եւ Նիւ Եորքի մէջ պատրաստութիւնները կ՚աւարտին՝ Նորին Ամենապատուութեան հիւընկալման համար:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, որ Մոսկուայէ վերջ երէկ շփումներ ունեցաւ Քիեւի մէջ, ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Ուքրայնայի ղեկավարութեան կողմէ։ Նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի առընթեր, ան մէկտեղուեցաւ պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքերու հետ։
Տատեան վարժարանէն ներս նախընթաց օր կազմակերպուած երգի եւ պարի հանդիսութիւնը մեծ խանդավառութիւն առթեց Պաքըրգիւղի ընտանիքին։ Արի Պարութօղլուի եւ Նարօտ Կիւլէչի հսկողութեան ներքեւ պատրաստուած ծրագիր մըն էր այս մէկը, որ կեանքի կոչուեցաւ դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ։
Եշիլգիւղի վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ անմահ գրող Զապէլ Եսայեանի յիշատակին ձօնուած հանդիսութիւն մը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Գրական այս ծրագիրը համախմբեց հոծ թիւով հիւրեր, որոնք ամբողջութեամբ լեցուցած էին սրահը եւ որոնց շարքին էին Եշիլգիւղի ընտանիքէն վարիչներ։
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ միջվարժարանային հաւաքոյթ մը։ Պոլսահայ զանազան դպրոցներու հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններու աշակերտները համախմբուեցան՝ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի հիւրընկալմամբ։