Արխիւ
Պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ տեղապահը կը շարունակէ իր ասուլիսները՝ թաղէ թաղ այցելութիւններով:
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց իր համակիրներուն հետ՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ յարակից սրահի երդիքին տակ:
Արտաքին գործոց նախարարներ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ճեւատ Զարիֆի միջեւ տեսակցութիւն:
Սուրիոյ վերաբերեալ բախտորոշ իրադարձութիւններու ներկայ շրջանին բազմակողմանի դիւանագիտական շփումներ:
Փարիզի արուարձաններէն Սեւր քաղաքին մէջ յարձակում մը կատարուեցաւ հայկական երբեմնի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի շէնքին վրայ, որ կը պատկանի Մխիթարեան միաբանութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը օր առաջ ալ ֆրանսահայ «Les Nouvelles d՚Arménie» ամսագրի գրասենեակը ենթարկուած էր յարձակման։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երկրի խորհրդարանի երդիքին տակ երէկ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:
Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց. «Մենք անընդհատ կոչ կ՚ուղղենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, որպէսզի գան շինիչ դաշտ»:
Patriklik seçimi süreciyle ilgili oldukça fazla soru ve sorunların biriktiğini görerek, bilgi kirliliğinin yarattığı boğucu bir sisin ortalığı kapladığı bu dönemde şahsım Sahak Episkopos Maşalyan, Patriklik Kaymakamı (Değabah) olarak bana yöneltilen sorulara yanıt vermek istiyorum.
Յայտնի բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ։ Սա իսկապէս ծանրակշիռ յայտարարութիւն մըն է։ Տիգրան Կիւլմէզկիլի՝ միջոցէ մը ի վեր սպասուած այս յայտարարութիւնը ռումբի ազդեցութիւն գործած է համայնքային կեանքէն ներս եւ պատրիարքական ընտրութեան շրջանին կրնայ տեղէն շարժել համայնքային քարացած հաւասարակշռութիւնները։
Ruhani biraderim, Patrik Kaymakamı Episkopos Sahak Maşalyan bugün sosyal medyada bir açıklama yapmış. Konu malum: Patrik seçimi sürecinde talimatname gereği yurtdışında bulunan adaylara konulan engel.
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, որ կազմակերպուած էր երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վախճանման 20-րդ տարելիցին առթիւ։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Օդանաւ, օդանաւ,
Ո՞ւր կ՚երթաս օդանաւ,
Տար մեզի օդանաւ,
Ո՞ւր կ՚երթաս օդանաւ։
Օդանաւ, օդանաւ,
Մենք կ՚ուզենք երթալ
Հայաստան օդանաւ…
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այս տարի լրացաւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ վերջին հարիւր տարիներուն մեծագոյն հոգեւորականներէն մէկուն՝ երանաշնորհ Գարեգին Ա. Քեսապցի Ամենայն Հայոց Հայրապետին վախճանման քսաներորդ տարելիցը: Հոգեւորական, որ հոգեւորական ըլլալէ առաջ եղած է բառիս բուն եւ ամբողջական իմաստով ՄԱՐԴ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կ՚աղօթենք կրնանք Աստուած «Հայր» կոչել, քանի որ «Իր» մարդացեալ «Որդին» զայն «մեզի» այդպէս «յայտնեց». Հոգին ալ զԻնք մեզի այդպէս ճանչցուց։ Ինչ որ ո՛չ մարդը կրնայ ըմբռնել եւ ո՛չ ալ հրեշտակային զօրութիւնները ընդնշմարել, այսինքն Որդիին Հօր հետ «անձնական յարաբերութիւն»ը, Որդիին Հոգին մեզ անոր մասնակից կ՚ընէ, մեզ որ կը հաւատանք, թէ Յիսուս է Քրիստոսը եւ թէ մենք Աստուծմէ ծնած ենք։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Նախորդ յօդուածովս սկիզբ տուի «Պոլսահայերը սփիւ՞ռք են, թէ՞ չէ» յաճախ կրկնուող հարցումին անդրադարձող այս շարքին։ Այնտեղ շատ խիտ կերպով փորձեցի ներկայացնել ակադեմական աշխարհի մէջ սփիւռք հասկացութեան շուրջ հիմնական տեսութիւնները։
Ամենայն հայոց բանաստեղծի ժառանգները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Յովհաննէս Թումանեանի ժառանգութեան համամարդկային բնոյթը:
Գարակէօզեան Տան խումբ մը սաներ երէկ այցելեցին Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին՝ ուղեկցութեամբ իրենց հայերէնի ուսուցիչներուն։ Այս այցելութիւնը կազմակերպուած էր Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ եւ անոր նպատակն էր աշակերտներուն ծանօթացնել Ս. Թագաւոր եկեղեցին՝ պատմութիւնով եւ առաքելութիւնով հանդերձ։
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի երդիքին տակ «Փրկեալ ձեռագործ հայոց» ցուցահանդէսը:
1650-1915 թուականներուն միջեւ կատարուած ասեղնագործական արտադրութեան գլուխ գործոցները ուշադրութեան առարկայ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան երէկ Թոքիոյի մէջ մասնակցեցան Ճաբոնի նոր կայսեր՝ Նարուհիթոյի գահակալութեան հանդիսաւոր արարողութեան։ Կայսերական պալատին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ներկայ գտնուեցան աշխարհի 183 երկիրներէ պատուիրակութիւններ, որոնց գլուխը կը գտնուէին արքունիքներու ներկայացուցիչներ, պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներ, այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան երէկ Թիֆլիզի մէջ մասնակցեցաւ «Մետաքսի ճանապարհ» համաժողովին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համաժողովի բացման արարողութիւնը սկսաւ Վրաստանի վարչապետի ելոյթով։
Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի ահաբեկչական տարրերը ամբողջութեամբ հեռանան սահմանամերձ գօտիէն:
Նախագահներ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին Սոչիի մէջ տեսակցեցան 6 ժամ 20 վայրկեան՝ ընդհանուր համաձայնութեան հասնելով Սուրիոյ պարագային:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանայ Սուրբ Աթոռի Կալուածոց գրասենեակի ղեկավար Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ արդէն հրապարակեց երկար ատենէ ի վեր սպասուած զեկոյցն ու շրջաբերականը։ Այս երկու կարեւոր փաստաթուղթերը արդէն կը յստակեցնեն պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի յաջորդ փուլերուն հունը: