Արխիւ

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմէն ներս վերջերս գումարուեցաւ թեմական պատգամաւորական ժողով։ Օթթաուայի Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ գումարուեցաւ թեմի 36-րդ պատգամաւորական ժողովը։

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ 225 քահանաներու մասնակցութեամբ  տարեկան ժողով:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոս. «Մենք միշտ հպարտ ենք մեր եկեղեցականներով»:

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019

Եւրոմիութեան 28 երկիրներէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցան ընտրութիւններ, որոնց նպատակն էր ընտրել Եւրոխորհրդարանի 751 նոր պատգամաւորները։ Այս ընտրութիւններու արդիւնքը Եւրոմիութեան տեսակէտէ եղաւ մեծ անակնկալ մը։

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարի Հայաստան այցի արձագանգները:
Երեւան եւ Փեքին հետեւողականօրէն կը քննարկեն Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցման ծրագիրը:

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ տեսակցեցան Փաշինեանի եւ Մնացականեանի հետ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը շեշտը կը դնէ խաղաղութեան համար նպաստաւոր մթնոլորտի ձեւաւորման կարեւորութեան վրայ:

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ճարպիկութիւն»ը հնարագէտ, վարժ, ճկուն ըլլալու յատկութիւն մըն է, որ արժէք կը ներկայացնէ երբ կը միանայ ամուր նկարագրի մը հետ, եթէ ոչ՝ առանց նկարագրի ճարպիկ մարդը կը դառնայ ստահակի մը՝ ըմբոստ ինքնահաւանի մը։ Ուստի ճարպիկութեան յատկութիւնը արժէք կը ստանայ, երբ ան մարդկութեան ի նպաստ, բարի գործերու համար գործածուի եւ ծառայէ մարդոց իրենց կարօտութիւններուն, թերութիւններուն եւ տկարութիւններուն բարելաւման, մարդոց օգտին համար։

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Այս տարօրինակ պատմութիւնը մեզի կու գայ Ֆլորիտա նահանգի Ալաչուա գաւառէն (county), որ ունի մօտաւորապէս քառորդ միլիոն բնակչութիւն եւ ուր կը գտնուի Ֆլորիտայի համալսարանը։
Այդ գաւառի բնակիչներէն 75 ամեայ Մարվըն Յաչոզ ունէր ագարակ մը, ուր կը պահէր հարիւրէ աւելի տարաշխարհիկ թռչուններ եւ այլ չնաշխարհիկ կենդանիներ։

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Քիչ չէր անոնց թիւը, որոնք զոհ գացին Սուրիոյ մէջ ծագած պատերազմին։ Խօսքը Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Քեսապի, Հոմսի, Համայի, Տէր Զօրի եւ նոյնիսկ Ռաքքայի մէջ զոհուած հայ զինուորներուն մասին է, որոնք, ինչպէս ընդունուած է շատ մը երկիրներու պարագային, կը ծառայէին իրենց ապրած երկրի ազգային բանակին մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019

Գրաբարէ թարգմանեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք.- «Եւ լոյսը խաւարին մէջ կը լուսաւորէր» (Յհ 1.5):
Մեկնութիւն.- Կրկնակի է իմաստը. նախ աշխարհի մասին կ՚ըսէ, թէ մարդիկ խաւար կը դառնան մեղքերով եւ անգիտութեամբ հեռանալով սուրբ վարքէն, եւ Բանն Աստուածը մարմինին ճրագը վառեց եւ մեզ աստուածգիտութեամբ ու մաքուր վարքով լուսաւորեց, որովհետեւ եթէ տգիտութիւնն ու մեղքը խաւար են, գիտութիւնն ու աստուածային վարքը լոյս կ՚ըլլան:

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Շարլ Ազնաւուրի մահէն ետք, իր առաջին ծննդեան օրը նշուեցաւ առանձնակի յուզումով. առաջին անգամ երգիչը ֆիզիքապէս ներկայ չէր իր տարեդարձի արարողութիւններուն՝ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի մէջ: Այս մայիսին ան դարձաւ 95 տարեկան:

