Արխիւ

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Անգլիոյ Արտաքին գործոց, համագործակցութեան եւ զարգացման նախարարութեան Եւրոպայի հետ հարեւանութեան եւ Ամերիկայի հետ հարցերու գծով նախարար Ուենտի Մորթընը, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2021

Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյց եւ Այվազեան-Լաւրով հանդիպում՝ նոյն օրը:
Ատրպէյճանի կողմէ գերիներու վերադարձի ձգձգումը Երեւան-Մոսկուա քննարկումներու առարկայ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2021

Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի տուած վերջին բացառիկ հարցազրոյցի արձագանգները կը շարունակուին՝ բնորոշելով հայկական քաղաքական օրակարգը։ Իրերայաջորդ երկու օրերով հրապարակուած լայնածաւալ հարցազրոյցին ժամանակ Սերժ Սարգսեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները լոյս սփռեցին Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմի ծագած մթնոլորտի եւ ընթացքի բազում մանրամասնութիւններուն վրայ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանի մէջ զարգացումները կը շարունակեն մնալ կիզակէտային։
Խնդիրն այն է, որ արդէն 2020 թուականի օգոստոսին երկիրը մեծ տագնապի մատնած աղէտալի պայթումէն ետք, նաեւ վարչապետ Հասսան Տիապի հրաժարական ներկայացնելէն ի վեր, Լիբանան չկարողացաւ նոր կառավարութիւն մը կազմել։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2021

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա կ՚ընթանայ յստակ նպատակներով:
Նախագահ Էրտողան տեղեկացուց, որ երկրէն ներս յաջորդ ամիս աստիճանաբար բնականոնացում պիտի սկսի:

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2021

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովը վերջին օրերուն առցանց ձեւաչափով ժողով մը գումարեց։ Անթիլիասի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ նիստը տեղի ունեցած է փետրուարի 13-ին։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Կ՚ըսեն, թէ մարդ ինքզինք կրնայ յիշել մանուկ տարքէն, բայց ոչ օրօրոցէն: Կը նշանակէ՝ ես բացառութիւն եմ, կամ ալ ինծի պէս բացառութիւններ կան, պարզապէս ես չեմ ճանչնար:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2021

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Հարաւային Կովկասի պարագային նոր հաւասարակշռութիւններ կը ձեւաւորուին։ Այս պայմաններուն ներքեւ դիւանագիտական բանուկ երթեւեկ մը ստեղծուած է տարածքաշրջանի երկիրներուն եւ շահագրգիռ կողմերուն միջեւ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա յառաջիկային ռազմական գործողութիւնները պիտի ընդլայնէ դէպի այն շրջանները, ուրկէ ահաբեկչական սպառնալիքներ կ՚ուղղուին Թուրքիոյ դէմ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2021

«Անկասկած շատ ծանր վիճակի մէջ ենք, անկասկած տեղի ունեցած է աներեւակայելին, բայց միւս կողմէ ալ մենք ուղղակի պարտաւոր ենք առանց վախնալու վերլուծել իրականութիւնը եւ նայիլ ճշմարտութեան աչքերուն: Մեր պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը եղած է շատ աւելի ծանր վիճակներու մէջ»:
Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Շատերը կը խօսին արտագաղթի մասին: Կը կարծեմ, թէ ասիկա ճիշդ մօտեցում չէ: Բոլորը պէտք է հասկնան, որ լքելով Հայաստանը, ուր որ ալ յայտնուին, մի գուցէ անոնց  կենցաղային պայմանները ըլլան աւելի լաւ, գուցէ իրենց երեխաները ուսանին աւելի լաւ դպրոցներու մէջ, բայց անոնք պիտի ըլլան պարտուած ժողովուրդի ներկայացուցիչներ եւ ուզեն թէ չուզեն՝  պիտի չկարողանան գլուխները բարձրացնել: Պէտք է մնալ Հայաստանի մէջ եւ գիտակցիլ, որ դժուարագոյն աշխատանք կը սպասէ մեզի, բոլորս՝ մեծ ու փոքր, պէտք է լծուինք դժուար աշխատանքի, պէտք է գիտակցինք, որ կարճ ժամանակի մէջ ամէն ինչ պիտի չկարողանանք վերականգնել, բայց այս գիտակցումով եւ այսպիսի մօտեցումով մենք կարող ենք փրկել իրավիճակը: Այս իշխանութիւնները պէտք է հեռանան, պատասխանատուն չի կրնար մնալ նոյն պաշտօնին  վրայ»:
«Թուրքիա միայն վերջին պատերազմին ժամանակ չէ, այլեւ միշտ աջակցած է Ատրպէյճանին։ Մշտապէս հնարաւոր եղած է հակակշռել Հայաստան-Ռուսաստան դաշնակցային յարաբերութիւններով եւ միջազգային հանրութեան հետ գրագէտ աշխատանքով։ Թէ ինչո՞ւ այս անգամ Թուրքիա այդպէս անթաքոյց ու համեմատաբար աւելի մեծ չափով իր մասնակցութիւնը ունեցաւ՝ միայն մէկ բացատրութիւն ունի. այս ապիկար իշխանութիւններու դիւանագիտութեան եւ անվտանգային քաղաքականութեան տապալումը։ Արմատները հո՛ն պէտք է փնտռել»:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահը «Արմնիւզ» հեռուստակայանին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ լոյս սփռեց իր թողած ժառանգութեան վրայ:
Սերժ Սարգսեան փակագծերը բացաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի՝ իր ղեկավարման տարիներու մանրամասնութիւններուն շուրջ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ճշմարիտ ուղին բռնած եմ ինքնուրոյն: Ոչ մէկը իմ ձեռքէն բռնած եւ զիս եկեղեցի տարած է, կա՛մ գիշերները ինծի համար Աստուածաշունչ ընթերցած, ինծի Բարձրեալի, Քրիստոսի մասին պատմած է:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2021

ԵՐԱՄ

Այդ պահերուն, որոնք յաւիտենական կը թուէին ըլլալ, դուրս կու գար ինքնիրմէ։
Դուրս կու գար եւ արտաքուստ կը տեսնէր ինքզինք, կը նայէր ինքն իր վրայ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սէրը բոլոր առաքինութիւններու, բոլոր մեծագործութիւններու, բոլոր օրէնքներու հիմը եւ խարիսխն է. ան անուշ ներդաշնակութիւնն է մարդկային կամքին, երկնային մեղեդին մարդուս խորհուրդներուն, զօրեղ զսպանակը անոնց յոյզերուն եւ զգացումներուն։ Արդարեւ, սէրը հիմն է եւ պատճառը կեանքին, քանի որ կեանքը սիրով կը սկսի եւ սիրով կը շարունակէ իր ընթացքը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2021

Կլիմայի փոփոխութեան վերաբերեալ ահազանգներու եւ քորոնաժահրի համաճարակի մտահոգութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ կ՚անցնի 2021-ի ձմեռը։ Մարդկութիւնը մտատանջութիւններ ունի ապագայի մասին անորոշութիւններու բերումով։

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2021

Այս շաբաթավերջին Երեւանի մէջ պիտի բացուի ցուցահանդէս մը, որու ընթացքին պիտի ներկայացուին Շուշի գորգերու թանգարանի հետաքրքրական նմոյշները։ «Ալեքսանտր Թամանեան» ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-կաճառէն ներս, փետրուարի 20-ին պիտի բացուի այս ցուցահանդէսը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2021

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան վաղը հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ պիտի դարձուին՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան, ինչպէս նաեւ 11 յունուար 2021 թուականին, Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ կատարուած համատեղ յայտարարութեան գործադրութեան մանրամասնութիւնները։

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան արդէն վերադարձած է Երեւան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Հանրապետութեան նախագահը շաբաթավերջին վերադարձած է Հայաստան։

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2021

Չավուշօղլու-Պլինքըն առաջին հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ՝ Կարայի արիւնալի դէպքերով պայմանաւորուած լարուածութեան մթնոլորտին մէջ:
Անգարա եւ Ուաշինկթըն կը նախատեսեն փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ զարգացնել բաց ու անկեղծ երկխօսութիւն մը՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առաջնահերթութեամբ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2021

Սերժ Սարգսեանի կողմէ «Արմնիւզ» հեռուստակայանին տրուած հարցազրոյցը առանձնացաւ իր մեծ արժէքով՝ առկայ թէժ իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ Հայաստանին պատուհասած աղէտը պատմութեան մէջ դիրքաւորելու առումով, երբ երկիրը նոր ապագայ մը կ՚որոնէ բազում մարտահրաւէրներու ընդմէջէն:
«Համաձայն չեմ, թէ Քազանեան փաստաթուղթը կ՚ենթադրէր տարածքային զիջումներ։ Ձեր գլուխէն նետեցէք, թէ մենք ի՛նչ պիտի տայինք։ Մտածեցէք, թէ մենք ի՛նչ պիտի ունենայինք։ Քազանեան փաստաթուղթը կը նախատեսէր Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակ՝ Ատրպէյճանի կազմէն դուրս։ Պիտի ստանայինք միջազգայնօրէն երաշխաւորուած խոստում, որ մեզի հնարաւորութիւն կու տար շատ հանգիստ երթալ հիմնախնդրի լուծման, այո, փոխզիջումներու միջոցով։ Միջանկեալ կարգավիճակով Արցախ կ՚ունենար անվտանգութեան երաշխիք»:

Էջեր