Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունուար 8, 2020

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալեց Սեբաստացի հայերու հայրենակցական միութեան վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Քոչաքի կողմէ գլխաւորուած խումբ մը։ Նորին Սրբազնութեան կողքին էին Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Երեքշաբթի, Յունուար 7, 2020

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ փոխանցեց համայն հայութեան ուղղեալ տաղաւարի պատգամը՝ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ խորանէն։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք Հայրապետական պատգամը։

Երեքշաբթի, Յունուար 7, 2020

Պէյօղլուի քաղաքապետ Ալի Հայտար Եըլմազ երէկ այցելեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի, ուր շնորհաւորութիւններ յղեց Նոր տարուոյ եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, քաղաքիս հայաբնակ շրջաններու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարները երկար ժամանակէ ի վեր տօնական օրերուն կը փութան բարեմաղթութիւններ եւ շնորհաւորութիւններ յղելու փոքրամասնութիւններուն՝ մանաւանդ հայ համայնքին։

Երեքշաբթի, Յունուար 7, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Ով որ այս ջուրէն խմէ՝ դարձեալ պիտի ծարաւնայ» (Յհ 4.13):
Մեկնութիւն.
Զգալի ջուրը չի յագեցներ ծարաւի պապակը, իսկ հոգեւոր ջուրը՝ կատարելապէս կը յագեցնէ, այդ պատճառով կ՚ըսէ.

 

Երեքշաբթի, Յունուար 7, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի աւագանիին որոշումով, Հիւսիսային պողոտային վրայ, կը տեղադրուի «Քալող մարդը» արձանը, որ գանատահայ անուանի քանդակագործ, Գանատայի Գեղարուեստի թագաւորական ակադեմիայի անդամ՝ Արթօ Չաքմաքճեանի նշանաւոր գործն է: Վարպետը երկար ժամանակէ ի վեր, կը փափաքէր զայն տեսնել Երեւանի մէջ… 2019 թուականի հոկտեմբերի 1-ին, 86 տարեկանին, Արթօ Չաքմաքճեան Գանատայի մէջ աւանդեց հոգին եւ չտեսաւ իր տարիներու փափաքը:

Երեքշաբթի, Յունուար 7, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ներողութիւնը Աստուծոյ կողմէ թողութիւնն է ժամանակաւոր պատիժին՝ այն մեղքերուն համար, որոնց յանցանքը արդէն ջնջուած է։ Լաւ տրամադրուած հաւատացեալը այս թողութիւնը կ՚ընդունի որոշուած պայմաններով եւ ներգործութեամբ Եկեղեցւոյ, որ փրկչագործութեան իբր մատակարար Քրիստոսի եւ սուրբերուն հատուցումներուն գանձի իր իշխանութեամբ կը բաշխէ եւ կը տնօրինէ։

Երեքշաբթի, Յունուար 7, 2020

Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը Չինաստանի մէջ հանդէս կու գայ հիւրախաղերով, որոնք տեղի կ՚ունենան 2019 թուականի դեկտեմբերի 27-էն մինչեւ ընթացիկ տարուան յունուարի 9-ը։ Այսպէս, Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը ժամանած է Չինաստան, ուր հանդէս կու գայ հիւրախաղերով, գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Եդուարդ Թոփչեանի մականին ներքոյ։

Երեքշաբթի, Յունուար 7, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այն ինչ, որ տեղի ունեցաւ անցեալ ուրբաթ առաւօտ, անսպասելի չէր։ Անսպասելի չէր, որովհետեւ վերջին շաբաթներուն շրջանին մէջ տիրող տրամադրութիւնները, նաեւ ատոր զուգընթաց ամերիկեան յայտարարութիւններն ու յատկապէս Իրաքի «Հաշտ էլ շահպի»ի («Ժողովրդային դիմադրութիւն») երկու կարեւոր դիրքերուն ուղղութեամբ (Իրաք-Սուրիա սահմանային գօտիին մերձ) կատարուած ամերիկեան օդային հարուածները ցոյց կու տային, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նպատակ ունի մինչեւ օրս առկայ խաղի կանոնները փոխել։

Երեքշաբթի, Յունուար 7, 2020

Պոլսահայութիւնը առաջին տաղաւարը նշեց Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալին նախագահութեամբ:
Գումգաբուի աւանդական ընդունելութեան մասնակիցներու շարքին էր Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու:

