Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունուար 7, 2020

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ փոխանցեց համայն հայութեան ուղղեալ տաղաւարի պատգամը՝ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ խորանէն։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք Հայրապետական պատգամը։

Շաբաթ, Յունուար 4, 2020

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդ, քանի որ բանաւորութեամբ օժտուած էակ մըն է, խորհող, մտածող, երեւոյթի մը պատճառներուն եւ նպատակին հետ հետաքրքրուող, միշտ իմաստ մը փնտռող, ան իր մտքին մէջ ունի հարցումներ, որոնք կը զբաղեցնեն իր միտքը։ Հարցումներու շարք մըն է ասիկա, որոնց ամենակարեւորներն են՝ «ինչո՞ւ»ներ, «ինչպէ՞ս»ներ եւ «ի՞նչ»եր…։

Շաբաթ, Յունուար 4, 2020

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։
Անգամ մը եւս այս բառերով կը սկսինք բարեւել զիրար, որով ի լուր աշխարհի կը յայտարարուի «մեծ եւ սքանչելի խորհուրդին» յայտնութեան աւետիսը։

Շաբաթ, Յունուար 4, 2020

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՁԵԶԻ ԵՒ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

Տարիներ կ՚անցնին եւ մենք խոր մխիթարանք կը զգանք երկու հազար տարուան աւետիսը վերստին հնչեցնելու. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»։

Շաբաթ, Յունուար 4, 2020

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

6  յունուար եւ Հայկական Սուրբ Ծնունդ:
Իբրեւ հայ քրիստոնեայ դարձեալ կը հաւաքուինք ճրագալոյցի աւանդական սեղանին շուրջ, դիմաւորելու համար մեր Փրկիչին ծնունդը: 

Շաբաթ, Յունուար 4, 2020

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։
Սիրելի հաւատացեալներ,
Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ այս տարի եւս կը տօնենք Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։

Շաբաթ, Յունուար 4, 2020

Ուրբաթ, Յունուար 3, 2020

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան կը կարեւորէ աջակցութեան տարողութեան բազմապատկումը:
«Հայութիւնը միշտ եղած է սփիւռքի ժողովուրդ։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ մեր տեսադաշտը ըլլայ լայն եւ ընդգրկուն։ 21-րդ դարը մեզի կ՚ընձեռէ բազմապիսի կարելիութիւններ եւ առիթներ՝ հպարտութեամբ դրսեւորելու համար մեր հայկական ինքնութիւնը։ Անհրաժեշտ է նորարար ու ճկուն գործելաոճ մը՝ հայ ազգի մեր ծառայութիւնը առաւել արդիւնաւորութեամբ կատարելու համար»:

Ուրբաթ, Յունուար 3, 2020

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ հարցազրոյց մը տուաւ NTV հեռուստակայանին։ Լրագրող Տենիզ Թիւյսիւզի հետ զրուցելու ժամանակ ան յայտնեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայկական հարցին շուրջ առնուած որոշումը վիրաւորած է զինքը։

Ուրբաթ, Յունուար 3, 2020

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը պատուեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած ձեռնարկը:
Լուսաւորիչ երգչախումբը երէկ երեկոյեան՝ Պատրիարքական Աթոռի կողմէ հովանաւորուած հոգեւոր համերգով մը հանդէս եկաւ՝ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ:

Ուրբաթ, Յունուար 3, 2020

ԵՐԱՄ

Նայեցաւ սեղանին դրուած մոմակալին։ Ժառանգած էր զայն փոքր մօրեղբօրմէն. բարեձեւ, ազնիւ, եւ խիստ ժուժկալ, իրեն պէս նաւավար էր ան ալ։ Երեք փայտէ ոտիկ, յղկուած, տակաւին սահուն եւ փայլուն նոյնիսկ. ետքը բարակ, քիչ մը վեր հաստցող, ապա դարձեալ բարակցող մարմին մը, որ կը հասնէր գլխուն, քիչ մը մաշած, քիչ մը սեւցած, բայց դեռ աւելի քան պիտանի. անհրաժեշտ՝ երբ գիշեր կամ խիտ մշուշ էր դուրսը։

