Արխիւ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2021

Կեանքէն հեռացած է Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Դերենիկ Մարտիրոսեան։ Մահացած է Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Դերենիկ Մարտիրոսեան, որ եղած է Երեւանի «Յովհաննէս Թումանեան» պետական տիկնիկային թատրոնի յառաջատար դերասան, բեմադրիչ, հեղինակ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2021

Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը այս շրջանին ձեռնամուխ եղած է ծրագրի մը, որով մէկտեղուեցան ընկերային զօրակցութեան կարօտ ընտանիքներ եւ բարերարներ։ «Պէշիկթաշի կարիքներու քարտէսի ընկերային աջակցութեան կառավարման դրութիւն» կոչուած այս ծրագրի ծանօթացումը երէկ տեղի ունեցաւ «Մուսթաֆա Քեմալ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ կազմակերպուած մասնաւոր հաւաքոյթով մը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2021

Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան ցաւակցական մը հրապարակած է Մխիթարեան միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի վախճանման կապակցութեամբ։ Ան այս ցաւակցականը ուղարկած է Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանին, որ Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակն է։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2021

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Համանախագահները գոհունակութեամբ մատնանշեցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի ամրապնդումը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2021

Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրի յայտարարեց, որ իր երկիրը կողմնակից է Թուրքիոյ հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու։ Ըստ իրեն, սա պէտք է ըլլայ ի նպաստ երկու կողմերու երկխօսութեամբ եւ միջազգային իրաւունքի կանոններուն համապատասխան ձեւով։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2021

Դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի կողմէ հաւաստիացումներ. «Հայ գերիներու վերադարձի հարցը Ռուսաստանի առաջնահերթութիւններու շարքին է»:
Ըստ Կրիկորի Քարասինի՝ շատ բան կախում ունի այն հանգամանքէն, թէ որքան արագ կարելի կ՚ըլլայ վստահութիւն հաստատել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2021

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տուչութեան հանդիսաւոր արարողութիւն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վեց միաբան աստիճան ստացաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ եւ օրհնութեամբ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2021

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չեմ յիշեր ո՛չ տարին եւ ո՛չ ալ ամիսը: Միայն այն գիտեմ, որ տակաւին նախակրթարանի աշակերտ էի, երբ կիրակի առաւօտ մը, ողորմած մայրս մեզ կանուխէն արթնցուց, ո՛չ թէ եկեղեցի, այլ՝ «Կար տը Պաղտատ» կոչուած քաղաքի շոգեկառքի մեծ եւ նշանաւոր կայարանը երթալու համար:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Որովհետեւ կեանքս կու տամ՝ վերստին առնելու համար զայն» (Յհ 10.17):
Մեկնութիւն.
չորս բան կը ցուցնէ. նախ՝ Իր աստուածային զօրութիւնը, ըստ այնմ. «Ես կը մեռցնեմ ու Ես՝ կ՚ապրեցնեմ» (Բ. Օր 32.39):

Երեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2021

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ինչպէս մեր նախորդ էջերով տեղեկացուցած էինք, Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ գործարկուած է սփիւռքահայ մասնագէտներու ներգրաւման ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս Հայաստանի կառավարութիւնը աշխատանքի համար կը հրաւիրէ սփիւռքահայ վկայեալ ու փորձառու մասնագէտներ եւ զանոնք կը ներգրաւէ պետական համակարգէն ներս:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2021

Ամբողջ աշխարհի եւ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակին դէմ յամառ պայքարը կը շարունակուի։ Հարցը մէկ կողմէ ունի ընդհանրական բնոյթ, իսկ միւս կողմէ տեղական ամէն տեսակ առանձնայատկութիւն կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ փորձառութեան վերածելու համար ընդհանուր մեծ պայքարի յաջողութեան ճանապարհին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2021

Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ Ազգային գրադարանային շաբաթը։ Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս այս առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հաւաքոյթ մը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2021

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Միանգամայն ըսեմ, որ ընդհանուր առմամբ, կը յարգեմ հարուստ մարդիկը։ Չեմ կարծեր, թէ աղքատութիւնը պատուաբեր է, իսկ հարուստ ըլլալը ամօթ է։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2021

Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը վերջերս հրապարակեց՝ աշխարհի վրայ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ 2020-2021 շրջանի զեկոյցը, որու մէջ մասնաւոր բաժին մը յատկացուած է Հայաստանին։ Զեկոյցի Հայաստանին յատկացուած բաժնին մէջ տեղ տրուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 12, 2021

Ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է լուսանկարիչ Նիքոլաս Մանկինաս։ Ան 68 տարեկան էր եւ իր կորուստը մեծ ցաւ ստեղծած է։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 12, 2021

Հայկական դիւանագիտութեան երէց անդամներէն դեսպան Արման Նաւասարդեան երէկ 82 տարեկան հասակին մահացաւ Երեւանի մէջ։ Միջոցէ մը ի վեր ան արդէն դարմանման տակ կը գտնուէր տեղւոյն «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիւանդանոցին մէջ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 12, 2021

Թուրքիա-Ուքրայնա Բարձր մակարդակով ռազմավարական խորհուրդի 9-րդ ժողովը՝ Իսթանպուլի մէջ:
Էրտողան եւ Զելենսքի բանակցութիւններ վարեցին, երբ Քիեւ-Մոսկուա առանցքին վրայ լարուածութիւն կ՚ապրուի:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 12, 2021

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Մխիթարեան միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան երէկ ի Տէր հանգած է Փարիզի մէջ։ Հայաստանի տեղւոյն դեսպանութիւնը եւ ֆրանսահայ զանազան կազմակերպութիւններ բօթը կայծակնային արագութեամբ տարածեցին ընկերային ցանցերու միջոցաւ, ինչ որ մեծ ցաւ յառաջացուց հայաշխարհէ ներս։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 12, 2021

Պէյքոզի նորաստեղծ Ապակիի եւ բիւրեղի թանգարանը այսօր կը բացուի հետաքրքիրներու այցելութեան:
Օսմանեան շրջանի հայազգի եպարգոսներէն Աբրահամ փաշայի պուրակէն ներս պատմութեան վերակենդանացում:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 12, 2021

Պատմաբան ու գրող Ֆըրաթ Կիւլլիւ վերջերս հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Adı Olmayan Adam»։ «Տելիտոլու» հրատարակչութենէն լոյս տեսած է այս վէպը, որու կարգախօսն է՝ «Tarih Sahnesinin Oyunbozanları»։

Էջեր