Արխիւ
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Փարիսեցիներէն ոմանք լսեցին» (Յհ 9.40):
Մեկնութիւն. ոմանք, որոնք ամենէն չարերն էին, անոնք էին, որոնք լուսաւորուածին տաճարէն վռնտեցին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հիմա որ ա՛լ հաւատքով արդարացած ենք, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ հաշտուած ենք Աստուծոյ հետ։ Քրիստոս Ինք մեզի համար կարելի դարձուց՝ հաւատքով հասնիլ այն շնորհքին, որուն մէջ կ՚ապրինք հիմա եւ կը պարծենանք՝ Աստուծոյ փառքին արժանանալու յոյսով». (ՀՌՈՄ. Ե 1-2)։
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ «www.ilur.am» կայքէջին վրայ ամփոփ խորհրդածութիւնով մը հանդէս եկաւ ներքին քաղաքական տագնապալի իրավիճակին մէջ։
Երեւանի մէջ այս օրերուն բացուած է «Գարնանային սալոն-2021» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որ կը համախմբէ գեղարուեստասէրները։ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան երդիքին տակ տեղի կ՚ունենայ ձեռնարկը, որու այցելուները արուեստի աւելի քան 200 ինքնատիպ նմոյշի կը ծանօթանան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան Պլինքընը շնորհաւորեց՝ այդ պաշտօնը ստանձնած ըլլալու կապակցութեամբ։
Քաղաքական առկայ տագնապի երկարաձգումը օրէ օր կը խորացնէ այն սպառնալիքները, զորս Հայաստան կը դիմագրաւէ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակի պայմաններով:
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը շաբաթավերջին հերթական հանրահաւաքը կազմակերպեց: Ընդդիմադիր ցուցարարները կը շարունակեն փակ պահել Երեւանի Բաղրամեան պողոտան:
Մարտի 8-ն է այսօր. Համաշխարհային կանանց օր։ ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած եւ անցնող տասնամեակներու ընթացքին աշխարհի չորս ծագերուն՝ իր պատգամով ու խորհրդանշած իմաստով լայն ընդունելութեան արժանացած օր մը… Աշխատաւոր կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար հաստատուած այս աւանդութեան նշանակութիւնը տարիներու հոլովոյթին մէջ զարգացած է։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի «Նագգաշեան մանուկներու տուն» երեխաներու աջակցութեան կեդրոնի մանկավարժներն ու շրջանաւարտները։ Հարկ է նշել, որ այս կեդրոնը կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ։
Պատրիարքական Աթոռի նախորդ գահակալ՝ երջանկայիշատակ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանման տարելիցն է այսօր։ Երկու տարի առաջ երանաշնորհ պատրիարքը հրաժեշտ առած էր երկրաւոր կեանքէ։
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Բանագողութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մակաբուծական արարք մը, որ պատիւ կը բերէ ոչ թէ բանագողին, այլ անոր «երանելի» թիրախին: Մին կերակուրը կ՚եփէ-կը պատրաստէ, իսկ միւսը լորձնաշուրթ կ՚ուտէ զայն՝ բոլորովին մոռնալով, որ եթէ ոչ այսօր, ապա վաղը կոկորդէն պիտի հանեն իր կերածը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ժամանակը այնքան արագ կ՚ընթանայ, որ այլեւս ոչինչ զարմանալի կը թուի։ Բայց անցեալը կը մնայ նոյնպէս եւ մենք կը զարմանանք՝ տեսնելով ապագայի մասին գրի առնուած վէպերը։
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Դիմատետրի էջ-հաշիւ չունիմ բայց կը հետեւիմ անոր բովանդակութեան տիկնոջս անձնական էջին միջոցաւ։ Յատկապէս արցախեան քառասուն եւ չորս օրերու պատերազմէն ետք, դիմատետրի էջերու վրայ կը հեղեղուին յօդուածներ, վերլուծումներ, անձնական տպաւորութիւններ, յուզումնախառն տրամադրութիւններ, պոռթկումներ եւ անմակարդակ ու գռեհիկ արտայայտութիւններ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքական շրջանակներուն կողմէ դարձեալ հրապարակ կը հանուէր Պոլսոյ մէջ, բաւական մութ պայմաններու տակ սպաննուած սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ճեմալ Քաշըքճիի սպանութեան հարցը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի անիւը անդադար կը դառնայ, ինչպէս ժամանակի անիւը։ Ուստի, մեր ապրած կեանքին ո՞ր մէկ օրը կը նմանի ապրուած ուրիշ օրուան մը։ Մարդ ամէն օր նո՛ր մարդ մըն է կեանքի անիւին մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ դեսպան Նիքոլաուս Մէյէր-Լանտրութի։ Քաղաքավարական այս այցելութեամբ դիւանագէտները փափաքած էին առաւել ծանօթանալ հայ համայնքին։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս կը յիշենք Տիրոջ Այգիին երեք երախտաշատ սպասաւորները, յանձինս Շնորհք, Գարեգին Բ. եւ Մեսրոպ Բ. երանաշնորհ պատրիարքներու։ Երեք հոգեւոր սպասաւորներ ու առաջնորդող դէմքեր, որոնք իրենց ծառայութեան արդիւնքը որպէս կնիք դրոշմած են մեր համայնքի տարեգրութեանց պատկան էջերուն վրայ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
• «Ու նախ, թւում է ինձ, պէտք է զանազանել անհատ եւ անձ ասուած երկու գաղափարները: Անձը, մտածում եմ, պարունակութիւնն է, իսկ անհատը հոգեկան պարունակողը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի 4-րդ կիրակին կը կոչուի «Տնտեսի», քանի որ ճաշու ժամուն կը կարդացուի Ղուկասի Աւետարանի ԺԶ գլուխը, որու սկիզբը կը գտնուի «Տնտեսին առակը»։ Եւ այս է պատճառը, որ Մեծ պահքի չորրորդ կիրակին կոչուած է «Տնտեսի կիրակի»։
Հայաստանի մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել:
«Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութիւնը, թշնամութիւնը գագաթնային կէտի վրայ է եւ ունի կառուցուածքային բնոյթ»:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ կրնայ համաձայնութիւն մը ստորագրուիլ՝ ծովերու իրաւասութեան սահմաններու վերաբերեալ։ Չավուշօղլու նախընթաց օր Անգարայի մէջ յայտնեց, որ Եգիպտոս Յունաստանի հետ փաստաթուղթ մը ստորագրած ժամանակ ալ յարգանք ցոյց տուած է Թուրքիոյ ծովային հարաւային՝ ՄԱԿ-ի մօտ արձանագրուած սահմաններուն նկատմամբ։