Արխիւ
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Անցեալ աշունը արիւնոտ էր: Նռան գոյնը խանգարեց ըմբոշխնելու աշնան խորհրդաւոր օդն ու ոսկեզօծ երանգները: Ձմեռը պաղ էր ու սառնամանիք:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր ծննդեան 157-ամեակն է հայ նշանաւոր ճարտարապետ, հնագէտ Թորոս Թորամանեանի: Հայ ճարտարապետութեան պատմութեան գիտական ուսումնասիրութեան հիմնադիրն է ան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Ո՜վ Ռոնտա. ինքնայանդիմանութիւնը հոգեւոր պայքարին չ՚օգնե՞ր:
-Կ՚օգնէ, սակայն զանազանելու կարիքն ունի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւետարանական Օրէնքը իր մէջ կ՚ըմբռնէ «երկու ճամբաներ»ու միջեւ վճռական երկընտրանքը եւ գործադրութիւնը Քրիստոսի Խօսքերուն. ան կը համառօտուի «ոսկեղէն» հետեւեալ «կանոն»ով. «Ուստի, ի՛նչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի՝ դուք ալ այնպէս ըրէք անոնց, որովհետեւ այս սկզբունքը իր մէջ կը խտացնէ Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները». (ՄԱՏԹ. Է 12)։
Հարիւր տարի անց երկու երկիրներուն կողմէ կ՚ընդգծուի փաստաթուղթի միշտ արդիական մնալը։
Բանբեր Մարիա Զախարովա. «Մոսկուայի պայմանագիրը հիմքն է ժամանակակից յարաբերութիւններուն ու անոր ոգիին եւ սկզբունքներուն հետեւիլը Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ կապերու ապագայ զարգացման գրաւականն է»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի ներկայ շրջանը ներհայեցողութեան, ինքնամփոփման եւ մանաւանդ մեղքերու իշխանութենէն շնորհքին ազդեցութեամբ ազատելու բարեպատեհ շրջան մը եւ այս իմաստով յարմարագոյն առի՛թ մըն է։
Պօղոս Առաքեալ Հռովմայեցիներու գրած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ալ հիմա ի՞նչ պիտի ըսենք.- մեղքերու մէջ մնա՞նք արդեօք, որ շնորհքը շատնայ։
ԵՐԱՄ
Նստած գարեջուրին կը սպասէր։ Կարճ ու կապոյտ մազերով աղջիկը լսած էր պատուէրը եւ հեռացած դէպի պառ։ Յանկարծ, ձեռքը սեղանին քսելու ընթացքին թղթէ կտորի մը հպումն զգաց։ Բարձրացուց մատները, տակը նկար մըն էր։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Նորէն հանրաշարժի մէջ:
Այս անգամ տեղի ունեցաւ հրաշք մը. ինքզինքս բացայայտեցի, ես իմ վրայ զարմացայ:
Ըստ ընկալեալ սովորութեան, ամէն տարի, Ս. Քառասուն Մանկանց տօնի նախօրեակին, Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Իսքենտերունի Ս. Քառասուն Մանկանց եւ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն ուխտագնացութիւն կը կատարուի եւ հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Անցեալ տարի, քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ, բոլորովին ջնջուած էր այս ուխտագնացութիւնը։
«Մեր հայեր» իրերօգնութեան ու զօրակցութեան հարթակը կը շարունակէ մեր համայնքէն ներս աշխատանք տանիլ։ Նորաստեղծ այս հարթակի գործունէութիւնը սկիզբ առած է քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի շրջանին։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովը վերջերս առցանց նիստ մը գումարեց՝ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ։ Հեռավար ժողովներուն ատենապետեցին Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան եւ Տ. Նարեկ Արք. Ալեմէզեան։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը երէկ արտահերթ ժողով մը գումարեց հեռավար դրութեամբ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւորութեամբ ծաւալուեցան առցանց քննարկումները։
Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ բանակցութիւններու հերթական փուլը երէկ տեղի ունեցաւ Աթէնքի մէջ։ Միջերկրականի արեւելքին անցեալ ամառ ծագած տագնապէն վերջ երկու հարեւաններուն միջեւ երկխօսութիւնը վերսկսած է՝ երկար ընդհատումէ մը վերջ։
Հայաստանի եւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ նախընթաց օր տեղի ունեցան հերթական քաղաքական խորհրդակցութիւններ։ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ժամանակ հայկական եւ վրացական պատուիրակութիւններուն գլուխը կը գտնուէին Արտաքին գործոց փոխ-նախարարներ՝ Գագիկ Ղալաչեան եւ Լաշա Տարսալիա։
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիները 1 ապրիլ 2021 թուականի դրութեամբ պիտի կարողանան փոխադարձ ձեւով ճամբորդել միատեսակ անձնագիրով։
Անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ նոր տիպէ անձնագիրերով կարելի պիտի ըլլայ փոխադարձաբար իրականացնել ճամբորդութիւն։
Արա Այվազեան. «Արցախի աւերման, հայ բնակչութեան ոչնչացման վրայ կառուցուած խաղաղութիւնը չի կրնար ըլլալ հաստատուն եւ տեւական»։
Անն Լինտէ. «Ես կ՚ողջունեմ հրադադարը։ ԵԱՀԿ կարեւոր դեր ունի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման գործընթացին մէջ յառաջ երթալու համար»։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ եթէ Սուրիոյ մէջ ներքին պատերազմը չաւարտի, ապա գաղթի խնդիրը չի կրնար լուծուիլ։
Քաղաքականութեան, տնտեսութեան եւ հասարակութեան հետազօտութիւններու հիմնարկին (SETA) կողմէ կազմակերպուած առցանց հաւաքոյթին ընթացքին Իպրահիմ Քալըն՝ որպէս գաղթի խնդրի հիմնական պատճառ մատնանշեց Սուրիոյ ներքին պատերազմը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջին օրերու լրահոսին մէջ, յետպատերազմեան շրջանի բազում լուրերէն այս մէկը մանաւանդ գրաւեց ուշադրութիւնս. Ստեփանակերտի մէջ կ՚ընդլայնեն եղբայրական գերեզմանոցը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Սովորութիւն դարձաւ եւ ան ալ լաւ սովորութիւն: Ամէն անգամ, որ դրացիիս՝ Գրիշին տունը խորոված կամ «հաց» ուտելու հրաւիրուէինք, ընթրիքէն ետք, ես ու ինք կամաց մը կը հեռանայինք ճաշասեղանէն ու կը նստէինք դուրսը, բակին մէջ իր հաստատած կրակարանին շուրջ եւ անխօս կը դիտիէնք կրակի բոցերու հետզհետէ մարող կարմիր անհամար աչքերը:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Դարձեալ՝ դուռը տասը յատկութիւն ունի. նախ՝ որովհետեւ ատով կը մտնենք ու կ՚ելլենք: Երկրորդ՝ քանի որ նախ մտնելն է, երրորդ՝ որովհետեւ բոլորին համար մուտք է, չորրորդ՝ կը բանայ ու կը փակէ, հինգերորդ՝ մտնողները ներսը կը պահէ, վեցերորդ՝ ուղղութիւն է, եօթներորդ՝ նեղ է, ութերորդ՝ խոնարհութիւն է, իններորդ՝ բարձրութիւն է, տասներորդ՝ նախ մէկ ոտքով կը կոխենք: