Արխիւ

Հինգշաբթի, Մարտ 14, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ա­մէն զգու­շու­թեամբ քու սիրտդ պա­հէ, քան­զի կեան­քի աղ­բիւր­նե­րը ան­կէ են» (Ա­ՌԱԿ. Դ 23)։
­Սուրբ Գիր­քի զա­նա­զան հա­տուած­ներ կը ներ­կա­յաց­նեն սիր­տը որ­պէս «ա­կունք»՝ ուր­կէ կեան­քի աղ­բիւր­ներ կը հո­սին։ Ար­դա­րեւ, կեան­քի ել­քը սրտէ՛ն է։

Հինգշաբթի, Մարտ 14, 2019

Այս կիրակի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր յուղարկաւորութեան առթիւ պիտի պատարագէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան: Վերջին օծումը պիտի կատարէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան: Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի պատգամը պիտի ընթերցէ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը պիտի ներկայացնեն Լիբանանի թեմակալ առաջնորդ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Տ. Խորէն Եպսկ. Աշքարեան:
Աղօթք, խունկ, ծաղիկ, մոմ, երկիւղ:
Թրքահայ հաւատացեալ ժողովուրդը այսօր եւ վաղը Գումգաբուի մէջ խոնարհում կը բերէ իր նորոգ վախճանեալ Հոգեւոր Պետի դագաղին առջեւ: Կարգադիր յանձնախումբը կ՚աշխատի թափով:

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2019

Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Մտերմիկ մթնոլոտի մը մէջ տեղի ունեցաւ զրոյցը, որ տեւեց բաւական երկար։

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2019

Ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութիւններու երկարամեայ հիմնախնդրին մէջ նոր փուլ մը, որ կու գայ բնորոշուիլ միջանկեալ կարգադրութեան տպաւորութեամբ, սակայն հեռու կը մնայ հիմնական լուծման համատարած ակնկալութիւնները գոհացնելէ:
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Տքթ. Ատնան Էրթէմի ստորագրութեամբ հրապարակուեցաւ շրջաբերական մը, որով մինչեւ ընտրական նոր կանոնադրութեան հաստատումը կը նախատեսուի նշանակովի դրութեամբ համալրել համայնքային մարմիններու վարչական կազմերը։
31 մարտի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն վերջ գործադրութեան մէջ պիտի մտնէ նոր տնօրինութիւնը, որու բուն նպատակն է նուազագոյն վարչայինի թիւէն զրկուած վաքըֆներու պարագային պաշտօնի կոչել անձեր, որոնք ժողովուրդի կողմէ ընտրուած պիտի չըլլան, սակայն պիտի ունենան պաշտօնական վաւերացում: VADİP քննարկեց վիճակը։

 

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2019

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ բարձրաստիճան հիւրը դիմաւորուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեանի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հեռաձայնը հնչեց.
-Ողջոյն մայրիկ, հինգ վայրկեանէն տուն պիտի հասնիմ, կը հաճիս սեղանը պատրաստել, շատ անօթի եմ։
-Ողջոյն տղաս, սիրով, քեզի կը սպասեմ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2019

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով ժողովը։
Նստաշրջանի առաջին նիստը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով։

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2019

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով ժողովի սկիզբին առ Աստուած աղօթք վերառաքուեցաւ նորոգ վախճանեալ Տ­. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի հոգւոյ հանգստութեան համար:
Մեծ Պահոց նուիրական օրերուն թրքահայութիւնը որդիական երախտագիտութեամբ խորաթափանց կ՚անդրադառնայ հոգելոյս պատրիարք հօր ծաւալած բազմակողմանի աշխատանքի նշանակութեան ու կը վերարժեւորէ իր առաքելութեան պտուղները պոլսոյ Աթոռի արդի պատմութեան ամբողջին մէջ: Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ օրուան տեւողութեան շարունակեցին Գումգաբուի մէջ ընդունիլ ցաւակցական այցելութիւնները: Այսօր յետմիջօրէին Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի կ՚ունենայ Կրօնական ժողովի նիստ, որուն կը յաջորդէ յուղարկաւորութեան կարգադիր յանձնախումբի խորհրդակցութիւնը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Եթէ մարմինին մէկ անդամը ցաւի՝ բոլոր անդամներն ալ միասին կը ցաւին, իսկ եթէ մէկ անդամը պատուըուի՝ բոլոր անդամներն ալ միասին կ՚ուրախանան» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 26)։
Եւ ահաւասիկ պա՛հն է ցաւի եւ վիշտի, քանի որ մարմնին ո՛չ թէ մէկ անդամը, այլ կենսականը, էականը՝ գլո՛ւխը հրաժեշտ կ՚առնէ մեզմէ, դէպի իր Երկնաւոր Հօր մեկնելու համար։

