Արխիւ

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէէն ներս նիստ:
Կիպրական հիմնախնդրին առընչութեամբ գործընթացներուն մէջ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը ուղղակի դեր պիտի ստանձնէ:

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) Արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Ապտուլլահ պին Զաիտ էլ Նահեանի հետ։ Այվազեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ ԱՄԷ, իր պաշտօնակցին հետ հանդիպման ժամանակ վերահաստատեց Հայաստանի մտադրութիւնը՝ առաւել խորացնելու ուղղութեամբ երկկողմանի յարաբերութիւնները։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը վերջերս կազմակերպեց առցանց գիտաժողով մը՝ «Կրօն, կրթութիւն եւ խաղաղութիւն» վերնագրով։ Հեռավար այս գիտական ձեռնարկի կազմակերպման ուղղութեամբ Հայկազեանի հետ համագործակցած էր՝ Մինէսոթայի Սենթ Ճոնզ համալսարանի «Ճէյ Ֆիլիփս» միջհաւատքային ուսուցման կեդրոնը։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Վրաստան կը ջանան բացուիլ դէպի Կեդրոնական Ասիոյ տարածքաշրջան:
«Անգարա կ՚աշ­խա­տի կար­գա­ւո­րե­լու հա­մար այն տագ­նապ­նե­րը, ո­րոնք կը սպառ­նան տա­րած­քաշր­ջա­նին՝ նե­րա­ռեալ Կով­կա­սը»:

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարով բնորոշուած անցեալ շուրջ միամեայ ժամանակաշրջանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առաջնահերթութեան վերածուեցաւ ընկերային զօրակցութեան շարժումը։ Համայնքէն ներս յանկարծ արտասովոր կարիքներ գոյացան եւ անոնք դարձան հրատապ՝ համաճարակով պայմանաւորուած առողջապահական եւ ընկերատնտեսական ծանր խնդիրներուն հետեւանքով։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

ԵՐԱՄ

Արեւային քաղաքին տակ, քաղաքը քաղաք ընող, տարբեր կէտերն անոր իրար շաղկապող ընդուղին է իր կայարաններով։ Երակն է քաղաքին. ոչ միայն շրջագայութեան ապահովման առումով, այլ կեանքի։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Քաղաքին գիշերային լոյսերու
Խորհրդաւոր սպրդումներուն տակ
Զոյգեր կ՚անցնին յամրաքայլ 
Որ չերեւին աչքերու 
Սիրեն-սիրուին աննշմար

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Քառասուն մանուկներ, բոլորն ալ կանխաւ քրիստոնեայ եղած, զանազան քաղաքներէ, Սեբաստիա գտնուած միջոցին, Լիւսիաս Կեսարիոյ դուքսը (=duc), հրաման ստացաւ Լիկիանոսէ, քննել թէ կա՞ն քրիստոնեաներ բանակին մէջ։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021

Բրիտանացի զոյգը երկյարկանի հանրաշարժը վերածած է «շքեղ բնակարանի» մը։ Այսպէս, Չարլի Մաքվիքըր եւ Լուք Ուոլքըր որոշած են միասին ապրիլ։ Անոնք գիտակցած են, որ չեն կրնար բնակարան մը գնել, կամ բնակարանի վարձ վճարել։

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հերթական անգամ խորհրդածութիւնով մը հանդէս եկաւ երկրի առկայ տագնապալի կացութեան շուրջ։ Ան այս առթիւ հերթական անգամ սուր քննադատութեան թիրախ դարձուց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021

Տեւական հանրահաւաքներ եւ ահազանգներ. «Իսկական իշխանութիւն չկայ եւ անիշխանականութիւնը յղի է պետականութեան կորուստի ամենաիսկական վտանգներուն»:
Զօրավար Օննիկ Գասպարեան դատարան դիմեց իր պաշտօնազրկման հարցին շուրջ: Նիկոլ Փաշինեան նոր ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ նշանակեց զօրավար Արտակ Դաւթեանը, որ նախապէս ալ միջոց մը վարած էր այդ պաշտօնը. կը սպասուի վաւերացման: Արմէն Սարգսեան հետամուտ՝ այս շաբաթավերջին խորհրդակցութեան սեղանի մը շուրջ համախմբելու երկրի հիմնական դերակատարները, քննարկելու համար առկայ տագնապալի կացութեան յաղթահարման հնարաւորութիւնները: «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» կողմէ քննադատական արձագանգ:

