Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Պզտիկ էինք…Կախարդ բառէն կը սոսկայինք։ Կախարդը գէշ եւ չար կին կամ մարդ էր, տուները կը քանդէր, սիրածները կը բաժնէր, հարս ու կեսուր իրար կը ձգէր, թուղթ ու գիր կ՚ընէր, ի՛նչ ըսես, որ չէր ըներ… Յետոյ կախարդները չար աչք ալ ունէին…
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ժողովո՞ւրդ:
Ի՞նչ ժողովուրդ է ասիկա, որ ամբողջ գիշերը մինչեւ առաւօտեան կողմերը կը գովէք, մինչ ան բերանով մէկ կը յօրանջէ ովկիանոսէն մինչեւ ծոց:
Ձեր լեզուներով խաշեցէ՛ք զայն ո՜վ բանաստեղծներ, գրողներ եւ վիպասաններ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երանի՜ հոգիով աղքատներուն…». (ՄԱՏԹ. Ե 3)։
Կարելի չէ ուրանալ, թէ հարստութենէն աւելի աղքատութիւնն է, որ կը խթանէ ճիգը, ինքզինքին ընդարձակումը։ Ուստի, ստացուածքներէ աղքատանալը ուժերով հարստանա՛լն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ ուսումնասիրենք մարդկային պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, թէ մարդ արարածին համար ինչքան կարեւոր եղած է աւանդութիւնը, որոնք դարերու ընթացքին ձեւաւորուելով կազմած են մարդկային ըմբռնումն ու հասկացողութիւնը:
Երուսաղէմի հայոց վանքի Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարի երդիքին տակ էքիւմենիք հանդիսաւոր աղօթք:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ քարոզեց Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վարդապետ Գոգճեան:
Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը ընդունեց Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլն ու Նազար Պինաթլըն:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին համար նուիրահաւաքը այս շաբաթավերջին համայնքի ուշադրութեան առարկայ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ ընդունեց Կաթողիկէ հայոց պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառը։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ, «Աթաթիւրք» օդակայանի պետական հիւրանոցի երդիքին տակ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վաստակաւոր ուսուցիչ եւ հեղինակ Համբարձում Երամեանի գործը՝ ուսուցչագործութիւնն ու սերունդներու կրթութիւնը մնաց հայոց դպրոցի եւ մանվարժութեան պատմութեան՝ հպարտանք ներշնչող էջերէն, որու մասին այսօր կը կարդանք գիրքերուն մէջ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Բարկացկոտ կամ կռուազան կիներու մասին առակագիրը որեւէ մէկ բան կ՚ըսէ՞:
Պատասխան. Այո՛, կ՚ըսէ: Կը կարդանք. «Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ, քան թէ կռուազան կնոջ հետ՝ մեծ տան մէջ» (Առ 25.24):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նախապէս, հայուն հայերէնի օտար եւ անծանօթ ըլլալուն մասին խորհրդածած եւ մեր մտահոգութիւնները յայտնած էինք։ Այս մասին տեսակցութիւններ ունեցանք հայերու հետ՝ որոնք հայերէնի օտար եւ անծանօթ էին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աւանդութիւններու մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս կը յիշէ նաեւ արժէքներու խնդիրը. իրականութեան մէջ հարցականի տակ է, թէ ի՞նչ է հայուն արժէքները. վերջապէս «արժէք» ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ, մանաւանդ նման ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր հայը օտարին արժէքները շատ աւելի գրաւիչ ու առաջնահերթ կը նկատէ, քան իր սեփականը:
Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) եւ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փաստաթուղթը ստորագրեցին ԵՊՀ-ի վերատեսուչ Յովհաննէս Յովհաննիսեան եւ յիշեալ հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակի ղեկավար Լուսինէ Սարգսեան։
Հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեան արդէն 85 տարեկան է։ Այս յոբելեանին առթիւ լոյս ընծայուած է «Տիգրան Մանսուրեան» մենագրութեան, որ նուիրուած է մեծանուն արուեստագէտի կեանքին ու գործունէութեան եւ որու հեղինակն է Աննա Արեւշատեան։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է փորձառու լրագրող եւ վերլուծաբան Արմէն Դուլեան։ Շաբաթավերջին իր ինքնազգացողութիւնը յանկարծ ծայրայեղ ձեւով վատթարացած է բնակարանին մէջ եւ դժբախտաբար, կարելի չէ եղած կեանքը փրկել եւ 71 տարեկան հասակին կնքած է իր մահկանացուն։
Երեւանի եւ Դամասկոսի ղեկավարութիւնները կը քննարկեն համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:
Հայաստանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ կարծիքի բազմակողմանի փոխանակումներ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Միջազգային խաղաղութեան «Քարնեկի» հիմնադրամի ներկայացուցիչները՝ յայտնի վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալը, նախկին երեսփոխան Կարօ Փայլանն ու Եուճին Ռումէրը։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր կ՚այցելէ Ռիատ, ուր կը հիւրընկալուի Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պին Ֆարհան ալ Սուուտի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրները բանակցութիւններու օրակարգին շուրջ մանրամասնութիւններ չեն հրապարակած։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շաբաթավերջին այցելեց Պաղտատ, ուր հիւրընկալուեցաւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյինի կողմէ։ Ֆիտան համոզուած է, թէ Իրաքէ ներս մշտական կայունութեան եւ անդորրութեան հաստատման համար անհրաժեշտ է լիարժէք անվտանգութեան ապահովումը։
Հայաստանի վարչապետը ներկայ տարեմուտին իրերայաջորդ մամլոյ ասուլիսներով հանդէս կու գայ:
Ըստ Փաշինեանի՝ Պաքուի մէջ հայ գերիներու դէմ արգիլեալ միջոցներ կը կիրառուին՝ նոր մագլցում հրահրելու նպատակով:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններէն վերջ խաղաղութեան աղօթք:
Վեհ. Հայրապետին գլխաւորութեամբ առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ՝ զինուորներու անվտանգ ծառայութեան համար: