Արխիւ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Մինչ նախագահ Թրամփ այս շաբաթ այցելութեամբ մը կը գտնուի Ճաբոն, ճիշդ ժամանակն է մեկնաբանելու Ճաբոնի վարչապետ Շինծօ Ապէի՝ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի համար Թրամփի առաջադրումը: Այդ առաջադրման մասին յայտարարած է ոչ ուրիշ մէկը, քան անձամբ ինք՝ նախագահ Թրամփ, պարծենալով, որ Ապէ իրեն տուած է օրինակը «հինգ էջնոց ամենէն գեղեցիկ նամակին, զոր ինք ուղարկած է բոլոր անոնց, որոնք կը բաժնեն Նոպելեան մրցանակ կոչուող պարգեւը»:
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
Լուի Արմսթրոնկի վերջին հիթը եղաւ «What a wonderful world» երգը, զոր ան կատարեց 66 տարեկան հասակին՝ մահէն չորս տարի առաջ։ Երգի ճակատագիրը կրնար բացարձակապէս այլ ըլլալ, եթէ Թոնի Պեննըթ համաձայնէր կատարել զայն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իրանի դէմ առկայ օղակը կը սեղմուի...
Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ տնօրինուած պատժամիջոցները սկսած են աւելիով սեղմել երկար ժամանկէ ի վեր տնտեսական ճնշման տակ գտնուող երկիրը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ ընդհանրապէս հակամէտ է իր շուրջը պատահած դէպքերու ուշադրութիւն դարձնելու եւ ուրիշներու արարքները քննելու եւ քննադատելու, բայց շատ հազուադէպօրէն կ՚անդրադառնայ իր ներաշխարհին եւ քննել կը փորձէ ինքզինք։ Արդարեւ, ո՜րքան դժուար է ինքզինք քննել եւ քննադատել, քանի որ մարդ ինքզինք արդարացնելու համար միշտ պատճառ մը ունի, եւ ոչ ոք կ՚ուզէ ընդունիլ իր թերութիւնը կամ սխալը։
Ֆութպոլի 2020 թուականի Եւրոպայի առաջնութեան որակաւորման փուլի ծիրէն ներս, Հայաստան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Լիխթենշթայնը։ J խմբաւորման հանդիպումներուն ծիրէն ներս հայկական ընտրանին 3-0 արդիւնքով յաղթանակ տօնեց Լիխթենշթայնի դէմ։
«Մտքերու հայկական գագաթաժողով» Հայաստանի նախագահի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ:
Տոմինիք տը Վիլփէն. «Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն վերջ ձեւաւորուած աշխարհակարգը փուլ կու գայ»:
Սամաթիոյ մէջ պատահած յարձակումէն վերջ, Սարգիս եւ Արփինէ ամոլը պիտի վերադառնայ Հայաստան:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին փութաց արտագաղթած ընտանիքի այցելութեան:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաւէրով վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելեց Սպիտակ Ռուսիոյ պատրիարքական էկզարխ, Մինսքի եւ Զասլաւի մետրապոլիտ Փաւելը։ Այս վերջինը այցելութեան առթիւ ընդունուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Պենտեկոստէ» Զատկին յիսուներորդ օրն է յունական բառով, որ հրեաներու համար «Սինէական օրէնքներու տուչութեան տօն» էր. իսկ քրիստոնեաներու համար՝ Սուրբ Հոգիին Գալստեան տօնը։ Այսպէս ուրեմն, «Պենտեկոստէ» Հոգեգալստեան տօնին մէկ յորջորջումն է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լաւ կը յիշեմ, որ նախապատերազմեան շրջանին մեզի՝ պէյրութցիներուս համար Հալէպը յատուկ հմայք մը ունէր։ Ոչ միայն այն պատճառով, որ Լիբանան ապրող հայութեան կարեւոր մէկ տոկոսին արմատները կու գային Հալէպէն, այլ անոր համար, որ այդ քաղաքը զանազան առումներով ալ տեսարժան քաղաք մըն էր։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այս կիրակի, 9 յունիս 2019-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն Հոգեգալուստի (Պենտեկոստէ) տօնն է: Ի՞նչ է Հոգեգալուստը:
Մխիթարեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի դասարաններու տարեվերջի հանդէսը։ Փոքրիկները մեծ խանդավառութիւն ապրեցան այս հանդէսի ժամանակ, որուն ներկայ գտնուեցան Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Մատակարար մարմնի ատենապետ Արման Գամառ եւ իր գործակից ընկերները, տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմի ներկայացուցիչները, ծնողներ եւ հիւրեր։
Էսաեան վարժարանի մէջ անցեալ ամսուան վերջին տասնօրեակին իրերայաջորդ տեղի ունեցան մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը եւ առաջին դասարանի ընթերցման տօնը։ Այս երկու հանդէսներն ալ անցան շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ չորեքշաբթի մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Նիւ Եորքէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող Տ. Մարտիրոս Ա. Քհնյ. Չեւեան, որ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանին տեսուչն է։
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցիէն ներս պայրամի արձակուրդի օրերէն անմիջապէս առաջ բացուեցաւ նկարչուհի Մանիա Մուրատեանի ցուցահանդէսը։ Մանիա Մուրատեան Հայաստանէն արտագաղթելով հաստատուած է քաղաքս եւ սա իր առաջին անհատական ցուցահանդէսն է։
ՀԲԸՄ միշտ կարեւոր նախաձեռնութիւններու հետամուտ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ։
Պերճ Սեդրակեան հանդիպումներ ունեցաւ Արմէն Սարգսեանի, Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վեհափառ Հայրապետին հետ։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Բնութիւնը ներշնչանքի աղբիւր հանդիսացած է հինէն ի վեր: Յունիս ամսուն բնութիւնը կը հագուի բազմագոյն երանգներ, ամենայատկանշականը սակայն վարդերու երանգներն են:
Ֆրանսացի աշխարհահռչակ դերասան, մի քանի սերունդներու խորհրդանիշ Ալէն Տըլոն 83 տարեկանին նոր երգ մը ձայնագրած է: Այս մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս», արձագանգած է Closer հանդէսը:
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը պայրամի արձակուրդի օրերուն ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքին մէջ։ Հարկ է նշել, որ Փլովտիւը 2019 թուականին կը հանդիսանայ Եւրոպայի մշակոյթի մայրաքաղաքը, իբր այդ այնտեղ կը կազմակերպուին բազմակողմանի մշակութային ձեռնարկներ։
Տնտեսութեան զանազան ոլորտներէ ներս ապագայ համագործակցութիւնը խթանելու ուղղեալ ջանքեր:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին երէկ հանդիպում մը ունեցան Սեն Փեթերսպուրկի Կոնստանդինովեան պալատին մէջ: