Արխիւ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ա՜խ, այն հին ժամանակները, մեր մանկութիւնն ու վաղ պատանեկութիւնը, այն երանելի ժամանակները, երբ կը ժպտէինք մեր սիրելիներու հետ, որոնք գուցէ հիմա մեզ հետ չեն…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միջազգային վերլուծութիւն. Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւնները կը նմանին կրակին մէջէն ածուխ վերցնելու:
Վլատիմիր Փութինի համար իսկապէս այդքան կարեւո՞ր է բեռնափոխադրումներու կազմակերպումը, թէ իր նպատակն է օգնել Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կը շարունակենք ներկայացնել Եղիա Տէմիրճիպաշեանի գրական վաստակէն հատուածներ:
Պոլսոյ «Հայրենիք»ի 12 յունուար 1892-ի թիւին մէջ «Եկեղեցին ամենուսն է» խորագրով գրութիւն մը ունի, որ այնքան այժմէական է, երբ ներկայ ժամանակներուն յաճախակի կերպով ականատես կը դառնանք, թէ ինչպէս հարուստներ, այլ խօսքով լաւ կամ շա՜տ դրամ ունեցողներ, կը յաւակնին կարծել, թէ եկեղեցին իրենց սեփականութիւնն է, կամ եկեղեցւոյ տէրը իրենք են:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երբ անոնք թագաւորէն այս բանը լսեցին, գացին. եւ ահա այն աստղը որ արեւելքի մէջ սեսեր էին, անոնց առջեւէն գնաց, կեցաւ մանուկին եղած տեղին վրայ։ Երբ տեսան աստղը, շատ ուրախացան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սիրելի երիտասարդ, եթէ չես գիտեր, թէ ի՞նչ պէտք է պահանջել, ապա մեղաւորութիւն պէտք է փնտռես նախկին ու ներկայ բոլոր իշխանութիւններուն մէջ. ինչո՞ւ համար չեն ստեղծեր ժողով մը՝ պատմաբաններու եւ մտաւորականներու, որոնք ազգի մը ամենէն կարեւոր ներկայացուցիչները ըլլալով գլուխ գլխի տալով որոշեն, թէ ի՛նչ կարելի է ընել.
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները անդրադարձան Սուրիոյ իրավիճակին եւ տարածաշրջանի ընդհանուր կացութեան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանին փոխանցուած գրաւոր առաջարկներուն մէջ անդարդարձ կայ հայ գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերուն։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Միայն մէկ անգամ եկած է մեր տուն եւ լաւ տպաւորութիւն ձգած։
Երբ մտաւ, անմիջապէս մօտեցաւ դաշնամուրիս. «Այս գերմանական անթիք դաշնամուր է» ըսաւ, բացաւ եւ սկսաւ նուագել։
«Պախրա» երգը առաջին անգամ իրմէ լսած եմ։ Մատները պարեցին դաշնամուրին վրայ, իսկ ձայնը լեցուց ո՛չ միայն հիւրասենեակն ու տունը, այլ այն ժամանակ, որ օդորակիչները դեռ չկային եւ ամրան շոգին տան բոլոր պատուհանները բաց կ՚ըլլային, ամբողջ թաղը ըմբոշխնեց մեր մով սարերու «Պախրա»ն»։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեանն ու մատակարար մարմնի ատենապետ Ռաֆայէլ Ալիքը, որոնց կ՚ընկերանար սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Արսէն Գովան։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս շրջանին կ՚ապրի արդար հպարտութիւն մը։ Արդարեւ, թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի նոր համալիրը երկինք խոյացած է երկար տարիներու հետեւողական աշխատանքով։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Համացանցին մէջ մեծ դիտումներու արժանացած տեսերիզ մը պզտիկ աղջկայ մը մասին է, որ մանկապարտէզի Սուրբ Ծնունդի տօնակատարութեան հանդէսի մը ընթացքին բեմին վրայ առնելով բարձրախօսը ինքն իր մասին կը խօսի:
Երեւանն ու Թիֆլիզը կը ձգտին առաւելագոյն աջակցութիւն ցուցաբերել իրարու՝ որպէս ռազմավարական գործընկեր:
Իրակլի Քոպախիծէի խօսքով՝ Հայաստան-Վրաստան համագործակցութիւնը կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ու մեծ ջանքերով պէտք է ամրանայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ Կազզէի հարցի յստակ լուծման պատկերացումը կը պակսի:
Տանըլտ Թրամփ այս ամիս Սպիտակ տունէն ներս պիտի տեսակցի Պենիամին Նեթանիյահուի հետ, որու կառավարութեան ապագան անորոշ կը մնայ:
Գիրքէ մը շատ աւելին. Տ. Յովհաննէս Թովմաճանեան, որ կեանքի երեսուն տարիներուն շրջեցաւ Եւրոպայի, Ասիոյ՝ Հնդկաստանի եւ Ափրիկէի՝ Եթովպիոյ մէջ:
Էլիզապէթ Թաճիրեանի եւ Մերուժան Կարապետեանի աշխատասիրութեամբ՝ Երեւան-Լոնտոն-Վենետիկ առանցքին վրայ պատրաստուած կոթողային գործ մը, որ անձնական փորձառութեան մը ինքնուրոյն մատուցմամբ լոյս կը սփռէ 18-րդ դարու հայկական կեանքին եւ ամբողջ յարաբերութիւններու ցանցի մը վրայ: Վաճառականութեան եւ մտաւորականութեան տարուբերումին մէջ ներկայացուած անգնահատելի յիշողութիւն մը, որու ծալքերը կ՚առընչուին թագաւորներու, հոգեւորականներու եւ ազդեցիկ անձերու հետ՝ մեծ քարտէսի մը հետքերով:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Ստիպուած էի եօթ տարեկան տղաս առնել եւ Ֆրանսա մեկնիլ դպրոցական տարւոյն կէսին, որովհետեւ Մարսէյլ ծնած ըլլալուն եւ Երուսաղէմ ապրելուն համար կարգ մը հարցեր յառաջացած էին, ուրեմն պաշտօնական թուղթերու պատճառով մեկնեցանք եւ գիտէինք, որ կրնանք երկար մնալ այնտեղ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Փորձենք թարգմանել գրեթէ բոլորի ծանօթ այն զգացումը, որով մարդիկ յառաջընթաց կ՚արձանագրեն յարաբերութիւններու մէջ։ Բացատրելու փոխարէն սխալ հասկցուիլը յանձնուելու լաւագոյն ձեւն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզնար, չի հպարտանար… միայն ինքզինք չի մտածեր…». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 4-5)։
Եսասիրութիւնը եւ նախանձը կարծես անասնական բնազդում մըն է, ամէն անհատ աշխարհի վրայ առաջին անգամ ինքզինք կը սիրէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայաստանի մերօրեայ ղեկավարութիւնը իր որոշումները քիչ մը շուկայական հասարակութեամբ կը կայացնէ. նախքան որոշում մը կամ օրէնք մը հրապարակելը շա՜տ աննշան ակնարկ մը կ՚ընէ անոր շուրջ, ստուգելու եւ տեսնելու ժողովուրդին հակադարձութիւնը, անոր ազդեցութեան լոյսին տակ որոշելու հրապարակել նման յայտարարութիւն, թէ ոչ:
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի գլխաւորութեամբ աշխատանքները անընդհատ կը շարունակուին՝ մասնաւորապէս կազմակերպչական եւ կառոյցներու ամրապնդման ուղղութեամբ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից քահանաներու հերթական խումբը։