Արխիւ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի եւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Այվազեան եւ Լաւրով անդրադարձան երկկողմանի օրակարգի շարք մը հարցերուն։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան տարեմուտի առթիւ հանդէս եկաւ պատգամով մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Մոսկուա կ՚ամրապնդուի տարածքաշրջանէ մը ներս, ուրկէ ժամանակին կը փորձէին զինքը դուրս մղել:
Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Կովկասի միջեւ բոլոր տեսակի իրավիճակներու կանխատեսման համար մեծ առաւելութիւն:
2021 թուականի սկիզբի դրութեամբ կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի ունեցան բնական կազի փոխադրութեան բնագաւառէն ներս։ Երէկ, Անդրադրիական (TAP) կազամուղ խողովակաշարի օգտագործումը սկսաւ պաշտօնապէս։ Այս խողովակաշարով Ատրպէյճանի բնական կազը կը փոխադրուի դէպի Եւրոպա։
Ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս տարի եւս Պատրիարքական Աթոռը հրատարակեց 2021-ի «Եկեղեցական օրացոյց»ը։
«Եկեղեցական օրացոյց»ը կը պարունակէ եկեղեցական մեր բոլոր տօները, շարականները, սուրբգրական ընթերցումներու համարները, եկեղեցիներու ուխտի օրերը եւ այլն։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2021 թուականի տարեմուտին առթիւ հրապարակեց պատգամ մը։ Ստորեւ կը հրատարակենք Կիլիկեան Աթոռի գահակալի Ամանորի պատգամը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տարեմուտի առթիւ Սուրբ Պատարագ եւ Հայրապետական մաղթանք:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ սրբազաններու ուղեկցութեամբ:
ՆՇԱՆ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ
Սիրելի հարազատներ,
Նկատած եմ, որ մարդիկ եւ իրավիճակներ ինչքա՜ն իրարմէ կախեալ են եւ այդ փոքրիկ բառը՝ «ԱՌԱՆՑ»ը, որքան կարեւորութիւն ունի, երբ մարդ սկսի խորհրդածել կեանքի սա կամ նա հանգամանքին կամ երեւոյթին մասին:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Խնդրե՛մ, ըսէ՛ք, ի՞նչ պիտի ըլլար ձեր պատասխանը, երբ օր մը ձեր սենեակէն ներս, գրասեղանիդ վրայի համակարգիչին դիմաց նստած, մտածկոտ ու խոհերու մէջ թաղուած, յանկարծ տասը տարեկան ձեր թոռնուհին սենեակ մտնէր, առանց բարեւելու, մօտենար ձեզի եւ բարկացող եւ սակայն անմեղօրէն հարց տար.-
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը 2021 թուականի սկիզբին առթիւ պատգամ մը փոխանցեց իր աշխարհացրիւ հօտին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետի Ամանորի պատգամը։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այս տարեմուտը եւս բնորոշուեցաւ աւանդական նռնօրհնէքով։ Պատրիարքական Աթոռի օրհնութեան ներքեւ մեր համայնքը դիմաւորեց 2021 թուականը եւ այժմ բոլորը կը սպասեն զիրար ողջունելու Ս. Ծննդեան տօնական աւետիսով։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Կեանքէն տարեթիւ մըն ալ գլորեցաւ, անցաւ...
Լաւը, վատը մէկդի՝ պարտ ենք տարուան հրաժեշտ տալ եւ հրաժեշտի պահուն խոկում մըն ալ նուիրել ակնթարթներուն, անցեալ դարձած ցաւերուն, որոնք իրենց խորութեամբ անբաժան են մեզմէ, բայց պէտք չէ խախտել արարողակարգը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Յորժամ գաս փառօք, յահագին աւուրն. յիշեա զիս Քրիստոս։ Նորոգող հնութեանց. նորոգեա եւ զիս, նորոգ զարդարեա»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Յորժամ գաս փառօք, յահագին աւուրն. յիշեա զիս Քրիստոս։ Նորոգող հնութեանց. նորոգեա եւ զիս, նորոգ զարդարեա»։
Տարեմուտի առթիւ, Սուրբ Ծննդեան տօնին ընդառաջ, երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կատարեց շարք մը հայրապետական այցելութիւններ։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը Կոտայքի թեմէն ներս այցելեց Ծաղկաձորի ճամբարը, ուր ապաստանած են Արցախէն ընտանիքներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կաղանդի եւ Ս. Ծնունդի կոչնակները անգամ մը եւս պիտի հնչեցնեն իրենց լա՜յն ղօղանջը եւ անգամ մըն ալ ամէն մարդ մտապէս պիտի վերադառնայ այն բաներուն, որոնք իր ետին կը մնան եւ որոնք վաղուան ստուերին տակ «անցեալ» մը պիտի նկատուին շուտով։
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Կ՚աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան…
Կ՚աղօթեմ, Տէ՜ր, որ սէրերը չմահանան…
Կաթիլներու ջուրին նման
ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
«Ինչ կախարդական բան է այս հայրենիք ըսուածը, այս Հայաստանը: Մենք կորցնում ենք նրա հետ վարուելու կերպը, նրան բոլորանուէր սիրելու եղանակը:
ԱՌԷՆ ՔԵՐԹԵՇԵԱՆ
Արցախեան հակամարտութեան կողմերը 44 օրեայ ռազմական, դիւանագիտական եւ տեղեկատուական բուռն մարտեր մղեցին երկրորդ պատերազմի ընթացքին։ Մինչ գետնի վրայ կ՚ընթանային կատաղի բախումներ եւ քուլիսներու ետին տարբեր մակարդակներու վրայ բանակցութիւններ, հակամարտ կողմերու պետական քարոզչամեքենաներն ու լրատուական միջոցները արտակարգ դրութեամբ օրն ի բուն կ՚աշխատէին՝ ռազմաճակատէն եւ բանակցութիւններու սեղաններէն լուրեր հաղորդելու համար։
Պատգամ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի: