Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2019

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան համար պետութենէն պաշտօնապէս պահանջուեցաւ կանոնադրութիւն: Դիմումը երէկ ուղարկուեցաւ Իսթանպուլի կուսակալութեան՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի ստորագրութեամբ:
Ժամկէտներ առաջարկուած են գործընթացը մինչեւ տարեվերջ տրամաբանական աւարտին հասցնելու համար: Համայնքը այս օրերուն կը լուսաբանուի զեկոյցով մը:

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Հալէպի մէջ երէկ պատահեցաւ ցաւալի դէպք մը։ Սուրիահայ 17-ամեայ երիտասարդ մը զոհ գնաց կրակոցին։ «Արեւելք» կայքէջի հաղորդումներով, Շանթ Քէօշկէրեան սպաննուած է Հալէպի Մարթինի փողոցին մէջ։ Դէպքի մանրամասնութիւնները տակաւին յստակ չեն վերջնականօրէն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Մեծ կղզիի յունաց պատմական որբանոցի վերականգնման համար կը նախատեսուի շուրջ հինգ տարի եւ առնուզան 40 միլիոն եւրօ ներդրում:
Եւրոպական պատկան մարմինները տեղեկագիր մը հրապարակեցին՝ մասնագէտներու կողմէ տեղւոյն վրայ կատարուած քննարկումներու լոյսին տակ: Եւրոպայի ամենամեծ փայտաշէն կառոյցի փրկութեան առաջադրութեամբ մշակուած ծրագրի հիմնական նպատակն է տարածքը վերաշահիլ եւ շէնքերը դարձնել անվտանգ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ երեկոյեան իր երկրորդ նիստը գումարեց Գումգաբուի մէջ. շուրջ 4 ժամ:
Պատրիարքարանէն հերթական նամակը կ՚ուղարկուի պատկան իշխանութիւններու՝ Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պօղոս առաքեալ անզուգական պատկերը կու տայ սիրոյն երբ կ՚ըսէ. «Սէրը երկայնամիտ է, սէրը ծառայասէր է, ան չի նախանձիր, չի պարծենար, գոռոզաբար չի հպարտանար, տգեղ գործ չ՚ըներ, չի փնտռեր իր շահը, չի բարկանար, անոխակալ է, չի հրճուիր անիրաւութեամբ, այլ կը խայտայ ճշմարտութեան մէջ։ Ան կ՚արդարացնէ ամէն բան, կը հաւատայ ամէն բանի, կը համբերէ ամէն բանի» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 4-7)։

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Գրաբարէ թարգմանեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Եւ այն, թէ Միածինը Գառնուկ կը կոչէ, ասիկա տասը պատճառով.
Նախ՝ որովհետեւ գառնուկը մաքուր կենդանի է, նմանապէս մեր Տէրը Իր էութեամբ մաքուր էր, որովհետեւ մարմինով Աստուած է:

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգ մասերէ բաղկացած «Չեռնոպիլ» շարժանկարը կը շարունակէ ցնցել հեռատեսիլն ու համացանցը: Ընդամէնը վերջերս համաշխարհային առաջնախաղ ունեցող այս դիպաշարը իր դիտումներուն քանակով գերազանցած է «Գահերու խաղը», ամերիկեան հատուածային շարժանկարի դիտումներուն ցուցանիշները:

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին Գումգաբու, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Թաղականներուն հետ էր նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց՝ զանազան ժամանակաշրջաններով Հայաստանի պաշտպանութեան համար ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով հաշմանդամ դարձած վեց զինուորներ, որոնք յառաջիկայ շրջանին դարմանման համար պիտի մեկնին Հնդկաստան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Կալկաթայի Ս. Նազարէթ եկեղեցւոյ վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու աջակցութեամբ զինուորները պիտի ստանան անհրաժեշտ բուժում եւ վերջոյթներու փրոթեզ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Հայկական արտադրութեան պահածոները աւելի քան տասն օրէ ի վեր վաճառքի համար ներկայացուած են Ամերիկայի Իլինոյի նահանգի Շիքակօ քաղաքի խոշոր ցանցային ընկերութիւններէն մէկուն՝ «FRESH FARMS»ի մէջ: Առաջին օրերու շրջանառութիւնը ցոյց տուած է, որ արտադրանքի նկատմամբ հետաքրքրութիւն կայ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Նազար Հանչէր մեզի կը տեղեկացնէ.-
Հայաստանի մարմնամարզի ազգային հաւաքականը պարապումներու համար շաբաթավերջէն ի վեր կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ Եւրոխորհուրդի Իսթանպուլի պայմանագրին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ԵԽ-ի այդ պայմանագիրը կը վերաբերի կանանց դէմ կամ ընտանիքէ ներս բռնութեան կանխարգիլման եւ համապատասխան պայքարին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

Մինչեւ 19 տարեկաններու Ֆութպոլի Եւրոպայի առաջնութիւնը, որ կազմակերպուեցաւ Հայաստանի մէջ, շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին։ Մարզական աշխարհէ ներս լայն արձագանգ ստեղծեց Հայաստանի հիւրընկալած այս մրցաշարքը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Յովհաննէս Թումանեանի հէքեաթները» գերմաներէն գիրքին շնորհանդէսը: Հէքեաթներու թարգմանութիւնը կատարած են Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ, գերմանաբնակ հեղինակ, թարգմանիչ Ագապի Մկրտիչեան եւ Փրոֆ. Հելմութ Մալոնեք:

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը։ Դէպքը պատահեցաւ Հայաստանի սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

Երէկ, Երեւանի արուարձաններէն Քանաքեռի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ։ Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ տեղի ունեցած արարողութիւններուն նախագահեց Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ համերգ մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Այսպէս, կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ «Ychorus» համերգը, որու ընթացքին բեմ առաւ նաեւ «Prochne» խումբը։ Երեկոյթին նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

Շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան ի նպաստ ընթրիք մը։ Ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի կողմէ գլխաւորուած միութեան նորընտիր վարչութեան պաշտօնի գլուխ գալէն վերջ կազմակերպուած հիմնական ձեռնարկն էր այս մէկը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի «Մխիթար Սեբաստացի» կրթական համալիրէն 13 աշակերտներ, որոնց կ՚ընկերանային նաեւ իրենց ուսուցիչները։ Նորին սրբազնութեան կողքին էր Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն Գարեգին Պարսամեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։ Տաղաւարը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Կրօնական արարողութիւններուն առընթեր, մասնաւորապէս երիտասարդները վերակենդանացուցին զիրար թրջելու, իրարու վրայ ջուր սրսկելու աւանդութիւնը։

Էջեր