Երեքշաբթի, Յունուար 7, 2020

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով նշեց տարուան առաջին տաղաւարը. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի»:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ առաւօտ պատարագեց եւ տօնական պատգամը տուաւ Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:

Շաբաթ, Յունուար 4, 2020

Շաբաթ, Յունուար 4, 2020

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդ, քանի որ բանաւորութեամբ օժտուած էակ մըն է, խորհող, մտածող, երեւոյթի մը պատճառներուն եւ նպատակին հետ հետաքրքրուող, միշտ իմաստ մը փնտռող, ան իր մտքին մէջ ունի հարցումներ, որոնք կը զբաղեցնեն իր միտքը։ Հարցումներու շարք մըն է ասիկա, որոնց ամենակարեւորներն են՝ «ինչո՞ւ»ներ, «ինչպէ՞ս»ներ եւ «ի՞նչ»եր…։

Շաբաթ, Յունուար 4, 2020

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։
Անգամ մը եւս այս բառերով կը սկսինք բարեւել զիրար, որով ի լուր աշխարհի կը յայտարարուի «մեծ եւ սքանչելի խորհուրդին» յայտնութեան աւետիսը։

Շաբաթ, Յունուար 4, 2020

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՁԵԶԻ ԵՒ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

Տարիներ կ՚անցնին եւ մենք խոր մխիթարանք կը զգանք երկու հազար տարուան աւետիսը վերստին հնչեցնելու. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»։

Շաբաթ, Յունուար 4, 2020

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

6  յունուար եւ Հայկական Սուրբ Ծնունդ:
Իբրեւ հայ քրիստոնեայ դարձեալ կը հաւաքուինք ճրագալոյցի աւանդական սեղանին շուրջ, դիմաւորելու համար մեր Փրկիչին ծնունդը: 

Շաբաթ, Յունուար 4, 2020

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։
Սիրելի հաւատացեալներ,
Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ այս տարի եւս կը տօնենք Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։

Ուրբաթ, Յունուար 3, 2020

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան կը կարեւորէ աջակցութեան տարողութեան բազմապատկումը:
«Հայութիւնը միշտ եղած է սփիւռքի ժողովուրդ։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ մեր տեսադաշտը ըլլայ լայն եւ ընդգրկուն։ 21-րդ դարը մեզի կ՚ընձեռէ բազմապիսի կարելիութիւններ եւ առիթներ՝ հպարտութեամբ դրսեւորելու համար մեր հայկական ինքնութիւնը։ Անհրաժեշտ է նորարար ու ճկուն գործելաոճ մը՝ հայ ազգի մեր ծառայութիւնը առաւել արդիւնաւորութեամբ կատարելու համար»:

Ուրբաթ, Յունուար 3, 2020

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ հարցազրոյց մը տուաւ NTV հեռուստակայանին։ Լրագրող Տենիզ Թիւյսիւզի հետ զրուցելու ժամանակ ան յայտնեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայկական հարցին շուրջ առնուած որոշումը վիրաւորած է զինքը։

Ուրբաթ, Յունուար 3, 2020

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը պատուեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած ձեռնարկը:
Լուսաւորիչ երգչախումբը երէկ երեկոյեան՝ Պատրիարքական Աթոռի կողմէ հովանաւորուած հոգեւոր համերգով մը հանդէս եկաւ՝ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ:

Ուրբաթ, Յունուար 3, 2020

ԵՐԱՄ

Նայեցաւ սեղանին դրուած մոմակալին։ Ժառանգած էր զայն փոքր մօրեղբօրմէն. բարեձեւ, ազնիւ, եւ խիստ ժուժկալ, իրեն պէս նաւավար էր ան ալ։ Երեք փայտէ ոտիկ, յղկուած, տակաւին սահուն եւ փայլուն նոյնիսկ. ետքը բարակ, քիչ մը վեր հաստցող, ապա դարձեալ բարակցող մարմին մը, որ կը հասնէր գլխուն, քիչ մը մաշած, քիչ մը սեւցած, բայց դեռ աւելի քան պիտանի. անհրաժեշտ՝ երբ գիշեր կամ խիտ մշուշ էր դուրսը։

Էջեր