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Ամառնային Պոլսոյ ժխորին մէջէն պիտ՚ փութայի քարափ։ Ծովու յոյսով համակուած՝ աղմուկը, ծուխը, զբօսաշրջիկներու գունդերը քիչ-քիչ պիտի սկսէի չնկատել։

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2019

ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաք այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այս առաւօտ հիւրընկալեց իր պաշտօնակիցը։

Երեքշաբթի, Մարտ 12, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային կեանքի մէջ որքան բնական է որ պատահին դժուարութիւններ, նեղութիւններ, նո՛յնքան բնական է ձախողութիւններ, անյաջողութիւններ, որոնք կ՚ենթադրեն պարտութիւն՝ կեանքի պայքարին մէջ։
Արդարեւ, ձախողութեան յառաջ բերած փորձանքները սովորական եւ բնական կը թուին, ձախողութեան հետեւանք կը նկատուին ընդհանրապէս։

Երեքշաբթի, Մարտ 12, 2019

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Եթէ իմ երկար ասպարէզային կեանքին մէջ ներառուած են շատ ճամբորդութիւններ եւ այս մեկնելով իմ աշխատանքային գործի պարտադրանքներէն, բայց այդ մէկը նաեւ լաւ առիթ եղած է ծանօթանալու հայկական գաղութներու եւ անոնց առաջնորդներուն։ Եւ այս իմաստով՝ իմ յաճախակի Պոլիս այցելութիւնները նաեւ պիտի ընդգրկէր իմ ծանօթացումը եւ անոր հետ շարունակուած հաղորդակցութիւնը Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի հետ։

Երեքշաբթի, Մարտ 12, 2019

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Որքա՜ն դժուար է բարեկամի մը մարմնաւոր ներկայութենէն հեռանալ յաւիտենապէս, եթէ վարժուած էք զինք տեսնելու։ Որքա՜ն ցաւալի է բարեկամի մը կենդանի ձայնէն զրկուիլ, եթէ իր իւրաքանչիւր նախադասութիւնը նոր պատգամ մը կը պարունակէ։

Երեքշաբթի, Մարտ 12, 2019

Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայա եւ գլխաւոր քաղաքապետ Մեւլիւտ Ույսալ ցաւակցական այցելութիւն մը տուին Գումգաբու։ Երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի միջեւ։ Շաբաթավերջի յուղարկաւորութեան ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պիտի ներկայացնեն՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան եւ դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։ Մելքոն Քարաքէօսէի կողմէ գլխաւորուած կարգադիր յանձնախումբը գործի ձեռնարկած է՝ շարժման անցընելով մանաւանդ համայնքի երիտասարդ տարրերը։ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Զեքիեան Գերապայծառ եւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու եւս յայտնեցին իրենց վշտակցութիւնն ու բարոյական զօրակցութիւնը։ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ ալ այցելեցին Պատրիարքարան։ Այս առաւօտ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ VADİP գումարեց արտահերթ ժողով մը։
Թրքահայութիւնը զօրակոչի ենթարկուած է կազմակերպչական բոլոր աշխատանքները անթերիօրէն ի կատար ածելու եւ իր վախճանեալ Հոգեւոր պետին պատշաճ շուքով հրաժեշտ տալու համար։ Մեսրոպ Պատրիարքի նկատմամբ հաւատացեալ ժողովուրդը վերջին յարգանքը պիտի կարողանայ մատուցել հինգշաբթի եւ ուրբաթ, Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ Սրբազան կամարներուն ներքեւ։ Մեր ժողովուրդը բարձր կը գնահատէ Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ գահակալին կողմէ բերուած նպաստը եւ ներդրուած եռանդը՝ պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի կենսունակութեան ուղղութեամբ։

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2019

ՆՈՐԻՆ ԱՄԵՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
ՏԷՐ ՄԵՍՐՈՊ Ս. ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ
ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Հայրն մեր հոգեւոր եւ գլուխն Առաքելական Եկեղեցւոյս մերոյ, որ ի Թուրքիա

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2019

Կրօնական Ժողովը 9 Մարտ 2019, Շաբաթ, ժամը 23.00-ին գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի։

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2019

1. Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ Երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Բ. Շնորհազարդ Պատրիարք Հօր վախճանման առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյս սահմաններէն ներս, ազգային-եկեղեցական սուգ կը հրահանգուի մինչեւ Ս. Զատկի Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը։

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2019

Ուղղափառ եկեղեցւոյ ծայրագոյն պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. երէկ յետմիջօրէին ցաւակցական այցելութեան մը փութաց Գումգաբու։ Պատրիարքարանի մուտքին ան դիմաւորուեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2019

Հայաստանի պետական աւագանին շաբաթավերջին ցաւակցականներ հրապարակեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վախճանման կապակցութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատգամներով հանդէս եկան՝ արտայայտելով իրենց ցաւը։

Էջեր