Ուրբաթ, Յունուար 3, 2020

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Սեղանը սրբած պահուս հաւաքեցի ձիթապտուղի կորիզը: Տարուան երկրորդ օրն է. քիչ առաջ ճաշեցինք. տօնական ճաշացուցակին գլխաւորներէն՝ միջուկով քէօֆթէներուն վերջինները կերանք մայր ու որդի:

Ուրբաթ, Յունուար 3, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ընտանիքը ընկերութիւնը կազմող ամենակարեւոր տարրն է։
Արդարեւ, ընտանիքը անմիջականօրէն կը համապատասխանէ մարդուն բնութեան։

Հինգշաբթի, Յունուար 2, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Թէոդիկի «Ամէնուն տարեցոյցը» խորագրով հայկական կեանքի եւ մշակոյթի բացառիկ համայնագիտարանները մեր մշակոյթի գանձերէն են, բացառիկ երեւոյթ՝ հայ մամուլի պատմութեան մէջ: Այս տարեցոյցերը, զորս Թէոդիկ 1907 թուականէն Պոլսոյ մէջ սկսած է տպել, բացի պատմաբանասիրական արժէք ունենալէ, նաեւ լայն ժողովրդականութիւն վայելած են:

Հինգշաբթի, Յունուար 2, 2020

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

2019 թուականն ալ իր աւարտին հասաւ: Մարդկութեան դարաւոր պատմութեան էջերէն մէկը եւս կը փակուի այսօր, բացուելու համար նոր էջ մը: Դարեր շարունակ նոյն գործընթացը կատարուած է, դարեր շարունակ մարդիկ հրաժեշտ տուած են հինին՝ դիմաւորելով նորը:

Հինգշաբթի, Յունուար 2, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Համաճարա՛կ մըն է կռիւը, որ ուտիճի մը կամ մանրէի մը պէս կը տարածուի եւ կը վարակէ ո՛չ միայն կռիւին մէջ մասնակցութիւն ունեցողները, այլ նաեւ անոնց մօտ կամ շուրջը գտնուողները։ Աւելի դիւրին է, բնականաբար, խաղաղ մնալ համերաշխ եւ հաշտ շրջանակի, միջավայրի մը մէջ, քան անհամաձայն, աններդաշնակ եւ երկպառակուած հասարակութեան մէջ՝ ուր համերաշխութիւնը կը բացակայի եւ խռովութիւնը կը տիրէ։

Հինգշաբթի, Յունուար 2, 2020

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Ժընեւի մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ յայտնի ազգային-հասարակական գործիչ Նազարէթ Սըրմաքէշ։ Սա 2020 թուականի տարեմուտի տխուր լուրն է, որովհետեւ Նազարէթ Սըրմաքէշ՝ մասնաւորապէս եւրոպահայութեան խորհրդանշական անուններէն մին էր եւ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս իր ունեցած ներդրումը, իր կողմէ ցուցաբերուած եռանդը բարձր գնահատանքի արժանացած էր բոլորին կողմէ։

Հինգշաբթի, Յունուար 2, 2020

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ «Աքշամ» օրաթերթին, որու այսօրուան համարի ճակատին տեղ տրուած են իր խօսքերուն:
«ԱՔ կուսակցութեան իշխանութեան տարիները եղած են փոքրամասնութիւններու ամենահանգիստ շրջանը։ Մեզի համար դիւրաւ հասանելի է Հանրապետութեան նախագահը»:
«Սփիւռքը հարիւր տարի ետ մնացած է՝ ողբերգութեան հիմքով հաւաքական գիտակցութիւն մը ստեղծելով։ Անոր իսլամի ընկալումն ալ տարբեր է մեզմէ», յայտնած է Նորին Ամենապատուութիւնը:

Հինգշաբթի, Յունուար 2, 2020

Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Հօր նախագահութեամբ ժամերգութեան արարողութիւն՝ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Նորին Ամենապատուութիւնը կարեւորեց նոր եկեղեցականներու պատրաստութիւնը եւ վստահութիւն յայտնեց, թէ ապագայ ծրագրեր կեանքի պիտի կոչուին՝ հոգեւորականաց դասու գործօն մասնակցութեամբ:

Հինգշաբթի, Յունուար 2, 2020

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Անցան տասն տարիներ։
Խաղաղութեան դրօշը այլեւս իր տեղը զիջած էր խռովութեան։

Էջեր