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021

Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ ամենաբարձր մակարդակի աշխուժութիւնը կը շարունակուի եւ այս ամբողջին մէջ միշտ կը շօշափուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ունեցան իրենց հերթական հեռավար հանդիպումը։

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021

Երէկ, Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Անթիլիաս, տեղի ունեցաւ ժամերգութեան մասնաւոր արարողութիւն։ Հոգեպարար այս արարողութեան նախագահեց Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, իր շուրջ ունենալով եպիսկոպոսներ եւ միաբանութեան անդամներ։

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

-Մամա, ծիւ գացի ոչ, (Մամայ, լողի չերթանք): Զաւէնիկը այնքան ալ մեծ հաճոյքով չի յաճախեր լողի. տակաւին շատ պզտիկ է, դժուար կու գայ:

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մինչ աշխարհի մէկ մասին մէջ մտահոգութիւններ կը տարածուին, որ համաճարակի սկիզբէն աւելի քան մէկ տարի ետք քորոնաժահրը տակաւին կենսունակ է եւ վերջը չ՚երեւիր, աշխարհի ուրիշ հատուածի մը մէջ, աշխոյժ կերպով կը քննարկուին Մեծն Բրիտանիոյ արքայական ընտանիքին շուրջ զրոյցները:

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Ո՜վ Ռոնտա. կրնա՞յ պատահիլ, որ մարդ զգայ իր մեղաւոր վիճակը, սակայն զղջում չունենայ:
-Այո՛, կրնայ պատահիլ այդ բանը, եթէ խոնարհ չէ:

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պահքի ներկայ շրջանը պահեցողութեան շրջան մըն է։ Արդարեւ, կարեւոր եւ օգտակար է պահեցողութիւնը եւ որկրամոլութեան զսպումը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 10, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Յակոբ Պատալեան. «Մենք հիմա կը տեսնենք իրավիճակ մը, ուր Անգարա-Երեւան յարաբերութեան հեռանկարը էապէս կախեալ է Մոսկուայէն՝ հաշուի առնելով հայկական կողմի վրայ անոր ազդեցութիւնը: Կը կարծեմ՝ Հայաստանի համար այլ խաղացողներու եւ այլ շահերու ներգրաւումը թոյլ կու տայ հասնիլ ճկունութեան մակարդակի եւ ձեւաւորել միջավայր մը, ուր կը նշմարուին հայ-թրքական երկխօսութեան հեռանկարներ: Այստեղ շատ բան նաեւ մեզմէ կախեալ է»:
«Այսօր Ռուսաստան Արեւմուտքի հետ դիմակայութեան մէջ կը թուլանայ, աւելի ու աւելի կը կորսնցնէ իր ներուժը։ Թէկուզ տեղային մրցակցութեան իմաստով, ի վերջոյ այս պատերազմը փաստ էր, որ Ռուսաստան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ առաջուան նման յառաջատարի դիրքերու վրայ չէ։ Թուրքիա կը շարունակէ մնալ ՆԱԹՕ-ի անդամ՝ որքան որ ալ Արեւմուտքի հետ ունի շատ լուրջ հակասութիւններ։ Այդուհանդերձ թէ՛ Արեւմուտքը եւ թէ Թուրքիան կը հասկնան, որ զիրար ձգելը փոխադարձաբար շահաւէտ չէ եւ սա եւս խնդիր է Ռուսաստանի համար: Բայց, այս բանը հաշուի առնելով Թուրքիան չ՚երթար ՆԱԹՕ-էն անջատուելու քայլին: Ես կը կարծեմ՝ տակաւին շատ բաներ անորոշ են գործակցութեան կայուն ձեւերու մասին խօսելու համար»:
«Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի կառավարութեան ի նպաստ յայտարարութիւնը կատարուած է հակառակ ազդեցութեան հաշուարկով»:

Չորեքշաբթի, Մարտ 10, 2021

Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապալի մթնոլորտին մէջ, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը ամբողջ թափով յառաջ կը տանի իր գործունէութիւնը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով։ Շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր ընդդիմադիր ցուցարարները փակ կը պահեն Երեւանի կեդրոնի Բաղրամեան պողոտան, որու վրայ կը գտնուի Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքը։ Լարուած են վրաններ, զետեղուած է բեմահարթակ մը, որու վրայ յաճախ ելոյթներով հանդէս կու գան ընդդիմադիր գործիչները։

Էջեր