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութենէն ներս անցեալ շաբթուան մէջ գումարուեցաւ ընդհանուր ժողով, որու արդիւնքով ընտրուեցաւ միութեան նոր վարչութիւնը։ Մինչեւ 2021 թուականը միութեան ղեկը պիտի ստանձնէ այս նորընտիր վարչութիւնը, որու կազմին մէջ կը գտնուին՝ Սեւան Աթաօղլու, Ալին Շէնճան, Արի Մեշալէճիօղլու, Քրիստին Տելլալօղլու, Արէտ Տէյիրմենճի, Թանիա Հանչէրօղլու եւ Ալէն Պիւյիւքգույումճեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 27, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային կեանքը շնորհ մըն է՝ արժէ՛ք մը, որ կարելի չէ համեմատել որեւէ արժէքի հետ։ Արդարեւ, եթէ «կեանք» չըլլայ՝ չըլլար նաեւ որեւէ արժէք, քանի որ ամէն ինչ կախում ունի կեանքէն, այսինքն եթէ կեանք կայ՝ կա՛ն նաեւ բոլոր միւս արժէքները։

Երկուշաբթի, Մայիս 27, 2019

Հայաստանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եին։ Երեւանի մէջ հիւր նախարարը շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ ընդունուելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։

Երկուշաբթի, Մայիս 27, 2019

Քաղաքիս հրեայ համայնքի ընտրանին երէկ Քուլէտիպիի «Նեւէ Շալոմ» սինակոկին մէջ ողջունեց Սենտի Լեւի եւ Վետաթ Սիթոն երիտասարդ ամոլին հարսանիքը։ Արարողութեան հանդիսապետեց Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւա։

Երկուշաբթի, Մայիս 27, 2019

Էսաեանի աւանդական բաժակի օրը հերթական անգամ վարժարանի երդիքին տակ համախմբեց զանազան սերունդներէ սաներ՝ տօնական բարձր տրամադրութեամբ:
Էսաեանցիները ողջունեցին այս տարուան յոբելեար ընթացաւարտները, ուրախութեամբ ականատես եղան դպրոցի ներկայ կացութեան եւ հպարտութեամբ երգեցին «Ողջոյն տաճար»ը:

Երկուշաբթի, Մայիս 27, 2019

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ մը, որու հանդիսապետեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Թաղի դպրաց դասու հիմնադրութեան 110-ամեակին ձօնուած էր այս երեկոյթը, որու մասնակիցներու շարքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, բազմաթիւ քահանայ հայրեր, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, Ֆէրիգիւղի ընտանիքի պատասխանատուները եւ բազմաթիւ երաժշտասէրներ։

Երկուշաբթի, Մայիս 27, 2019

Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ ապրեցաւ տօնական օր մը։ Թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքը համախմբեց հոծ թիւով թաղեցիներ եւ դպրոցի սաներ։

Երկուշաբթի, Մայիս 27, 2019

Թոփգաբուի ընտանիքը երէկ խանդավառ օր մը ապրեցաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ։ Համանուն սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս հաւաքը տօնական մթնոլորտի մը մէջ համախմբեց թէ՛ շրջանաւարտները եւ թէ դպրոցի վաստակաւոր կրթական մշակները։

Երկուշաբթի, Մայիս 27, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անցնող շաբաթը կարեւոր զարգացումներով լի եղաւ Հայաստանի համար։ Տեղի կ՚ունենային բաւական արագ զարգացումներ, եւ երկրին մէջ տիրող մթնոլորտը կը յիշեցնէր տարի մը առաջ ընթացք առած յեղափոխութեան օրերը։

Շաբաթ, Մայիս 25, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահը հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն:
Գագիկ Յարութիւնեան նպատակայարմար չի նկատեր իր աշխատանքը շարունակել՝ վերջին իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ:

Էջեր