Արխիւ
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ծանօթ իրողութիւն է, թէ վախու զգացումը ընդհանրապէս իր ազդեցութեամբ կու գայ ալեկոծել մարդկային կեանքը, մանաւանդ երբ մարդ դէմ յանդիման կը մնայ անսպասելի իրողութեան մը հետ։
Ահա՛ հասանք կրկին մեր եկեղեցական օրացոյցի զենիթին՝ Տէր Յիսուսի փառահեղ յարութեան դէպքին, որ այնքան էական է մեր հաւատքին համար, որ կու տայ արդարօրէն տարուայ բոլոր կիրակիներուն իր իմաստը:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Աւագ շաբաթն է նորէն…
Ծաղկազարդէն մէկ օր առաջ միայն կը սկսի զատկական արձակուրդնիս եւ մայր ու աղջիկ՝ երկուքս ուսուցչուհի, կ՚ուզենք մասնակցիլ եկեղեցական բոլոր արարողութիւններուն, որոնք Երուսաղէմի մէջ բացառիկ են, նաեւ պատրաստուիլ Զատիկին, որովհետեւ Խթման գիշերը մի՛շտ մեր տունը կը հաւաքուինք։
ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Այս բառի մէջ է պահուած մեր կեցութեան հիմքը։ Յարութեան հաւատքը կ՚իմաստաւորէ հայու կեանքը։ Անդրադառնանք կամ ոչ, գիտակցինք կամ ոչ, ինչպէս կ՚ըսէ Գարեգին Բ կաթողիկոսը, «մեր ապագայի վերաբերեալ վճիռը խաւարինն ու մահուանը չէ, այլ կեանքինն ու յարութեանը»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի՛». (ՅՈՎՀ. ԺԱ 25)։
Երեք հսկայական գամ կախուած պահեցին Յիսուս Քրիստոսը խաչին վրայ։ Այս երեք գամը՝ երեք անտեսանելի գամը ամուր պահեցին մեր Փրկիչը անարգ խաչին վրայ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Քրեմլինի պալատին մէջ հիւրընկալեց Քաթարի էմիր Թամիմ պին Համիտ ալ Թանին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա։ Փութին այս առթիւ շեշտեց Քաթարի ներդրումը Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։
Երէկ, Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարներուն՝ Վահան Կոստանեանի, Լաշա Տարսալիայի, Էլնուր Մամետովի եռակողմանի հանդիպումը, որ միտուած էր վստահութեան ձեւաւորման եւ երկխօսութեան աւելի բարձր մակարդակի վրայ շարունակութեան։
«Ներկայիս երկրէն ներս կ՚ընթանայ ընկերահոգեբանական մը, որ 2018 թուականին կատարուածին չափ կարեւոր է, եթէ ոչ աւելի»:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ Հայաստանի անկախ պետութեան յարատեւման համար աննախընթաց բախտ կը տեսնէ. հիմնաւորումը՝ Ատրպէյճանի հետ բովանդակութիւնը համաձայնեցուած խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աղօթելու բազմաթիւ ձեւեր ու կերպեր կան: Իւրաքանչիւր տեսակը իր իւրայատկութիւնը ունի: Բոլոր ձեւերն ու կերպերը մարդս կը տանին Աստուծոյ միանալու, Անոր հետ միութիւն մը կազմելու:
Տէր Յիսուս Քրիստոսի խոնարհութեան ու հեզութեան անանց ու անժամանցելի պատգամը երէկ հերթական դրսեւորումը ունեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի սրբազան կամարներուն ներքեւ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդիսապետեց Ոտնլուայի կարգի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ոտնլուայի արարողութեան նախագահեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ վարդապետները կ՚ըսեն. «Քրիստոս եկաւ եւ Խաչի վրայ մեր մեղքերը վերցուց՝ որպէսզի մենք Անոր արդարութեամբ ապրինք. Ան որ կը մեռնէր, փոքր չէր, այլ մարմին առած Աստուած էր»։ Ո՛չ թէ մեղաւորներու մեղքը այնչափ էր, որչափ Անոր արդարութիւնը՝ որ մեզ արդարացուց եւ եկաւ Իր Հոգին դնելու մեզի համար եւ երբ կամեցաւ դարձեալ վերցուց այնտեղէն, այլ Տիրոջ թաղման մասին մարգարէները նախապէս գուշակեցին, նախ այն՝ որ կ՚ըսէ. «Եւ Աստուած իր բոլոր գործերը եօթներորդ օրը լմնցուց եւ եօթներորդ օրը հանգստացաւ իր բոլոր գործերէն». (ԾՆՆԴ. Բ 2)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պէտք է ընդունիլ, որ հարցազրոյցի միւս խօսակիցը՝ Ալիս Մատլէնեան շատ աւելի հաւասարակշռուած ու իրատեսութեամբ հանդէս կու գայ. անոր խօսքերը հեռու են կաղապարուած գաղափարախօսականներէն. Լոս Անճելըս բնակող հայուհին իր հարցազրոյցին մէջ խօսելով իր գաղութին մասին կ՚ըսէ.-
Պատրաստեց եւ արեւմտահայերէնի վերածնեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք, նախ՝ թերթիս սիւնակագիրներէն՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Քահանայ Գալփաքճեանի Աւագ հինգշաբթի օրուան մասին կատարած նկարագրութիւնը, ապա՝ երանելի Յովհաննէս Պլուզ Վարդապետին սիրոյ մասին գրած խրատը, որ իւրաքանչիւր տարի, Աւագ հինգշաբթի օրը, Ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ խորաններէն կ՚ընթերցուի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ադամը՝ առաջին, իսկ երկրորդ Ադամը՝ Յիսուս։ Գրիգոր Տաթեւացի (1346-1409 թթ.), առաջին եւ երկրորդ Ադամի համեմատութիւնը կը ներկայացնէ հետեւեալ տողերով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Դէպի երկիր» երթալու սուտին մասին խօսելէ ետք կը շարունակենք հարցազրոյցը լսել. Տիկ. Սեդա Խալիկեան կը շարունակէ. «Ամէն տեղ չէ, որ մենք հայ դպրոց ունինք: Հայ ծնողը անօթի կը մնայ, բայց կը ձգտի, որքան ալ միջոցներ պէտք ըլլան, իր զաւակը հայ դպրոց ղրկել, որուն բոլոր ծախքն ու պետական տուրքը մենք կը վճարենք»:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ֆութպոլի մրցաշարքը վերջին օրերուն մեծ խանդավառութեան թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Համայնքային 12 վարժարան մասնակցեցաւ այս ծրագրին։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Ս. Զատկի տօնի ընդառաջ կազմակերպուած հանդէսը բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց՝ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ինչքան կեանքը յառաջընթաց եւ զարգացում կ՚արձանագրէ, ինչքան մարդ կը հարստանայ եւ գիտութեան նոր մակարդակներ կը նուաճէ, ինչքան կեանքը դիւրացնելու համար մարդ իրենց համար յարմարութիւն կը ստեղծէ ու կը հնարէ, այդքան մարդը ինքզինք աւելի անօթի եւ անպաշտպան կը զգայ:
