Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 24, 2021

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան եւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին տարածքաշրջանի ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 24, 2021

ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու երէկուան ժողովը՝ Պրիւքսելի մէջ:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Էնթընի Պլինքըն զիրար ողջունեցին. ամերիկեան կողմը կողմնակից չէ Թուրքիան վանելու:

Չորեքշաբթի, Մարտ 24, 2021

Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանին կողմէ արձակուած վերջին վճռին արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս ծանօթ է, դատարանի վճիռով անվաւեր ճանաչուած էին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուած երկու շրջաբերականները։

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

Ատրպէյճանի մէջ ապագայ բռնութիւններու վտանգին ենթակայ են հայ ռազմագերիները, որոնց լիակատար պաշտպանութիւնը պէտք է ապահովուի:
HRW միջազգային իրաւապաշտպան հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը սուր տեղեկագիր մը հրապարակեց՝ յետպատերազմեան իրավիճակի պայմաններով:

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է յատկանշական գիրք մը։ «Մարդը գործին մէջէն. Աքսորականի գաղտնի օրագիր» կը կոչուի այս գործը, որու հեղինակն է Լեռ Կամսար։

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

Վաղը՝ հոգելոյս Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան պիտի ոգեկոչուի իր ծննդեան տարեդարձին առթիւ։ Հաւատացեալ ժողովուրդը կը շարունակէ սրտին մէջ կրել սէրը հոգելոյս սրբազանին նկատմամբ, որ անժամանակ բաժնուեցաւ կեանքէն։

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

Արցախի թեմէն երկու նորաօծ քահանայ հայրեր երէկ այցելութիւն մը տուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը յորդորեց զօրացնել լաւատեսութեան ոգին եւ ապագայի նկատմամբ հաւատը:

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Արուարձանային թաղէ մը անցած ատենս, կիսանկուղային յարկէ մը, կենդանի երգեցողութեան ձայն լսեցի՝ «Երբ որ բացուին դռներն յուսոյ…»: Ապշած կեցայ, քանի որ վերջին շրջանին երգ չենք լսեր առհասարակ, իսկ այս երգը, մանաւանդ Հայաստանի մէջ չեմ լսած կենդանի կատարումով, կենցաղային վայրի մը մէջ, օրուայ տաղտուկ ժամի մը:

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Ե՛ս եմ դուռը» (Յհ):
Մեկնութիւն.
ինչպէս այլ տեղ մը ճանապարհ կոչեց եւ որթատունկ անուանեց Ինքզինք, իսկ հիմա ալ դուռ կը կոչէ:

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Լոյսը արեւէն մինչեւ մեզի հասնելու համար, մէկ երկվայրկեանի մէջ 300 հազար քիլոմեթր արագութեամբ կ՚ընթանայ։ Այս պատճառով՝ լոյսը զօրութիւն մըն է։

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Պէ՞տք են արդեօք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, կամ ոչ։ Եթէ պէտք են, ապա որո՞ւ իշխանութեան օրօք եւ ի՞նչ կանոններով պիտի իրականացուին անոնք։

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

Երեւանի Մաշտոցի պողոտային մէջ բացուեցաւ գետնանցում մը, որ Տիանա Աբգարի եւ Միսաք Մանուշեանի յիշատակին ձօնուած պուրակները իրարու կը միացնէ։ Երեւանի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած ծրագիր մըն է այս մէկը։

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021

Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանը կարեւոր վճիռ մը արձակեց՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն տեսակէտէ։ Այդ դատավճիռով չեղեալ յայտարարուեցաւ 2013 թուականին հրապարակուած այն շրջաբերականը, որով փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրական կանոնադրութիւնը ջնջուած էր։

Երկուշաբթի, Մարտ 22, 2021

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուած չէ։
Շաբաթավերջին Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Արագածոտնի մարզը։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 22, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը։ Պատրիարքարան այցելութեան ընթացքին ամերիկացի դեսպանին ընկերացան Իսթանպուլի մօտ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոս Տարիա Տերնըլ եւ դեսպանատան անձնակազմէն Քեւըն Մոսս։

Երկուշաբթի, Մարտ 22, 2021

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան հասարակական ծառայութեան ծիրէն ներս, համայնքիս կարիքաւոր ընտանիքներու համար յատկացուած 567 զոյգ օժանդակութեան տոմսը, այս շաբաթ հասաւ Պատրիարքարան։

Երկուշաբթի, Մարտ 22, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։

Երկուշաբթի, Մարտ 22, 2021

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Աշխատանքի մը, առեւտրական կամ որեւէ այլ գործի մը երկարակեցութիւնը մեծ մասամբ կախեալ է անհատներու յարատեւելու ոգիէն: Անշուշտ այլ գործօններու դերակատարութիւնն ալ պէտք չէ զանց առնել:

Երկուշաբթի, Մարտ 22, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Էտուարտ Շարմազանով. «2020 թուականը կորուստի եւ ցաւի տարի էր։ Հետեւաբար, այս շարժման մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրի սրտին մէջ են մեր 5 հազար զոհերը։ Այստեղ ուրախութիւն չկայ, սա սուգի պայքար է: Ժողովուրդը ընկճուած է, հետեւաբար ձեւով մը անտարբերութեան տրուած։ Եւ ինչ որ վտանգաւոր է՝ մեծ զանգուած մը կայ, որ իր ապագան այլեւս Հայաստանէն դուրս կը տեսնէ: Բայց այդ ընկճուածութեան ու անտարբերութեան պիտի յաջորդէ ընդվզում»:
«Նախ պէտք է հասկնանք, որ մենք՝ որպէս պետութիւն եւ որպէս հասարակութիւն, մեր խնդիրներուն պատճառը մեր մէջ պէտք է փնտռենք։ Եւ մեր փրկութիւնն ալ պէտք է ըլլայ մեր մէջ։ Պէտք է հասկնալ, որ սա մեր խնդիրն է, մեր ազգի խնդիրն է։ Մենք պիտի որոշենք, թէ ինչպէս պիտի ապրինք։ Այսինքն մենք կ՚ուզե՞նք պետութիւն ըլլանք, կամ կ՚ուզենք դառնալ մէկու մը ենթական»:

Էջեր